Գաղութային

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եկեղեցիներու Միութեան Նուիրուած Միջեկեղեցական Արարողութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները

Չորեքշաբթի, 27 մարտ 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` ՀՅԴ-ի, ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի Լիբանանի մարմիններուն ներկայացուցիչները: Անոնք վեհափառ հայրապետին տեղեակ պահեցին օր մը առաջ յառաջիկայ ապրիլ 24-ի նշման գծով իրենց ունեցած ընդհանուր խորհրդակցութեան մասին: Վեհափառ հայրապետը նախ եւ առաջ գնահատեց երեք կուսակցութիւններու գործակցութիւնը` մաղթելով, որ բոլոր գաղութներուն մէջ միջկուսակցական գործակցութիւնը աւելի ամրապնդուի ու ծաւալի համազգային եւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Հանդիսապետէ  Միջինքի Արարողութեան`  Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Հանդիսապետէ Միջինքի Արարողութեան` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Տասնամեակներու աւանդութեան համաձայն, Միջինքին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Արեւագալի արարողութեան կը հանդիսապետէ Արամ Ա. կաթողիկոս եւ իր հայրապետական պատգամը կու տայ ժողովուրդին: Այս տարի եւս, ընդառաջելով առաջնորդ սրբազանին եւ Ազգային իշխանութեան հրաւէրին, վեհափառ հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ Արեւագալի արարողութեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին կողքին, արարողութեան ներկայ էին նաեւ Լիբանանի հայկական վարժարաններու աշակերտներ: Արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց դպրեվանքի ուսանողութիւնը: Առաջնորդ սրբազանի ողջոյնի խօսքէն ետք,...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը  Մասնակցեցաւ Միջազգային Միջեկեղեցական  Երիտասարդական Համագումարին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Միջազգային Միջեկեղեցական Երիտասարդական Համագումարին

22-էն 26 մարտ 2019-ին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին, Լիբանանի եկեղեցիներուն եւ Թեզէի միաբանութեան կազմակերպութեամբ, Լիբանան հիւրընկալեց միջազգային միջեկեղեցական երիտասարդական համագումարը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 44 երկիրներէ եկած աւելի քան 1600 երիտասարդներ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ըլլալով միջեկեղեցական աշխարհի յառաջատարներէն, համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ Լիբանանի, Բերիոյ եւ Թեհրանի թեմերէն եկած երիտասարդներով, ինչպէս նաեւ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեամբ, կաթողիկոսարանի երիտասարդական բաժանմունքով...

Լիբանանի Հայոց Թեմի  Հոգեւորականները` Դպրեվանքին Մէջ

Լիբանանի Հայոց Թեմի Հոգեւորականները` Դպրեվանքին Մէջ

Շաբաթ, 23 մարտ 2019-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան եւ քահանայ հայրեր Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ դպրեվանեցիներուն հետ անցուցին մտերմիկ եւ հաճելի օր մը: Օրը սկսաւ ֆութպոլի խաղով, իսկ կէսօրուան ճաշի ընթացքին հարազատ մթնոլորտի մէջ քահանայ հայրերն ու դպրեվանեցիները երգերով ու զրոյցով ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ: Այս առիթով, քահանայ հայրերը իրենց յուշերը պատմեցին...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Երկուշաբթի, 25 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու հերթական հանդիպումը: Ժողովականները անդրադարձան Լիբանանի ներքին քաղաքական բեմի վերջին զարգացումներուն: Ապա ժողովը քննարկեց Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակը համագաղութային տարողութեամբ նշելու նախաձեռնութեանց մանրամասնութիւնները: Որոշուեցաւ104-ամեակի իբրեւ կեդրոնական ծրագիր կազմակերպել քայլարշաւ մը: Այս ծիրին մէջ պէտք է նշել, որ երեք քաղաքական կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միաւորները պիտի կազմակերպեն...

Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Երկուշաբթի, 25 մարտ 2019-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազենը: Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Լիբանանի ու Վատիկանի յարաբերութեանց ներկայ փուլին: Դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց վեհափառ հայրապետին ունեցած յատուկ կապը Վատիկանի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ եւ այն սերտ գործակցութիւնը, որ գոյութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ: Այս առիթով դեսպանը վեհափառ հայրապետին հետ խորհրդակցեցաւ Վատիկանի...

Լեհական Պաշտօնական Պատուիրակութիւն Մը  Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան Այցելեց

Լեհական Պաշտօնական Պատուիրակութիւն Մը Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան Այցելեց

Երկուշաբթի, 25 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան այցելեց լեհական պաշտօնական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Լեհաստանի Ազգային անվտանգութեան գրասենեակի նախագահ Փաւել Սոլոչի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպան Պրոմիսլօ Նիսթոլոմիսքի, դեսպանատան հիւպատոսական անձնակազմը եւ Միջազգային օժանդակութեան լեհական կեդրոնի տնօրէն Ուոչեք Վիլք: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, «Եու. Էն. Հապիթաթ»-ի տնօրէն Թարեք Օսէյրան: Պուրճ...

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հիւրընկալեց  Միջեկեղեցական Երիտասարդաց  Համագումարին Մասնակիցները

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հիւրընկալեց Միջեկեղեցական Երիտասարդաց Համագումարին Մասնակիցները

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս կիրակի, 24 մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 8.30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ հիւրընկալեց Թեզէի միջեկեղեցական միաբանութեան կազմակերպած երիտասարդական միջազգային հաւաքին մասնակցող Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէն եկած 200 երիտասարդներ: Երեկոն եզակի առիթ մը հանդիսացաւ հայկական ճաշերով, պարերով, երգերով եւ երաժշտութեամբ հայ մշակոյթը հրամցնելու համատեղուած երիտասարդութեան: Ողջոյնի խօսք ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան...

Ազգային Առաջնորդարան.  Լուսանկարչութեան Դասընթացքը Կը Շարունակուի Մեծ Խանդավառութեամբ

Ազգային Առաջնորդարան. Լուսանկարչութեան Դասընթացքը Կը Շարունակուի Մեծ Խանդավառութեամբ

4-րդ շաբաթն ըլլալով, ուրբաթ, 22 մարտ 2019-ին շարունակուեցաւ թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու լուսանկարչութեան դասընթացքը, որուն նպատակն է ծուխերուն մէջ ունենալ լուսանկարչական հմտութիւններ ունեցող անհատներ: Ծրագիրի դասատուն է Նժդեհ Մկրտիչեան: Յայտնենք, որ ծրագիրի անդրանիկ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 1 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Հաւաքին, առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան ներկայացուց լուսանկարչական դասընթացքին կարեւորութիւնը եւ անոր երկամսեայ...

ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» Կոմիտէին Կազմակերպած  Ժողովրդային Ճաշկերոյթին Հանգանակուեցաւ  Եօթանասուն Հազար Ամերիկեան Տոլար

ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» Կոմիտէին Կազմակերպած Ժողովրդային Ճաշկերոյթին Հանգանակուեցաւ Եօթանասուն Հազար Ամերիկեան Տոլար

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէին եւ նախագահութեամբ նախկին նախարար Վրէժ եւ Սալմա Սապունճեաններուն,  շաբաթ, 23 մարտին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ճաշկերոյթ մը «Ռիճընսի փալաս» պանդոկի սրահին մէջ: Այս առիթով ելոյթ ունեցաւ հայրենի տաղանդաւոր արուեստագէտ Ռազմիկ Ամեան` ընկերակցութեամբ իր նուագախումբին: Յայտագիրին մասնակից դարձաւ հայրենիքէն հրաւիրուած երգչուհի Մոնիքա Նազարեան: Ներկայ էին Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսան Մաթոսեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ...

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան  Կրօնական Ու Քաղաքական Ժողովներու Նիստեր`  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Կիպրոսի Հայութեան Պետական Եւ Ասորի Պատրիարքին Ներկայացուցիչները

Շաբաթ, 23 մարտ 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը վեհարանի իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց այցելութիւնը ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքի ներկայացուցիչ Ժաք Եագուպ եպիսկոպոսը եւ Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը: Առաջին այցելութիւնը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ եւ ասորի եկեղեցիներու դարաւոր բարեկամութիւնը ու գործակցութիւնը աւելի խորացնելու կարելիութիւններուն, իսկ երկրորդ հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան հայ համայնք-պետութիւն յարաբերութիւններուն եւ...

Միջեկեղեցական Եւ Միջկրօնական Յանձնախումբի Ժողով` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Միջեկեղեցական Եւ Միջկրօնական Յանձնախումբի Ժողով` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Ուրբաթ, 22 մարտ 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական ու միջկրօնական նորակազմ յանձնախումբին աշխատանքային հանդիպումը: Ժողովական աշխատանքներուն ատենապետեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, իսկ ատենադպիրի պաշտօնը վարեց կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հրանդ վրդ. Թահանեան: Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով պարզեց միջեկեղեցական ու միջկրօնական մարզերուն մէջ տեղի ունեցած...

Միջազգային Միջեկեղեցական Համագումարի Մասնակիցները` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Միջազգային Միջեկեղեցական Համագումարի Մասնակիցները` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Կիրակի, 24 մարտ 2019-ին, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի մէջ այս օրերուն գումարուող միջազգային միջեկեղեցական երիտասարդաց համագումարի մասնակիցներէն խումբ մը երիտասարդներ` զանազան երկիրներ ներկայացնող: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, պատարագի աւարտին, ողջունելով երիտասարդներուն ներկայութիւնը ըսաւ. «Երիտասարդութիւնը արիւնը կը կազմէ ազգի մը, եկեղեցւոյ կամ կազմակերպութեան մը: Անհրաժեշտ է, որ այս գիտակցութեամբ երիտասարդութիւնը մօտենայ իր դերին,...

Ազգային Իշխանութեան  Ուսումնական Խորհուրդ.  Ազգային Վարժարաններու Անգլերէն  Ուսուցիչներու Վարժանիստ`  Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. Ազգային Վարժարաններու Անգլերէն Ուսուցիչներու Վարժանիստ` Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Նախաձեռնութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի գրելու կեդրոնին, աջակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան շաբաթ, 23 մարտին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջնակարգի եւ երկրորդականի անգլերէնի ուսուցիչներու վարժանիստ` մասնակցութեամբ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի անգլերէնի ուսուցիչներուն: Ուսումնական խորհուրդին անունով Շանթ Ստեփան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յոյս յայտնեց,...

Հաղորդագրութիւն

Հայ Ուսանողի Ֆոնտ. 61 Ուսանողներ Արդէն Ստացան Յատկացումներ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ երեքշաբթի, 19 մարտէն սկսեալ Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ընդհանուր ծրագիրին մաս կազմող Հայ ուսանողի ֆոնտը սկսած է կատարել իր յատկացումները` հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ եւ Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններ յաճախող ուսանողներու: Դիմումներու քննութենէն ետք, ցարդ 61 ուսանողներ ստացան կրթաթոշակի յատկացումներ: Յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կապ կը հաստատուի մնացեալ դիմորդներուն հետ` ներկայանալու Երեսփոխանական գրասենեակ եւ ստանալու Հայ ուսանողի ֆոնտի իրենց...

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային  Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին.  Մանուկներու Միջազգային  Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին. Մանուկներու Միջազգային Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

Ուրբաթ, 22 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը արտասովոր եռուզեռի մէջ էր: Հայկական վարժարաններու հարիւրաւոր աշակերտներ փութացած էին սրահ` մասնակցելու Մանուկներու միջազգային օրուան տօնակատարութեան: Այս իւրայատուկ հանդիսութիւնը կազմակերպած էր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը: Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալման, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, Լիբանանի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Տիեզերական Պատրիարքին Ներկայացուցիչը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Տիեզերական Պատրիարքին Ներկայացուցիչը

Հինգշաբթի, 21 մարտ 2019-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Բարթողիմէոս տիեզերական պատրիարքի անձնական ներկայացուցիչ, Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի պատրիարքական փոխանորդ մետրոպոլիտ Էմմանուէլի հետ, որուն կ՛ընկերանար Աթէնքի մէջ Տիեզերական պատրիարքութեան ներկայացուցիչ եպիսկոպոսը: Այցելութեան նպատակն էր տիեզերական պատրիարքին անունով վեհափառ հայրապետին հետ խորհրդակցիլ ուղղափառ եկեղեցիներուն դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն շուրջ, եւ այս ծիրին մէջ յատկապէս...

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2019 թուականի  յունուարի 1-ի թիւ 34-Ա  հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն 20534, 20987, 21459, 20858, 21398, 20952, 21472, 21199, 20682, 19671, 21516, 21515, 21198, 21284, 20982, 21503, 21489, 20933, 21488, 21178, 21413, 18705, 21206, 21202, 19717, 19654, 19585, 21267, 21428, 21353, 18567, 21220, 21322, 19690,...

Հայ Մամուլին Նուիրուած Համահայկական  Համաժողով` Անթիլիասի  Մայրավանքին Մէջ (2-4 Յուլիս 2019)

Հայ Մամուլի Նուիրուած Համահայկական Համաժողով Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ (2-4 Յուլիս 2019)

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հռչակած «Հայ մամուլի տարուան» առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ հայ մամուլին նուիրուած համահայկական համաժողով, 2-4 յուլիս 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Համաժողովը պիտի ունենայ համահայկական բնոյթ, հետեւաբար համաժողովին պիտի մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ գործող  մամուլի գլխաւոր խմբագիրներ եւ մամուլի գործիչներ: Համաժողովը պիտի քննարկէ հայկական լրատուադաշտին այսօրուան մարտահրաւէրները, համագործակցութեան ուղիները, արդիական...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Հաղորդագրութիւն

Նկատի ունենալով, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. սրբազնագոյն կաթողիկոս 2019-ը «Հայ մամուլի տարի» հռչակած է, անսալով վեհափառ հայրապետի կոչին, Լիբանանի հայոց Ազգային առաջնորդարանը ծրագրած է կարգ մը նախաձեռնութիւններ, որոնց մասին օրը-օրին պիտի հաղորդէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Առաջին փուլին, կը հրաւիրենք լիբանանահայ տպագիր եւ ելեկտրոնային մամուլի հին եւ նոր բոլոր սպասաւորները եւ լիբանանահայութիւնը ուրբաթ, 12 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց...

Page 198 of 365 1 … 197 198 199 … 365

Արխիւներ