Երէկ առաւօտ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցաւ նիւեորքաբնակ պատմաբան եւ Նիւ Եորքի Ազգային առաջնորդարանի ուսումնական խորհուրդի վարիչ- տնօրէն դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան` ընկերակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայագիտական ուսմանց գրասենեակի պատասխանատու Ժիրայր Դանիէլեանի: Դոկտ. Մատթէոսեան Լիբանան եկած է դասախօսելու համար կաթողիկոսութեան հայագիտական դասընթացքին:
Տնօրէնութեան հետ կայացած զրոյցը կը վերաբերէր մամուլին, լեզուաբանական եւ պատմագիտութեան ժամանակակից խնդիրներուն:
Դոկտ. Մատթէոսեան պիտի դասախօսէ «Ազդակ»-ի մամլոյ լսարանին, հինգշաբթի երեկոյեան, «Ցեղային քաղաքականութիւնը, Միացեալ Նահանգները եւ հայերը» նիւթին մասին: