Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Հանդիպումը Խումբ Մը Լիբանանահայ Երգողներու Եւ Ընկերակցողներու Հետ

Մարտ 30, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 26 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի եւ լիբանանահայ երգողներու եւ ընկերակցողներու հետ ծանօթացման իւրայատուկ հանդիպումը:

Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ յայտնեց, թէ նշեալ հաւաքին նպատակն է սերտել երկկողմանի գործակցութեան կարելիութիւնները եւ մտիկ ընել ճշդուած ճիւղի ներկայացուցիչներուն մտահոգութիւններն ու առաջարկները: Տէմիրճեան հաստատեց, որ տարբեր բնագաւառներու ներկայացուցիչներու հանդիպումները յառաջիկային պիտի շարունակուին պարբերական դրութեամբ:

Ապա ներկաները խօսեցան լիբանանահայ երգողները յուզող շարք մը խնդիրներու մասին: Մասնակիցները անդրադարձան գործակցութեան կարեւորութեան եւ շեշտեցին, թէ նմանօրինակ հաւաքներ անհրաժեշտութիւն են:

Աւարտին առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ ինք պատրաստակամ է զօրակցելու հաւաքական նախաձեռնութիւններուն` միասնաբար որոնելով անհրաժեշտ եւ կարելի լուծումներ:

Նարեկ սրբազան ներկայացուց քննարկումներէն բխած 11 առաջարկներ եւ աւելցուց, որ լիբանանահայ երգողները բեմերուն վրայ գտնուելու կողքին նաեւ մեր կեանքին մէջ ներկայ պէտք է ըլլան` իրենց մասնակցութիւնը բերելով մեր հոգեւոր եւ ազգային իրականութեան: Նարեկ արքեպիսկոպոս մաղթեց, որ մեր երգողները եւ ընկերակցողները հաւաքաբար կազմեն համախմբում մը, որուն պարտականութիւնը ըլլայ համակարգել աշխատանքները, ստեղծել շարժառիթներ ու գործելադաշտեր եւ մտահոգութիւնները լսելի դարձնել հասարակութեան:

Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ Ազգային առաջնորդարանը պատրաստակամ է իրականացնելու հոգեւոր շարականներու երգեցողութեան սկաւառակներ, պատրաստելու հոգեւոր-ազգային երգերու տեսերիզներ` համապատասխան ծրագիրով եւ նիւթական կարելիութիւններու ուսումնասիրութեամբ:

Նախորդը

Վերա Եագուպեան. «Անհրաժեշտ Է Պատրաստել Իր Ժողովուրդի Դատին Հանդէպ Հաւատք Տածող Երիտասարդութիւն, Որ Ճիգ Պիտի Չխնայէ Այդ Նպատակին Տրամադրելու Ամէն Բան»

Յաջորդը

Նահապետ Քուչակի Նուիրուած Երեկոյ Եւ Կարօ Աւեսեանի «Երեք Հայրէն Քուչակէն» Ստեղծագործութեան Գինեձօն

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?