Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ծնունդ Եւ Արժանապատուութիւն

January 6, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրբ Ծնունդը միայն յիշատակելի տօն չէ, այլ` խորիմաստ յայտարարութիւններու կողքին, մարդկային արժանապատուութեան` իբրեւ Քրիստոսով թանկագոյն պարգեւի մասին է` Աստուծոյ սրտէն ու էութենէն շնորհուած:

Ծննդեան պատգամը կը հասնի մեզի այսօր, մինչ կորսուած կը թուին ըլլալ մարդու արժանիքն ու պատիւը:

Յովհաննէս աւետարանիչ կը գրէ Տէր Յիսուսի ծնունդին` իբրեւ նշանակալի խորհուրդի մասին. «Բանը մարմին եղաւ» (Յովհ. 1.14): Ծնունդով Աստուծոյ Խօսքը մարդկային կենդանութիւն ստացաւ: Կարելի է ըսել, թէ այս մէկը կեանքի վերաբերեալ ամէնէն խոր պատգամն է, որ կրնանք ստանալ. մարդ ըլլալը աստուածահաճոյ է, աստուածատուր է, մարդկային կեանքը ունի բարձրագոյն արժէք եւ պատիւ` իբրեւ Աստուծոյ ներկայութեան բնակարան:

Տէր Յիսուսի ծնունդը խոնարհ ու խոցելի պայմաններու մէջ կը շեշտաւորէ պարզութիւնն ու անապահովութիւնը: Աշխարհի զօրութեան եւ ցուցադրականութեան չափանիշները նսեմացնելով` Սուրբ Ծնունդի պատգամը կը յայտարարէ, որ մարդկային արժէքը կախեալ չէ նիւթական աշխարհէն, դիրքէն կամ իշխանութենէն, հապա Աստուծոյ փրկարար ներկայութենէն` մեր կեանքերուն մէջ:

Հրեշտակներու աւետիսը հովիւներուն` «մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին պիտի ըլլայ» (Ղուկ. 2.10), կը հաստատէ, որ այս լուրը բոլորին է անխտիր, այսինքն` նաեւ անտեսուածներուն եւ մոռցուածներուն: Սուրբ Ծնունդը կը հռչակէ յաւիտենական փրկութիւն եւ շնորհալի արժանապատուութիւն ամբողջ մարդկութեան:

Սուրբ Ծնունդի պատմութիւնը նաեւ կը վերահաստատէ այն հիմնարար ճշմարտութիւնը, թէ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով:  Ամէն մարդ արարած, անկախ իր յաջողութիւններէն կամ ձախողութիւններէն, արժանի պիտի ըլլայ վայելելու անուրանալի պատիւ: Ամէն ծնող երեխայ պէտք է ստանայ արժանապատուութեան նշան:

Մարիամի եւ Յովսէփի` Յիսուս մանուկի հետ իջեւան չգտնելու փորձառութիւնը, եւ Յիսուսի խոնարհ ծնունդը կը բացայայտեն Աստուծոյ զօրակցութիւնը նաեւ աշխարհի զրկուածներուն. զրկուածներ ունեցուածքէ, ազատութենէ, հանգիստէ եւ նամանաւանդ պատիւէ: Այսօր ալ Աստուած ներկայ է միայնակներուն, գաղթականներուն, իրաւազրկուածներուն եւ տառապողներուն մէջ` հաստատելով անոնց արժէքաւոր մարդկայնութիւնը եւ ներկայի թէ յաւիտենական յոյսը:

Այս Սուրբ Ծնունդին առիթով, կը պատուէ մեզ Աստուծոյ բարի լուրը: Միասնաբար լսենք այս լուռ, բայց հզօր պատգամը? մարդ ըլլալը պատուաւոր արժէք է, Աստուծոյ կողմէ հաստատուած եւ մարմնացուած` Յիսուս Քրիստոսի մէջ:

Մեր այս պատգամի աւարտին, յիշենք մեր հայ ժողովուրդի այն մասնիկը, որ կը շարունակէ մնալ ազատութենէ, պատիւէ կամ բարոյական վայելքէ զուրկ: Քրիստոնէական նուիրումով նկատի առնենք հայրենիքի ու հայութեան արժանիքն ու պատիւը: Չմնանք պարզապէս մսուրին մօտ, հապա անկէ անցնինք դէպի քրիստոնէական առաքելութեան: Տանք պատիւ Ծնեալ Յիսուսի` արժէք տալով մարդ արարածին: Աշխարհը կարօտ է Քրիստոսի լոյսը արժանապատիւ կերպով տարածող Եկեղեցիին եւ հաւատացեալներուն:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ: Հաւատքով ու գործով ապրինք մեզի շնորհուած արժանաբեր աւետիսը: Ամէն:

ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ
ՄԱՀԱԵՄ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՏԵՂԱՊԱՀ

6 Յունուար, 2026

Նախորդը

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

Յաջորդը

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.