Գաղութային

Աբրահամ Աշճեանի Առեւանգման 43-Ամեակ

Աբրահամ Աշճեանի Առեւանգման 43-Ամեակ

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընկերային ցանցերու հարթակներուն վրայ տեղադրուեցաւ հետեւեալ գրառումը` Աբրահամ Աշճեանի առեւանգման եւ սպանութեան 43-ամեակին առիթով: «29 դեկտեմբեր 1982-ին թրքական գաղտնի սպասարկութիւնները կ՛առեւանգեն եւ անծանօթ պայմաններու մէջ կը սպաննեն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի երկար տարիներու անդամ, հայահոծ շրջաններու ապահովութեան կազմակերպական գործիչ Աբրահամ Աշճեանը»:  

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Լիբանանի Օրինակով Վերականգնել Հայաստանը

Մեր Ընթերցողներուն

Յայտնած էինք օրին, որ «Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը պարտաւորութեան տակ է թերթի հատավաճառի շարունակական վերանայման: Այսու կը տեղեկացնենք, որ նկատի ունենալով վարչական թէ տպագրական ծախսերու նկատելի յաւելումները, «Ազդակ»-ի հատավաճառը 3 յունուար 2026-էն սկսեալ կ՛ըլլայ 200.000 լիբ. ոսկի: Վարչական բաժինը կը կապուի նաեւ բաժանորդներուն հետ` բաժանորդագինի վճարման եղանակի ճշդումին համար: Կ՛ապաւինինք մեր ընթերցողներու հասկացողութեան:  

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնի Նշում Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնի Նշում Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն, հինգշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ Ս. Ստեփանոս նախավկայի տօնին առիթով: Պատարագը մատուցեց Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան: Սրբազան հայրը իր քարոզին սկզբնաւորութեան ողջունեց թեմի եկեղեցիներէն ներս ծառայող սարկաւագները, նաեւ իրենց ընդմէջէն եկեղեցւոյ սպասաւորութեան լծուող բոլոր անձնաւորութիւնները, որոնք վստահաբար...

Ազգային Առաջնորդարանին Նախաձեռնութեամբ.   Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնին Նուիրուած Հոգեմտաւոր Միօրեայ Սեմինար

Ազգային Առաջնորդարանին Նախաձեռնութեամբ. Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնին Նուիրուած Հոգեմտաւոր Միօրեայ Սեմինար

Շաբաթ, 20 դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, համագործակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին եւ Լիբանանի հայոց թեմին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հոգեմտաւոր պատրաստութեան միօրեայ սեմինար»` Լիբանանի թեմի սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն համար: Սեմինարը կը ներառէր եկեղեցական ծառայութեան եւ արարողութիւններու հետ առնչուած խորիմաստ խորհրդածութիւններ` ուղղուած հոգեւոր գիտակցութեան հարստացման: Առաւօտեան ժամը 9:00-ին թեմի սարկաւագներէն շուրջ 30 անդամներ, ընկերակցութեամբ Կրօնական ժողովի...

Համազգայինի Հրատարակչականի Հիմնադրութեան 95-Ամեակին Առիթով` Հայ Գիրքի Համահայկական Ցուցահանդէս-Փառատօն

Համազգայինի Հրատարակչականի Հիմնադրութեան 95-Ամեակին Առիթով` Հայ Գիրքի Համահայկական Ցուցահանդէս-Փառատօն

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածի կազմակերպած համահայկական ցուցահանդէս-փառատօնի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 8 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Հրատարակչատան կողմէ բացման խօսքը արտասանեց Իզապէլ Տիարպի:  Ան նշեց, որ այս ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենար անցեալ տարի` 2024-ին, սակայն Լիբանանի ապահովական ծանր կացութեան պատճառով յետաձգուեցաւ, իսկ այս տարի անով մեկնարկը կը տրուի հրատարակչատան հիմնադրութեան 95-ամեակի նշումին: Այս առիթով ան...

Ցաւակցագիր

Ցաւակցագիր

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խորազգած ցաւակցութիւն կը յայտնէ վաստակաշատ դաշնակցական ընկեր Մասիս Ալեքսանտրեանի, մահուան առիթով` անոր հարազատներուն եւ ընկերներուն: Ալեքսանտրեան ՀՅԴ շարքերուն միացած է 1962-ին: Պատասխանատուութիւններ ստանձնած է ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի զանազան մարմիններուն մէջ: Երկար տարիներ մաս կազած է ԱՌԻ (Արցախ Ռութց Ինվեսթմընթ) ընկերութեան վարչութեան եւ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ին` նպաստելով Արցախի վերաբնակեցման ծրագիրներուն: Մասիս Ալեքսանտրեան մաս...

Ցաւակցագիր

Ցաւակցագիր

ՀՅԴ Բիւրոն խոր վշտով գուժում է սիրելի ընկեր Մասիս Ալեքսանտրեանի մահը: Մեր վշտակցութիւնն ենք յայտնում հանգուցեալի հարազատներին, ընկերներին եւ մտերիմներին, կիսում ենք կորստի ցաւը: Արժեւորելով սիրելի ընկերոջ անցած ճանապարհն ու ունեցած վաստակն, արձանագրում ենք, որ Մասիս Ալեքսանտրեանը դեռեւս 1962-ից է միացել է ՀՅԴ շարքերին: Համալսարանական կրթութիւն ստանալով Անգլիայում, այնուհետեւ Լիբանանում պաշտօնավարել է Ernst & Young միջազգային ընկերութիւնում: Երկար տարիներ ծառայել...

Բագրատունի. «Սուրբ Ծնունդը  Փոխադարձ Զօրակցութեան Հրաւէր Է»

Բագրատունի. «Սուրբ Ծնունդը Փոխադարձ Զօրակցութեան Հրաւէր Է»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդին առիթով դիմատետրեան իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Սուրբ Ծնունդը սիրոյ եւ փոխադարձ զօրակցութեան հրաւէր մըն է: Մեր տարակարծութիւնները վերածենք ուժի եւ մեր միասնականութիւնը` փրկութեան ուղիի: Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ»:

Համազգայինի «Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի «Նաթքըրաքըր» Խորագրեալ Հեքիաթային Բարձրորակ Ներկայացումը

Համազգայինի «Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի «Նաթքըրաքըր» Խորագրեալ Հեքիաթային Բարձրորակ Ներկայացումը

Շաբաթ, 20 եւ կիրակի, 21 դեկտեմբերին «Լա Սաժես» սրահին մէջ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ գործող Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը կազմակերպեցին Համազգայինի «Գայեանէ» պալէի դպրոցի «Նաթքրաքըր» խորագրեալ պալէի ներկայացումը: Այս գեղեցիկ բեմադրութիւնը իրականութիւն դարձաւ «Գայեանէ» պալէի դպրոցի պարուսոյցներու` Ժագլին Սարխոշեանին եւ Կարէն Մակինեանին անխոնջ ու նուիրական աշխատանքով: Վարագոյրի հանդիսաւոր բացումէն առաջ իսկ սրահին մէջ կը տիրէր խանդավառ...

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը

Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին անուանակոչութեան առիթով, կիրակի, 14 դեկտեմբերին համանուն եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան մատուցեց ս. պատարագ եւ կատարեց մատաղօրհնէք: Իր քարոզին սկիզբը սրբազանը ողջունեց` եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, յարակից մարմինները, շրջանին մէջ գործող մեր կազմակերպութիւնները եւ կառոյցները, որոնք իրենց նուիրումով եւ հաւատքով կը շարունակեն կանգուն պահել մեր համայնական կեանքը: Սրբազան հայրը ըսաւ, որ մեր կեանքը...

Յովհաննէս Այվազովսքիի Մահուան 125-Ամեակի Նշում ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ

Յովհաննէս Այվազովսքիի Մահուան 125-Ամեակի Նշում ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ

Երեքշաբթի, 16 դեկտեմբեր 2025-ին ԼՕԽ-ի յարկին տակ նշուեցաւ Յովհաննէս Այվազովսքիի մահուան 125-ամեակը: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, դաստիարակչական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը արտասանեց Ազնիւ Միքայէլեան: Ողջունելով ներկաները` ան անդրադարձաւ ընտրուած նիւթին` աշխարհահռչակ նկարիչ, ծովային արուեստի վարպետ` Յովհաննէս Այվազովսքիի մահուան 125-ամեակին նուիրուած: «Իր ծովային բնանկարները արուեստի գլուխ գործոցներ են: Իր գլուխ գործոց նկարներն են` «Իններորդ ալիքը», «Նաւաբեկութիւնը» եւ «Փոթորիկը», ըսաւ ան`...

«Բանանք Սիրոյ Ու Գթութեան Մեր Աչքերը  Եւ Մեր Կողքին Պիտի Տեսնենք Քրիստոսը»

Հայրապետական Պատգամ Սուրբ Ծննդեան. «Խորհուրդ Մե՛ծ Եւ Սքանչելի՛, Որ Այսօր Յայտնուեցաւ Մեզի»

«Մենք բոլորս կոչուած ենք կառուցելու կենդանի եկեղեցի մը` միշտ երիտասարդ, միշտ շարժուն եւ հաւատքով լեցուն հասարակութիւն մը, որուն անդամ-անդամուհիները կարող են իրարու աջակցիլ, օգնել, ծառայել եւ այսպէս` աշխարհին մէջ ուրախութեամբ ու համերաշխութեամբ վկայել Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ անոր Աւետարանին»: Այս բնաբանով ուզեցի սկսիլ մեր խորհրդածութիւնը Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնախմբութեան առիթով: Ամէն տարի կրկին ու կրկին կը պատմենք Քրիստոսի ծնունդը...

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Երախտագիտութեան Եւ Մեծարանքի  Ձեռնարկ` Նուիրուած Կրթական Վաստակաշատ Մշակ Եւ Տնօրէն Անի Ուրֆալեան-Բագրատունիի

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Երախտագիտութեան Եւ Մեծարանքի Ձեռնարկ` Նուիրուած Կրթական Վաստակաշատ Մշակ Եւ Տնօրէն Անի Ուրֆալեան-Բագրատունիի

Չորեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երախտագիտութեան եւ մեծարանքի ձեռնարկ` նուիրուած կրթական վաստակաշատ մշակ եւ տնօրէն Անի Ուրֆալեան-Բագրատունիի: Հանդիսութեան ներկայ էին` Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի ատենապետն ու անդամներ, քոլեճի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, խնամակալութիւնը, Տիկնանց յանձնախումբի անդամները, աշակերտներ եւ մտերիմներ, որոնք իրենց խօսքերով եւ վկայութիւններով երախտագիտութիւն յայտնեցին Անի Բագրատունիին` արժեւորելով...

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի 2025-2026 Տարեշրջանի Աշակերտական Առաջին Բանավէճ

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի 2025-2026 Տարեշրջանի Աշակերտական Առաջին Բանավէճ

«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ին կազմակերպած «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» աշակերտական բանավէճի 2025-2026 տարեշրջանի առաջին հանրային բանավէճը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 20 դեկտեմբեր 2025-ին, Մեսրոպեան վարժարանի սրահին մէջ` երկու նիւթերով: Նիւթ Ա. «Կերպընկալի (փլասթիք) արտադրութիւնը պէտք է արգիլուի բնապահպանման համար»: Թեր` Յովիկ Փոլատեան (Հայ աւետ. երկ. վարժարան, Այնճար), Էլենա Ապուրժէյլի (Հայ աւետ. երկ. վարժարան, Այնճար), Հրակ Փամպուքեան (Հայ աւետ. երկ. վարժարան, Այնճար): Դէմ` Մարիա...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Հերթական Հանդիպում

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Հերթական Հանդիպում

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 22 դեկտեմբերին, ՍԴՀԿ-ի Նոր Հաճնոյ կեդրոնին մէջ: Ժողովականները արծարծեցին գաղութային, լիբանանեան եւ տարածաշրջանային նորագոյն զարգացումները: Քննարկումի առարկայ հանդիսացաւ Լիբանանի հարաւային շրջանին ապահովական փխրուն վիճակը` ի տես իսրայէլեան շարունակական յարձակումներուն եւ սպառնալիքներուն: Ժողովականները դատապարտեցին իսրայէլեան շարունակական ոտնձգութիւնները եւ շեշտեցին զինադադարի համաձայնութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը: Քննարկուեցաւ Լիբանանի եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան աճը,...

Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ուսուցիչներու Հանդիպում Հայրենիքէն Ժամանած Աստուածաբան Եւ Արձակագիր Դաւիթ Սամուէլեանի Հետ

Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ուսուցիչներու Հանդիպում Հայրենիքէն Ժամանած Աստուածաբան Եւ Արձակագիր Դաւիթ Սամուէլեանի Հետ

Երեքշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան  Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ ծառայող ուսուցիչները եւ տեսուչները իրենց վարիչ-տնօրէն Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ, այցելեցին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպած Հայ գիրքի փառատօնի գիրքերու ցուցահանդէսի սրահը, ուր ներկայ գտնուեցան օգտաշատ հանդիպում- զրոյցի մը` Հայաստանէն ժամանած աստուածաբան եւ արձակագիր Դաւիթ Սամուէլեանին հետ: Դ. Սամուէլեան մասնակիցներուն հետ բաժնեկցեցաւ իր ծառայողական փորձառութիւնը` իբրեւ...

Սարմեն Բաղդասարեան՝ Լիբանանի Մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան

Սարմեն Բաղդասարեան՝ Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան

Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկը՝ համաձայն սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի Ա. եւ Բ. կէտի, ինչպէս նաեւ «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» օրէնքի 13-րդ յօդուածի 3րդ մասի եւ 14-րդ յօդուածի, Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեան երէկ հրամանագիր ստորագրած է Սարմեն Բաղդասարեանը Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան նշանակելու (նստավայրը՝ Պէյրութ)։

Նիկոլ Աղբալեանի Ծննդեան 150-Ամեակի Արժանավայել Յիշատակում

Նիկոլ Աղբալեանի Ծննդեան 150-Ամեակի Արժանավայել Յիշատակում

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, չորեքշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Աղբալեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն։ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Սագօ Եագուպեան, որ դիտել տուաւ, թէ մեծանուն ուսուցիչ, մանկավարժ, գրագէտ, խմբագիր եւ պետական ու քաղաքական գործիչ էր Նիկոլ Աղբալեան, որ իր ամբողջ կեանքը ձօնած էր մէկ...

Ռուբէն Զարդարեանի Կուսակցական Գործունէութիւնը Լուսարձակի Տակ Բերող «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Գիրքի Շնորհահանդէս

Ռուբէն Զարդարեանի Կուսակցական Գործունէութիւնը Լուսարձակի Տակ Բերող «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Գիրքի Շնորհահանդէս

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, հինգշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Վէմ»-ի մատենաշարով լոյս տեսած, պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրութեամբ «Ռուբէն Զարդարեանի անտիպ նամակները» հատորին շնորհահանդէսը: Բացման խօսքը արտասանեց Յարութ Մարկոսեան, որ ըսաւ, թէ դաշնակցական գրականութեան մէջ սոյն հատորի լոյս ընծայումը կու գայ աւելնալու դաստիարակութեան հարուստ դարբնոցին վրայ, դիտել տալով, որ նման...

ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի Մասնաճիւղի Նախաձեռնութիւնը` «Յիշենք Մեր Տարեցները»

ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի Մասնաճիւղի Նախաձեռնութիւնը` «Յիշենք Մեր Տարեցները»

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղի վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետական կազմին, կիրակի, 14 դեկտեմբեր 2025-ին տեղի ունեցաւ «Յիշենք մեր տարեցները» խորագիրով ձեռնարկը: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան շրջաններէն մեծ թիւով տարեցներ: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Սագօ Գրիգորեան, որ ներկաներուն յղեց տարուան աւարտի եւ Սուրբ Ծննդեան լաւագոյն մաղթանքները` տարեցներէն խնդրելով միշտ յիշել ՀՄԸՄ-ը իրենց աղօթքներուն մէջ: Ան նաեւ...

Page 23 of 364 1 … 22 23 24 … 364

Արխիւներ