Գաղութային

Քանատական Կառավարական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուրճ Համուտ

Քանատական Կառավարական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուրճ Համուտ

Քանատական կառավարական պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Էմանուէլ Լամուրէոյի եւ Միջին Արեւելքի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներու գործադիր տնօրէն Կավըն Պուխանի, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչներու, որոնց շարքին` Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատուի տեղակալ Սելին Մոյրոյի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչ Փիթըր Ֆարահի, այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան: Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ ընդունեցին քանատական...

«Կամք»-ի Հաւաքածոն` Թուայնացուած

«Կամք»-ի Հաւաքածոն` Թուայնացուած

Մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան կ՛ուզենք յանձնել, որ Փարիզի մէջ 1985-էն 2002 լոյս տեսած «Կամք» օրաթերթի հաւաքածոն ամբողջովին թուայնացուած է: Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Ազդակ»-ի բարեկամներէն Յակոբ Ենիգոմշեանին, որ ո՛չ միայն ամբողջական հաւաքածոն տրամադրեց «Ազդակ»-ին, այլ նաեւ իրականացուց անոր փոխադրութիւնը Փարիզէն Պէյրութ: Սփիւռքահայ մամուլի թուայնացուած տարբերակներու շարքը կը համալրուի նոր հաւաքածոյով: Իսկ «Կամք»-ի տպագիր օրինակներու ամբողջութիւնը մաս կը կազմէ արդէն մեր...

Արամ Ա. Կաթողիկոս` Նոր Գիւղի  Հայահոծ Թաղամասին Մէջ.  Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հալէպի  Վերաշինութիւնը Պէտք Է Սկսի Նոր Գիւղէն»

Արամ Ա. Կաթողիկոս` Նոր Գիւղի Հայահոծ Թաղամասին Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հալէպի Վերաշինութիւնը Պէտք Է Սկսի Նոր Գիւղէն»

Նախքան Անթիլիաս վերադարձը, Արամ Ա. կաթողիկոս երկուշաբթի, 1 ապրիլ 2019-ի առաւօտուն այցելեց հայաբոյր Նոր Գիւղի ազգային կառոյցները: Վեհափառ հայրապետը նախ այցելեց Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր մեծ սիրով դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ թաղականութեան, դպրաց դասին, տիկնանց յանձնախումբին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ: Աղ ու հացի աւանդական օրհնութենէն ետք, վեհափառ հայրապետն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին, Ազգային  երեսփոխանական ու...

Հայրենի Թատերական Գործիչներու  Այցելութիւնը «Ազդակ»

Հայրենի Թատերական Գործիչներու Այցելութիւնը «Ազդակ»

Երէկ առաւօտ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեցին Երեւանի Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային պետական թատրոնի տնօրէն Արամ Նաւասարդեան եւ գեղարուեստական ղեկավար Նարինէ Գրիգորեան: Հիւրերուն կ՛ընկերակցէր Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան: Տնօրէնութեան հետ կայացած հանդիպումին զրոյցը կը վերաբերէր Հայաստանի թատերական կեանքի նորագոյն զարգացումներուն եւ ընդհանրապէս մշակոյթի ոլորտի խնդիրներուն: Հայրենի հիւրերը այս կարեւոր թեմային մասին պիտի զեկուցեն ուրբաթ օր` «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին...

Մասնակցութեամբ Ազգային  Վարժարաններու Աշակերտներուն.  «Հոգեւոր Ու Ազգային Արժէքները Եւ Արդի  Արհեստագիտութիւնը» Նիւթով Շահեկան Սեմինար

Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններու Աշակերտներուն. «Հոգեւոր Ու Ազգային Արժէքները Եւ Արդի Արհեստագիտութիւնը» Նիւթով Շահեկան Սեմինար

Շաբաթ, 30 մարտ 2019-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտներու միօրեայ սեմինար, որուն նիւթն էր «Հոգեւոր ու ազգային արժէքները եւ արդի արհեստագիտութիւնը»: Սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Եղիշէ Մանուկեան, Միացեալ եւ «Յառաջ- Գ. Կիւլպէնկեան վարժարաններէն աշակերտներ: Սեմինարը սկսաւ ժամերգութիւն-աղօթքով, ապա եկեղեցւոյ սրահին մէջ սեմինարին բացումը կատարեց Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ նշեց, թէ այսպիսի...

Հաղորդագրութիւն

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ. 8 Դիմումի Ընդառաջում` Փետրուար Եւ Մարտ Ամիսներուն Ընթացքին 23-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 341 Պարագայ

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը փետրուար եւ մարտ ամիսներուն ընթացքին ընդառաջած է 8 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ յունուար 2019 ամիսներուն ընթացքին ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 333 պարագայ: Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած են 2 զոյգեր, որոնք, պայմանները լրացուցած ըլլալով, արժանացան ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին: Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Ցեղասպան Թուրքը  Մահ Սփռեց Ու Քանդեց Ամէն Տեղ, Մինչդեռ  Մեր Ժողովուրդը Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք, Սուրիա  Եւ Ամէնուրեք Վերաշինութեան Ու Վերածաղկումին Նպաստեց»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Ցեղասպան Թուրքը Մահ Սփռեց Ու Քանդեց Ամէն Տեղ, Մինչդեռ Մեր Ժողովուրդը Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք, Սուրիա Եւ Ամէնուրեք Վերաշինութեան Ու Վերածաղկումին Նպաստեց»

Նախքան Անթիլիաս վերադարձը, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական խումբի առաքելութեան Հալէպի կեդրոն եւ ողջունեց 83 հայ մասնագէտներն ու անոնց հրամանատարները: Վեհափառ հայրապետը գնահատելով անոնց մարդասիրական առաքելութիւնը ըսաւ. «Ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունեմ ձեզ: Սուրիա ձեր ներկայութիւնը Հայաստանի ներկայութիւնն է: Մեզի համար Հայաստանի ներկայութիւնը սրբազան ներկայութիւն է, որովհետեւ Հայաստանը մեր բոլորին հայրենիքն է: Ո՛ւր որ ալ գտնուինք, մեզմէ իւրաքանչիւրը...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ.  300 Պատանիներ Ու Աշակերտներ Մասնակցեցան  ՀՅԴ ԼՊՄ ԸՎՄ-ի Ընկերային Յանձնախումբին  Կազմակերպած Միջդպրոցական Խրախճանքին

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ. 300 Պատանիներ Ու Աշակերտներ Մասնակցեցան ՀՅԴ ԼՊՄ ԸՎՄ-ի Ընկերային Յանձնախումբին Կազմակերպած Միջդպրոցական Խրախճանքին

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները, իրենց 95-ամեայ երթին ընդառաջ, կը շարունակեն իրենց դերն ու գործունէութիւնը Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ:  Այս առումով, պատանեկան միութիւնները, դաստիարակչական ձեռնարկներու կողքին, կը ծրագրեն նաեւ ընկերային ձեռնարկներ, որոնք հաճելի մթնոլորտի մը մէջ կը համախմբեն թէ՛ պատանեկան միութիւնները, թէ՛ ալ ընդհանրապէս անոնց շրջապատին մէջ գտնուող պատանի տարիքի անհատները: Նախորդող ամիսներուն կազմակերպուած Բարեկենդանի, ինչպէս նաեւ զոյգ ձիւնագնացութիւններու նախաձեռնութիւններուն կողքին,...

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան  Այցելեց «Ազդակ»

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան Այցելեց «Ազդակ»

Երէկ առաւօտ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցաւ նիւեորքաբնակ պատմաբան եւ Նիւ Եորքի Ազգային առաջնորդարանի ուսումնական խորհուրդի վարիչ- տնօրէն դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան` ընկերակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայագիտական ուսմանց գրասենեակի պատասխանատու Ժիրայր Դանիէլեանի: Դոկտ. Մատթէոսեան Լիբանան եկած է դասախօսելու համար կաթողիկոսութեան հայագիտական դասընթացքին: Տնօրէնութեան հետ կայացած զրոյցը կը վերաբերէր մամուլին, լեզուաբանական եւ պատմագիտութեան ժամանակակից խնդիրներուն: Դոկտ. Մատթէոսեան պիտի դասախօսէ...

Հալէպի Մէջ Հանդիսաւոր Արարողութեամբ.  Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սրբոց Քառասնից  Մանկանց Վերանորոգեալ Մայր  Եկեղեցւոյ Վերաօծումը Կատարեց

Հալէպի Մէջ Հանդիսաւոր Արարողութեամբ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սրբոց Քառասնից Մանկանց Վերանորոգեալ Մայր Եկեղեցւոյ Վերաօծումը Կատարեց

Հալէպ տուած հովուապետական այցելութեան շրջագիծին մէջ, շաբաթ, 30 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց վերանորոգեալ մայր եկեղեցւոյ սրբագործումն ու վերաօծումը: Վեհափառ հայրապետն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը պատուոյ շքերթով եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին եկեղեցի: Եկեղեցւոյ դրան դիմաց վեհափառ հայրապետը դիմաւորելու համար շարք կազմած էին ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր արի-արենուշները եւ Հալէպի հայ...

Տօնախմբութեամբ Եւ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագով  Նշուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց  Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը

Տօնախմբութեամբ Եւ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագով Նշուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը

Անցնող շաբաթավերջին հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Արդարեւ, շաբաթ, 30 մարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցած մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան, կէսօրուան ժամը 12:00-էն սկսեալ Արաքս փողոցին վրայ տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն-տօնավաճառ: Փողոցին վրայ տեղադրուած էին տաղաւարներ, ուր կը վաճառուէին պահքի ճաշեր, խմորեղէններ, քաղցրեղէններ, հայկական արտադրութիւններ, ձեռագործներ, հայկական նիւթերով յուշանուէրներ, մանկապատանեկան դաստիարակչական գիրքեր եւ...

Լարային Տպաւորիչ Համերգ`  «Արարատ» Խորագրեալ

Լարային Տպաւորիչ Համերգ` «Արարատ» Խորագրեալ

Հայ աւետարանական քոլեճի 95-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, հովանաւորութեամբ ԳՈՀԱՐ համոյթին, երէկ` կիրակի, 31 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Արարատ» խորագրեալ լարային տպաւորիչ համերգ` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի, որ նաեւ նուագեց կիթառի վրայ, իսկ անոր ընկերակցեցաւ Լիբանանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի եւ ազգային երաժշտանոցի ուսուցիչներէ կազմուած «Արթոն» լարային քառեակը, որ կը բաղկանայ Օնտին Պրիզիանոյէ, Սիլվիօ...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հասաւ Հալէպ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հասաւ Հալէպ

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Միշտ Կը Մնայ Հալէպահայութեան Կողքին` Զօրակից, Մասնակից Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Աշխատանքներուն» Հալէպահայութիւնը անհուն բերկրանքով եւ խանդավառութեամբ ողջունեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովուապետական այցելութիւնը ուրբաթ, 29 մարտ 2019-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին հոծ բազմութեամբ համախմբուելով Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական...

Նահապետ Քուչակի Նուիրուած Երեկոյ  Եւ Կարօ Աւեսեանի «Երեք Հայրէն Քուչակէն»  Ստեղծագործութեան Գինեձօն

Նահապետ Քուչակի Նուիրուած Երեկոյ Եւ Կարօ Աւեսեանի «Երեք Հայրէն Քուչակէն» Ստեղծագործութեան Գինեձօն

Կազմակերպութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` ուրբաթ, 29 մարտի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նահապետ Քուչակի, անոր կեանքին, ստեղծագործութիւններուն եւ ժառանգին նուիրուած իւրայատուկ երեկոյ մը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ Կարօ Աւեսեանի «Երեք հայրէն Քուչակէն» ստեղծագործութեան գինեձօնը: Բացման խօսքը արտասանեց «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան, որ անդրադարձաւ երաժշտութեան ունեցած մեծ...

Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Հանդիպումը  Խումբ Մը Լիբանանահայ  Երգողներու Եւ Ընկերակցողներու Հետ

Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Հանդիպումը Խումբ Մը Լիբանանահայ Երգողներու Եւ Ընկերակցողներու Հետ

Երեքշաբթի, 26 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի եւ լիբանանահայ երգողներու եւ ընկերակցողներու հետ ծանօթացման իւրայատուկ հանդիպումը: Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ յայտնեց, թէ նշեալ հաւաքին նպատակն է սերտել երկկողմանի գործակցութեան կարելիութիւնները եւ մտիկ ընել ճշդուած ճիւղի ներկայացուցիչներուն մտահոգութիւններն ու առաջարկները:...

«Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Թագաւորին  Հաստատած Միջկրօնական Կեդրոնը  Կարեւոր Դեր Ունի Կատարելիք»  Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Թագաւորին Հաստատած Միջկրօնական Կեդրոնը Կարեւոր Դեր Ունի Կատարելիք» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 28 մարտ 2019-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Վիեննայի մէջ Ապտալլա Բ. թագաւորին կողմէ հաստատուած միջկրօնական երկխօսութեան միջազգային կեդրոնի քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան ծրագիրի արաբական աշխարհին ներկայացուցիչները, որոնք եկած էին արաբական տարբեր երկիրներէ եւ կը ներկայացնէին զանազան կրօնական համայնքներ ու ընկերութիւններ: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր կեդրոնի ընդհանուր քարտուղար Ֆէյսալ Պըն Մուամմար: «Վիեննայի մէջ Ապտալլա Բ. թագաւորին կողմէ հաստատուած միջկրօնական երկխօսութեան ու գործակցութեան...

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին  Ս. Զատկուան Պատգամը.  Քրիստոսի Յարութիւնը` Մարդուն Ազատագրումը Մեղքէն

Վեհափառ Հայրապետը Կը Մեկնի Հալէպ

Այսօր առաւօտ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը պիտի մեկնի Հալէպ, ուր օծումը պիտի կատարէ Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը նաեւ հանդիպումներ եւ այցելութիւններ պիտի ունենայ: Վեհափառ հայրապետը Հալէպ պիտի մնայ 4 օր: Անոր պիտի ընկերանան միաբան հայրեր եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ:  

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան»  Երաժշտական Քոլեճի Եռեակը  Հմայեց Օտար Հանդիսատեսը

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի Եռեակը Հմայեց Օտար Հանդիսատեսը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանեւգերմանական մշակութային կեդրոնին (Kulturzentrum) եւ գործակցութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն, չորեքշաբթի, 27 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ճիւնիի Լիբանանեւգերմանական դպրոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բարձրորակ համերգ մը` կատարողութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի Եռեակին, Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան` դաշնակ, Յովհաննէս Գարախանեան` ջութակ, Նայիրի Ղազարեան` թաւջութակ: Կազմակերպիչ կողմին անունով Սամեր Սաատէ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն գործակցութեան համար,...

Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Հրաւէրով Լիբանանի Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ  Եւ Աւետարանական Հոգեւորականներու Հանդիպում

Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Հրաւէրով Լիբանանի Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ Եւ Աւետարանական Հոգեւորականներու Հանդիպում

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի հրաւէրով, հինգշաբթի, 28 մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ եւ Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի եկեղեցիներուն մէջ ծառայող հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական հոգեւորականներու Մեծ պահքի աղօթական հաւաք եւ ընթրիք: Հոգեւոր հայրեր, Նարեկ սրբազանի, Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի գլխաւորութեամբ, նախ եկեղեցւոյ մէջ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Շաբաթ, 23 մարտ 2019-ին, Հալէպի «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբերուն խորհրդաժողովը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեանի, Սուրիոյ Հայ դատի Կեդրոնական եւ զանազան շրջաններու Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն: Խորհրդաժողովը լսելէ ետք Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակի եւ Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբերու գործունէութեանց զեկոյցները, հանգամանօրէն քննեց հետեւեալ օրակարգի...

Page 197 of 365 1 … 196 197 198 … 365

Արխիւներ