ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը փետրուար եւ մարտ ամիսներուն ընթացքին ընդառաջած է 8 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ յունուար 2019 ամիսներուն ընթացքին ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 333 պարագայ:
Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած են 2 զոյգեր, որոնք, պայմանները լրացուցած ըլլալով, արժանացան ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 6 պարագաներ, որոնք արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Ընտանիքի բազմացման ֆոնտին դիմում չէ կատարուած:
Այս ձեւով անցնող 23 ամիսներուն` մայիս 2017-էն մարտ 2019, Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի յատկացումին արժանացած են 341 հայեր:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ



