Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ շաբաթ, 3 յունուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին տեղի ունեցաւ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» եւ մանկապատանեկան «Նարեկացի» երգչախումբերուն «Երգենք Փրկիչին ծնունդը» խորագրեալ սուրբծննդեան համերգը` խմբավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Աննա Նազարեան: Ան ըսաւ, որ զոյգ երգչախումբերը Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը կը դիմաւորեն երգով ու ցնծութեամբ` յիշեցնելով, որ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ Սուրբ Ծնունդը կեանքի նորոգութեան եւ ճշմարիտ Լոյսին գալուստն է: «Այսօր համախմբուած ենք մեր Եկեղեցւոյ գմբէթին ներքոյ` մեր սիրտերը համերաշխ, մեր հոգիները լի ցնծութեամբ, մեր շրթունքները պատրաստ` երգելու ու փառաբանելու, որովհետեւ այս գեղարուեստական ու հոգեւոր երեկոն նուիրուած է սուրբծննդեան հրաշալի խորհուրդին», ըսաւ Նազարեան եւ մաղթեց, որ երեկոն գեղարուեստական վայելք եւ երգերը իբրեւ աղօթք բարձրացնելու առիթ ըլլան: «Թող Քրիստոսի ծննդեան լոյսը նորոգէ մեր հոգիները, մեր սրտերը լեցնէ սիրով եւ խաղաղութիւն տարածէ մեր ընտանիքներուն ու մեր հայրենիքին», մաղթեց ան:
Տէրունական աղօթքով ընթացք առաւ համերգը եւ շարունակուեցաւ 17 երգերով` հայերէն թէ օտար շարականներով, ինչպէս նաեւ` Կաղանդի երգերով, որոնց կ՛ընկերակցէր Սուրբ Ծնունդի աւետումը պատկերող պատում: Դիւթիչ էին յատկապէս Հայկանա Մուրատեանի «Ավէ Մարիա», Արին Մարգարեանի «Օրօր Յիսուս Մանուկին» եւ հիւրաբար հրաւիրուած Լոռի Կիւլիւմեանի «Mary Did You Know» մեներգները: Համերգի աւարտին երգչախումբերը ներկայացուցին Նոր տարուան փունջ մը երգեր` մշակուած Արփի Ճանիկեանի կողմէ: Ընթացքին մեներգով հանդէս եկաւ նաեւ Քրիստին Անտէքեան: Նշենք, որ դաշնամուրի նուագակցութեամբ երգչախումբերուն ընկերացան Համբիկ Մարտիրոսեան եւ Քեւըն Սոլաքեան:

Համերգը փակուեցաւ Քրիստոսի ծնունդը աւետող «Խորհուրդ մեծ» հոգեթով շարականի հիանալի կատարողութեամբ:
Համերգի աւարտին օրհնութեան իր խօսքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատեց երգչախումբերը, յատկապէս` «Նարեկացի»-ի փոքրիկները, որոնց ծնողները ազգային գիտակցութենէ մեկնած` իրենց զաւակներուն քայլերը կ՛ուղղեն դէպի Հայ եկեղեցի եւ մշակոյթ: Ան նաեւ գնահատեց խմբավար հայր սուրբին տքնաջան աշխատանքը` իրականացնելու իրեն վստահուած առաքելութիւնը: Իր խօսքի աւարտին վեհափառը ըսաւ. «Նոր տարիով բացուող այս օրերուն, կ՛աղօթեմ առ բարձրեալն Աստուած, որ մեր ժողովուրդին կեանքը, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, ուր որ հայու շունչ կայ, լեցնէ խաղաղութեամբ, երջանկութեամբ ու սիրով եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն պարգեւէ երկար, առողջ, յաջող եւ երջանիկ օրեր»:






