Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններու Աշակերտներուն. «Հոգեւոր Ու Ազգային Արժէքները Եւ Արդի Արհեստագիտութիւնը» Նիւթով Շահեկան Սեմինար

April 3, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 30 մարտ 2019-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտներու միօրեայ սեմինար, որուն նիւթն էր «Հոգեւոր ու ազգային արժէքները եւ արդի արհեստագիտութիւնը»: Սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Եղիշէ Մանուկեան, Միացեալ եւ «Յառաջ- Գ. Կիւլպէնկեան վարժարաններէն աշակերտներ:

Սեմինարը սկսաւ ժամերգութիւն-աղօթքով, ապա եկեղեցւոյ սրահին մէջ սեմինարին բացումը կատարեց Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ նշեց, թէ այսպիսի հաւաքներ առիթներ են մտերմութեամբ քննելու աշակերտութիւնն ու եկեղեցին յուզող շարք մը խնդիրներ` առանց սահմանափակումներու եւ արգելքներու:

Օրուան առաջին զեկուցաբերն էր Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, որ ներկայացուց  «Ազգային ու հոգեւոր արժէքները եւ հայ ուսանողը նիւթը», իսկ երկրորդ զեկուցաբերը` Սարհատ Արիստակէսեան, խօսեցաւ «Արդի արհեստագիտութիւնը եւ հայ ուսանողը» նիւթին շուրջ: Զոյգ զեկուցումներէն ետք, սեմինարին մասնակիցները հարցումներով եւ տեսակէտներով բերին իրենց շահեկան մասնակցութիւնը: Ապա աշակերտները փոքր խումբերով կատարեցին աշխատանքներ եւ համապատասխան ներկայացումներ:

Միօրեայ սեմինարի աւարտին խօսք առաւ թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, որ նշեց, թէ հայ աշակերտները հայ ժողովուրդի ազգային եւ հոգեւոր արժէքներուն պահապաններն են, որոնք պէտք է զինուին համապատասխան գիտելիքներով, շունչով եւ ոգիով:

Աւարտին, իր հայրական պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, որ նշեց, թէ հայ դպրոցը, հայ ընտանիքը, հայ եկեղեցին եւ հայկական միութիւնները մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն, եւ հայ ուսանողութեան պարտականութիւնն է գիտակից ըլլալ իր ժամանակը այնպէս դասաւորելու, որ ամէն տեղ ներկայութիւն ըլլայ` մասնակից դառնալով ինքնութեան պահպանման նպաստող հաւաքական կեանքին:

Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ արդի արհեստագիտութիւնը պէտք է կամրջել մեր հոգեւոր-ազգային արժէքներուն, որովհետեւ հաւաքականութիւններ արժէքներով կը գոյատեւեն: Նարեկ արքեպիսկոպոս մեծապէս գնահատեց մասնակից աշակերտներուն օգտաշատ մասնակցութիւնը:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Նախորդը

1 Ապրիլ 1909. Կիլիկիոյ Աղէտի 110-ամեակի Դառն Ու Դաժան Դասերը

Յաջորդը

Հայրենի Թատերական Գործիչներու Այցելութիւնը «Ազդակ»

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.