Գաղութային

Բագրատունի. «Երբ Հիմնահարցեր Կան, Բնական Է,  Որ Եկեղեցին Անոնց Մասին Խօսի»

Բագրատունի. «Երբ Հիմնահարցեր Կան, Բնական Է, Որ Եկեղեցին Անոնց Մասին Խօսի»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի հայրենի «Ալֆա Նիուզ» լրատուական ցանցին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով հարցումի մը նշեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ վերջին երկու օրերուն արձանագրուած զարգացումները հայերով բնակուած շրջաններէն հեռու են, համայնքը այս հարցին մէջ չէ տուժած, սակայն Լիբանանի ապագային եւ կացութեան առումով հեռանկարային անյստակութիւններ կան, եւ այն, ինչ որ կը պատահի Լիբանանին, բնականաբար...

Յարութ, Յասմիկ Եւ Հուրի Սողոմոնեաններ  1.300.000 Ամերիկեան Տոլար Կը Նուիրեն  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Յարութ, Յասմիկ Եւ Հուրի Սողոմոնեաններ 1.300.000 Ամերիկեան Տոլար Կը Նուիրեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Խոր գոհունակութեամբ կը յայտնենք, թէ Յարութ, Յասմիկ եւ Հուրի Սողոմոնեաններ, ի յիշատակ իրենց եղբօր` ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանի, 1.300.000 (մէկ միլիոն երեք հարիւր հազար) ամերիկեան տոլար նուիրեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Վերոնշեալ գումարին մէկ միլիոն տոլարը անցեալ տարի փոխանցուեցաւ կաթողիկոսարան` յարգելով հանգուցեալ Հրայրի կտակը, իսկ երեք հարիւր հազար տոլարը` վերջերս, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան...

Բագրատունի. «Չենք Մոռցած Ու Չենք Կրնար Մոռնալ  Ցեղասպանութիւնը, Նոյնիսկ Եթէ Հայաստանի Պետութիւնը  Վաղը Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութիւն Կնքէ»

Բագրատունի. «Չենք Մոռցած Ու Չենք Կրնար Մոռնալ Ցեղասպանութիւնը, Նոյնիսկ Եթէ Հայաստանի Պետութիւնը Վաղը Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութիւն Կնքէ»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանի «Սիասա Եոմ» յայտագիրի խօսնակ Ռանտա Մանսուրի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումներուն, ըսաւ. «Անկասկած, եթէ Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը պիտի նկարագրենք, նուազագոյնը, որ կրնանք ըսել, այն է, թէ բոլորս մտահոգ ենք, եւ վտանգներ կան: Պատերազմի ուրուականը...

ՀԵՀՈՄ-ի 60-Ամեակի Նշում Եւ Անոր Ձօնուած Յուշամատեանին Շնորհահանդէս

ՀԵՀՈՄ-ի 60-Ամեակի Նշում Եւ Անոր Ձօնուած Յուշամատեանին Շնորհահանդէս

Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) մեծ ընտանիքը նշեց իր հիմնադրութեան 60-ամեակը` այս առիթով հրատարակուած յուշամատեանի շնորհահանդէսով, շաբաթ, 10 յունուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կալի Աւագեան: Ան ըսաւ, որ երեկոն նշումէ անդին` վկայութիւն է, որ Արամ Ա.ի բառերով` «Եկեղեցին երիտասարդ է այնքան ատեն, որ երիտասարդ...

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին.  Լիբանանի Ազգային Վարժարաններուն Ի Նպաստ Հանգանակուեցաւ 350.400 Ամերիկեան Տոլար

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին. Լիբանանի Ազգային Վարժարաններուն Ի Նպաստ Հանգանակուեցաւ 350.400 Ամերիկեան Տոլար

Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին եւ Ազգային վարչութեան, ուրբաթ, 16 յունուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Լը Կրէյ» պանդոկի «Լը կրան սալոն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք` ի նպաստ լիբանանահայ ազգային վարժարաններուն: Ներկայ էին` պետական երեսփոխաններ, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ, քաղաքապետներ, ազգային երեսփոխաններ, կառոյցներու եւ միութիւններու...

Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Առիթով Ս. Պատարագ

Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Առիթով Ս. Պատարագ

Կիրակի, 18 յունուար 2026-ին Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով առաւօտեան ժամը 9:30-ին Հայաշէնի մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, ապա թափօրը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց Ս. պատարագ: Իր քարոզի սկզբնաւորութեան սրբազան հայրը եկեղեցւոյ տօնին առիթով ողջունեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ ծխային համայնքը, նաեւ` յարակից մարմիններն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հզպալլայի Ներկայացուցիչները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հզպալլայի Ներկայացուցիչները

Երեքշաբթի, 20 յունուար 2026-ին, Հըզպալլան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին պետական երեսփոխաններ եւ կուսակցութեան քաղաքական դիւանի անդամներ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Լիբանանի ներքին կացութեան` իր քաղաքական ու տնտեսական երեսներով, եւ յատկապէս երկրի հարաւային...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Այցելութիւնը  Հայաստանի Նոր Նշանակուած Դեսպանին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Այցելութիւնը Հայաստանի Նոր Նշանակուած Դեսպանին

Երեքշաբթի, 20 յունուար 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր նշանակուած դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանը` ընտանիքին ընկերակցութեամբ: Նոր նշանակուած դեսպանին առաջին այցելութիւնը ըլլալով` վեհափառ հայրապետը ընդհանուր կերպով խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ներկայ կացութեան ու հայ համայնքին մասին: Նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան: Աւարտին, վեհափառ հայրապետը յաջողութիւն մաղթեց նոր նշանակուած դեսպանին` անոր ստանձնած...

Նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին  Եւ Քրիստոնեայ Համայնքներու Հոգեւոր Պետերուն.  Բացումը Կատարուեցաւ Քրիստոնէական  Միութեան Աղօթքի Շաբթուան

Նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Քրիստոնեայ Համայնքներու Հոգեւոր Պետերուն. Բացումը Կատարուեցաւ Քրիստոնէական Միութեան Աղօթքի Շաբթուան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքները համախմբուեցան` մասնակցելու Քրիստոնէական միութեան Աղօթքի շաբթուան պաշտօնական բացումի հանդիսաւոր արարողութեան, կիրակի, 18 յունուար 2026-ին: Արարողութեան նախագահեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Պշարա Պութրոս Ռայի, Իգնատիոս Աֆրամ Բ. եւ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան պատրիարքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ Փաուլօ արքեպիսկոպոս Պորճիա: Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին...

Հաղորդագրութիւն.  Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Աշակերտները Արժանացան Բարձր Մրցանակներու

Հաղորդագրութիւն. Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Աշակերտները Արժանացան Բարձր Մրցանակներու

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտները մասնակցեցան Անթոնիօ Վիվալտիի անուան միջազգային առցանց մրցումին (Vivaldi International Music Competition) եւ արժանացան հետեւեալ պատուաբեր դիրքերուն. Նարին Խտըրեան (14-17 տարիքային խումբ) - Արամ Խաչատրեանի «Օրօր»-ը եւ Շնիտկէի «Պոլկա» - Բացարձակ առաջին մրցանակ Վանայ Թորոսեան (11-13 տարիքային խումբ) - Պախի «Պարտիտա» թիւ 2, ռե մինոր, Ալեմանդա, եւ Մազասի «Կապրիս» թիւ 30...

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կազմը

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կազմը

Արամ Ա․ վեհափառ հայրապետը այսօր՝ 17 յունուարի առաւօտուն ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմը՝ գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի։ Ա. Պալապանեան կաթողիկոսին փոխանցեց զեկուցում, յատկապէս լիբանանահայութեան վերաբերող հիմնական խնդիրներուն ընդառաջ մշակուած ծրագիրներուն եւ կատարուած աշխատանքներուն մասին։ Վեհափառը գնահատեց տարուող աշխատաքները եւ շեշտեց յատկապէս երկրի դիմագրաւած ճգնաժամային ներկայ պայմաններուն մէջ համախմբուած աշխատելու եւ լիբանանահայ բոլոր կառոյցներուն միջեւ համագործակցութիւնը ընդլայնելու հրամայականը։...

Ժան Մոմճեան` Մեթնի  Թաղապետներու Լիկայի Հաշուապահ

Ժան Մոմճեան` Մեթնի Թաղապետներու Լիկայի Հաշուապահ

Ուրբաթ, 9 յունուար 2026-ին յայտարարուեցաւ Մեթնի թաղապետներու լիկայի համաձայնական կազմը: Համաձայնութիւնը գոյացաւ Մեթնի մէջ գործող տարբեր քաղաքական ուժերու միջեւ` ՀՅԴ, Լիբանանեան ուժեր, Ազգային ազատ հոսանք, Փաղանգաւոր, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան եւ երեսփոխան Միշել Մըր: Լիկայի նախագահութիւնը առաջին երեք տարիներու համար ստանձնեց Տըքուենիի թաղապետ Ամին Մորիս Խուրին, իսկ երկրորդ երեք տարիներուն համար` Մրուժի թաղապետ Ռիշար Անթուան Խարրաթը: Լիկայի հաշուապահ նշանակուեցաւ Պուրճ Համուտի...

Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մայրավանքի գրասենեակին մէջ ընդունեց Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը` անոր կնոջ ընկերակցութեամբ, հինգշաբթի, 15 յունուար 2026-ի առաւօտեան: Մահտեսեան ընդհանուր զեկուցում մը ներկայացուց վեհափառ հայրապետին Կիպրոսի հայ համայնքին եւ ընդհանրապէս պետութեան հետ առնչուած հարցերու մասին: Վեհափառ հայրապետը ողջունեց Վ. Մահտեսեանի այցելութիւնը եւ գնահատեց անոր կատարած ծառայութիւնները մեր համայնքին, եւ յատկապէս հայ համայնքին ու Կիպրոսի պետութեան...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Ազատութիւն` 1890 Օր Ետք»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Ազատութիւն` 1890 Օր Ետք»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն երէկ ընկերային ցանցերու իր հարթակներուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Վերջապէս, 1890 օր ետք, ազրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող լիբանանահայ գերի Վիգէն Իւլճեքեան ազատ արձակուեցաւ: Թափուած ջանքերը իրենց պտուղները տուին` հեռու տեղեկատուական աղմուկէն»:

Բագրատունի. «Վիգէն Իւլճեքեանը`  Դէպի Ազատութիւն»

Բագրատունի. «Վիգէն Իւլճեքեանը` Դէպի Ազատութիւն»

Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը: «Գերի Վիգէն Իւլճեքեանը` դէպի ազատութիւն... Վերջապէս ազրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող լիբանանահայ գերի Վիգէն Իւլճեքեան ազատ արձակուեցաւ: Թափուած ջանքերը տուին իրենց պտուղները` հեռու տեղեկատուական աղմուկէն»:

2026 Տարուան Հայրապետական Հռչակագիրը Կարդացուեցաւ Մայրավանքին Մէջ.  «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»

2026 Տարուան Հայրապետական Հռչակագիրը Կարդացուեցաւ Մայրավանքին Մէջ. «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2026 տարին հայրապետական յատուկ հռչակագիրով յայտարարեց «Հոգեւոր կեանքի վերանորոգման տարի»: Առ այդ, կիրակի, 11 յունուար 2026-ին, յընթացս սուրբ պատարագին, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ, ձեռագիրներու ու հնատիպերու բաժանմունքներու տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան կարդաց հայրապետական հռչակագիրը: Արամ Ա. կաթողիկոս հռչակագիրին մէջ կը նշէ, որ այս տարին հոգեւոր կեանքի վերանորոգման նուիրելը հրամայական անհրաժեշտութիւն էր` ի տես հայ կեանքէն ներս...

Մանուկներու Եւ Տարեցներու Տօնակատարութիւններ` ԼՕԽ-ի Նախաձեռնութեամբ

Մանուկներու Եւ Տարեցներու Տօնակատարութիւններ` ԼՕԽ-ի Նախաձեռնութեամբ

ԼՕԽ-ի աւանդական նախաձեռնութիւններուն մաս կը կազմէ Նոր տարուան առիթով հաւաքոյթ կազմակերպել մանուկներուն եւ երէցներուն համար: Արդարեւ, 19 դեկտեմբեր 2025-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 6-12 տարեկան մանուկ-պատանիներու խրախճանք: Հրաւիրուած 56 փոքրիկները հիւրասիրուեցան ճաշարան «Արեւ»-ին տրամադրած համեղ հաւու հացիկներով, պտղահիւթով եւ կարկանդակով: Խանդավառ մթնոլորտի մէջ խաղացին, պարեցին եւ զուարճացան 2...

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, չորեքշաբթի, 7 յունուար 2026-ի առաւօտեան: Մակար սրբազան վեհափառ հայրապետին զեկուցեց թեմի գործունէութեան մասին, յատկապէս Հալէպի, Ճեզիրէի, Դամասկոսի եւ այլ շրջաններու մէջ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ նաեւ Հալէպի մէջ ստեղծուած ապահովական ընդհանուր վիճակը: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր եւ համայնքային պատասխանատուներուն, որոնք մօտէն կը հետեւին մեր ժողովուրդի...

Կամաւորներու Օրուան Նշում Կամաւորութեան Խորհրդանիշ Նկատուող ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ

Կամաւորներու Օրուան Նշում Կամաւորութեան Խորհրդանիշ Նկատուող ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ քարոզչական յանձնախումբին, 26 դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ  նշուեցաւ Կամաւորներու օրը: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներով: Քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ու կամաւոր աշխատանքի վերաբերող, ԼՕԽ-ի ու ՀՕՄ-ի աշխուժ գործունէութիւններէն առնուած լուսանկարներով հարուստ տեսերիզին մէջ բարի գալուստի խօսք ուղղուեցաւ ներկաներուն: Անդրադարձ կատարուեցաւ այն իրականութեան, որ...

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք Պուրճ Համուտէն Աւետեց Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութիւնը

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք Պուրճ Համուտէն Աւետեց Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութիւնը

Մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի աստուածայայտնութեան եւ մկրտութեան լուսաշող տօնին առիթով, երեքշաբթի, 6 յունուար 2026-ի առաւօտեան ժամը 9:45-ին Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ հաւատաւոր մեծ ընտանիքը խորին խանդավառութեամբ եւ աղօթական ոգիով դիմաւորեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարքը: Տեղի ունեցաւ տօնական շքերթ` Սուրբ Մեսրոպի արիներուն, ՀԿՄ-ի շեփորախումբին եւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ: Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մուտքէն պատրիարքը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ դահլիճը, ուր...

Page 21 of 364 1 … 20 21 22 … 364

Արխիւներ