Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական Ընդունելութիւններ

January 9, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, երեքշաբթի, 6 յունուար 2026-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատուցեց եւ իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազան հայրը կոչ ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն գոհութիւն յայտնելու Աստուծոյ, որ առիթը ընծայեց մեր ժողովուրդին իր հայրերուն աւանդով իր եկեղեցիներուն մէջ, իր դաւանած սկզբունքներով հռչակելու Քրիստոսի աստուածայայտնութեան հրաշալիքը` աւելցնելով, որ այս առիթը մեր ուշադրութիւնը կ՛ուղղէ դէպի երկինք, դէպի անծայրածիր տարածքները, զորս Աստուած իր կամքով հաստատեց, եւ ստեղծագործութեան առաջին րոպէէն ան ըսաւ` «Եղիցի լոյս», եւ լոյս հաստատուեցաւ տիեզերքի մէջ, որմէ ետք Աստուած լուսեղէն այդ պայմաններուն մէջ կատարեց իր ստեղծագործութիւնը, որուն գլուխ- գործոցը հանդիսացող մարդը զետեղեց լուսեղէն դրախտին մէջ: Սակայն մարդը տարուելով երկրաւոր կեանքի պարտադրած պայմաններէն, շեղեցաւ Աստուծոյ յանձնարարած ուղիներէն եւ դարձաւ մահկանացու, իսկ Աստուած մարդը փրկելու համար իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէսզի մարդուն դիմաց դէպի երկինք տանող ճամբաները կրկին լուսաւորէ եւ զայն վերադարձնէ իր որդիութեան շնորհներուն: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ այս ճշմարտութեան վերաքաղ կը կատարենք այսօր, հանդիսաւոր պայմաններու մէջ, մեր եկեղեցւոյ աւանդներուն հետեւողութեամբ, մեր ժողովուրդին իղձերով, երազներով եւ իտէալներով միատեղ:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը դիտել տուաւ, որ կ՛ապրինք տեսակաւոր տագնապներ, խնդիրներ, դժուարութիւններ դիմագրաւող աշխարհի մը մէջ, եւ վստահաբար բոլորին ուշադրութիւնը առաւելաբար կեդրոնացած է մեր վիճակը պահելու, կանգուն մնալու եւ գործունեայ ըլլալու իրողութեան վրայ` աւելցնելով, որ այս պայմաններուն մէջ բոլորս ալ կարիքը կը զգանք նորոգուելու, նոր յոյս ստանալու մեր հոգեւոր աշխարհին մէջ, որպէսզի շատ անգամ մեր հորիզոնը խաւարեցնող մթաստուեր երեւոյթներէն անդին նաեւ յոյսով կարենանք նայիլ վաղուան գալիքին: Ան ըսաւ, որ անկումներ կ՛ապրի նաեւ մեր ընկերութիւնը, սակայն Ցեղասպանութեան եղեռնի ոճրագործութենէն աւելի քան դար մը ետք, տակաւին մենք ի վիճակի ենք հայրենական յիշատակներով վարել մեր կեանքը, մեր մայրենի լեզուով մեր աղօթքն ու իղձը ուղղել Աստուծոյ, կարողութիւնը ունինք իբրեւ մեծ ընտանիքի մը անդամները միասին մեր եկեղեցիներուն մէջ մեր պաշտամունքը ընծայելու առ Աստուած եւ այս առաւելութիւններուն դիմաց նաեւ պէտք է երախտագիտութեամբ փառք տանք Աստուծոյ, որ տեսակաւոր տագնապներ դիմագրաւող ներկայ կեանքի պայմաններուն մէջ կը պահպանէ մեզ, մեր եկեղեցիներն ու կառոյցները, կանգուն կը պահէ մեր վարժարանները, ի խնդիր մեր ամրութեան, մեր կայունութեան, մեր հզօրացման եւ Հայաստանի, որուն համար կ՛աղօթենք եւ անոր կը ցանկանք լաւագոյնն ու բարին:

Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց բոլորին նորոգուելու անհատապէս, բայց ոչ միայն մեր անուններուն համար,  այլ` նորոգուելու այն պատասխանատուութեանց համար, զորս իբրեւ անհատներ եւ հաւաքականութիւն ունինք միմիանց հանդէպ եւ կեանքին նկատմամբ: «Այսօր Քրիստոս մեր կեանքին մէջ կը յայտնուի, որպէսզի մեզի ցոյց տայ աստուածային ուղին: Մեր աշխարհին մէջ Աստուած կը յայտնուի մեր կողքին կանգնելու եւ մեզի յիշեցնելու համար, թէ երկրաւոր այս պայմաններուն մէջ ալ մարդ եւ Աստուած միասին պէտք է ըլլան, միասին քալեն, միասին գործեն, որպէսզի Աստուծոյ կամքը, այսինքն` բարին յաղթանակէ: Մեր Տէրը այսօր աշխարհ կու գայ իբրեւ լոյս փարատելու համար մեր միտքն ու հոգին ծանրաբեռնող խաւարը», եզրափակեց սրբազանը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք:

Ս. Ծննդեան պատարագէն անմիջապէս ետք առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան ու Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00:

Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7:30-9:00 ,Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ սրբազան հօր եւ Ազգային վարչութեան անդամներուն, տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան պաշտօնական ընդունելութիւն:

Հաւաքի սկզբնաւորութեան, նախագահութեամբ սրբազան հօր եւ մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, կատարուեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն: Այնուհետեւ խօսք առաւ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան: Ան ըսաւ, որ  անցնող 2025 տարին իր ցաւերով եւ ուրախ օրերով պատմութեան յանձնելով, Ծննդեան այս օրը միասնաբար կը դիմաւորենք նոր յոյսերով, նոր ակնկալութիւններով, անհատական, ընտանեկան թէ հաւաքական իմաստով, իրականացնելու այն, ինչ որ կարելի չեղաւ անցեալ տարի, բայց քրիստոնեայ հայու կամքով պիտի փորձենք 2026-ին շարունակել ու բազմապատկել մեր ճիգերը աւելի լաւ օրերու, աւելի արդիւնաբեր աշխատանքի արդար ակնկալութեամբ եւ կամքով: Ան դիտել տուաւ, որ Բեթղեհէմի համեստ ու խոնարհ մսուրին մէջ նորածին մանուկը եկաւ ծառայելու մարդկութեան եւ նոր էջ բացաւ մարդոց եւ ժողովուրդներու յարաբերութեան մարդկայնացման մէջ: Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան մաղթեց, որ այդ նոյն ոգին շարունակէ ոչ միայն սաւառնիլ, այլ նաեւ` նոր թափ ստանալ մեր կեանքի անդաստանին մէջ:

Առաջնորդ սրբազան հայրը ողջունելէ ետք ներկաները մաղթեց, որ գալիք ժամանակները աւելի թոյլատու պայմաններ ստեղծեն աշխատանքային առումով, որպէսզի մեր իղձերը եւ սպասումները կարենանք մեր արդար աշխատանքով իրականացնել: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ հակառակ մեր դիմագրաւած տեսակաւոր հարցերուն, տակաւին ի վիճակի ենք քով-քովի գալով իրարմով ուրախանալու եւ վաղուան մեր կեանքին համար իրարմէ ուժ քաղելով վերանորոգուելու:

Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ Աստուածայայտնութեան տօնն է, եւ Աստուած իր ներկայութեամբ կը ձգտի վերանորոգել մեր աշխարհն ու մեր կեանքը եւ մեզի թելադրել, որ մեր կարգին իր օրինակին հետեւելով փորձենք նոր եռանդ, նոր աշխուժութիւն, նոր ճիգ զետեղել մեր գործերուն մէջ, որպէսզի աստուածահաճոյ միջավայրի վերածենք մեր ընկերութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր ազգի սպասումներուն, ապրումներուն եւ իտէալներուն համաձայն, յամառօրէն կառչած մեր աւանդութիւններուն շարունակենք Հայաստանը ապրեցնել մեր մէջ, մասնաւորապէս` մեր զաւակներուն մէջ:

Առաջնորդ սրբազանը բոլորին մաղթեց բարի տարի եւ առողջ օրեր, ինչպէս նաեւ Ազգային իշխանութեան անունով ամենայն բարիք ցանկաց` մաղթելով, որ այս հարազատ տան մէջ իրարու հետ ըլլալու առիթները աւելի յաճախակի ըլլան, եւ այս հանդիպման առիթը մեզ վերանորոգ կեանքի եւ աշխատանքի մղելով նոր արդիւնք զետեղէ մեր իրականութեան մէջ` ի խնդիր մեր ժողովուրդի յարատեւութեան:

Յայտնենք, որ այս առիթով, շնորհաւորութիւններ յայտնեցին` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ժամանակաւոր հաւատարմատար Ալիկ Ղարիպեան եւ հիւպատոս Սեդրակ Սարգիսեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութենէն պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ ատենապետ Վանիկ Տաքեսեանի, Ռամկավար ազատական կուսակցութենէն պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տաքէսեանի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան, Այնճարի քաղաքապետ Սեդրակ Հաւաթեան, կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, նախկին երեսփոխաններ եւ նախարարներ, քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, թաղապետներ, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններ, թաղական խորհուրդներու, տիկնանց յանձնախումբերու եւ դպրաց դասերու անդամներ, ինչպէս նաեւ ազգայիններ:

Նախորդը

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

Յաջորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը

RelatedPosts

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական  Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի  Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը
Գաղութային

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը

January 9, 2026
Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն
Գաղութային

Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն

January 9, 2026
Գաղութային

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.