Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, կիրակի, 28 դեկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 1:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00-ը «Մասթըր մոլ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ «Մեր շուկան» 12-րդ նախաձեռնութիւնը:
Օրուան հանդիսավար, Մարալ Մխսեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, յայտնեց, որ քանի մը ամիսներու բացակայութենէ ետք, «Մեր շուկան» վերստին կը ներկայանայ հանրութեան` առաւել եւս ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտով: Ան նաեւ մերթ ընդ մերթ ներկայացուց կրպակները եւ օրուան ընթացքին գործադրուելիք բաւական ճոխ յայտագիրը:
Այս անգամ «Մեր շուկան» նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած էին միութիւններ, հաստատութիւններ, անհատներ, նաեւ` ՀԵՀՈՄ-ը եւ ՀՅԴ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութիւնը: Սեղաններուն վրայ ցուցադրուած էին` գիրքեր, զարդեղէններ, արուեստի գործեր, ձեռային աշխատանքներ, պայուսակներ, խաղալիքներ, յուշանուէրներ, անուշեղէն, ճաշատեսակներ: Պատրաստուած էր նաեւ գեղեցիկ զարդարուած Կաղանդ պապայի անկիւն մը, ուր մանուկները կը նկարուէին Կաղանդ պապային հետ:
Այցելուներու շարքին «Մեր շուկան» այցելեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ պետական երեսփոխան Յակոբ Թերզեան:
Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին տաւուլ զուռնայի «Սարին» նուագախումբը այցելեց «Մեր շուկան» մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով մասնակիցներուն եւ այցելուներուն մէջ: Ժամը 5:00-ին «Փոքրերու աշխարհ» մանկապատանեկան խումբը ճոխացուց մթնոլորտը, որուն ժամը 6:00-ին յաջորդեց «Հայ Շեփոր» խումբին ելոյթը, իսկ ժամը 7:00-ին` «Փաուըրֆուլ քիտզ թիմ» մանկապատանեկան խումբի ելոյթը:




