Երէկ` հինգշաբթի, 6 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 153-րդ լսարանը` Սեւրի համաձայնագիրի 100-ամեակին ընդառաջ: Կլոր սեղան-քննարկումի բնոյթ կրող մամլոյ լսարանին նիւթն էր «Սահմաններ` Սեւրէն առաջ եւ ետք. Հայաստան եւ Միջին Արեւելք»:
Քննարկումը վարեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Ժան Կէօքճեան, իսկ օրուան զեկուցաբերներն էին` Միշիկըն-Տիրպոռն համալսարանի դասախօս դոկտ. Արա Սանճեան` «Հայաստան. սահմաններ եւ պահանջներ (1828-1953) նիւթով, եւ Ժընեւի համալսարանի դասախօս դոկտ. Վիգէն Չթըրեան` «Սեւրէն ետք` սահմանային խնդիրներ Միջին Արեւելքի մէջ» նիւթով:
Քննարկումի պաշտօնական բացումը կատարեց դոկտ. Ժան Կէօքճեան, որ շնորհակալական խօսք ուղղեց «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան` սոյն հանդիպումը կազմակերպելուն համար: Ան անդրադարձաւ նաեւ նիւթի կարեւորութեան: Կէօքճեան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, թէ հակառակ անոր որ Սեւրը այսօր Արեւմուտքին համար կրնայ ոչ մէկ բան նշանակել, սակայն Սեւրի կտակը կը շարունակէ մնալ: Ան քննարկման բացումը կատարեց ըսելով. «99 տարի ետք այսօր մենք կը քննենք Սեւրի դաշնագիրը, որ կրնայ Արեւմուտքին բան չըսել, սակայն Սեւրը լայն եւ հարուստ է իր յօդուածներով»: Կէօքճեան նշեց, որ օրուան քննարկման կեդրոնացումը պիտի ըլլայ դաշնագիրին 6-րդ գլխուն վրայ, որ կը վերաբերի Հայաստանին, այլ խօսքով` 88-րդ յօդուածէն մինչեւ 93-րդ յօդուածը: Դոկտ. Ժան Կէօքճեան շեշտեց, թէ հակառակ անոր որ Սեւրի դաշնագիրը կարճ ժամանակի ընթացքին միայն գոյատեւեց, սակայն անոր հետեւանքները մենք կը կրենք մինչեւ այսօր, որոնցմէ էր օրինակ Պոլսոյ միջազգայնացումը:
Օրուան առաջին զեկուցաբեր դոկտ. Արա Սանճեան հիմնականօրէն խօսեցաւ հողային եւ տարածքներու պահանջատիրութեան մասին: Ան իր խօսքը սկսաւ անդրադառնալով Արեւմտահայաստանի եւ անոր դիտանկիւններու կազմաւորման: Ան նշեց նաեւ, թէ Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրին 16-րդ յօդուածը, ուր առաջին անգամ Հայաստան բառը կը գործածուի, հոն բացատրութիւն չկայ Հայաստանի տարածքային դիրքաւորումին մասին: Սանճեան շեշտեց, թէ ազգային-ազատագրական կռիւներուն ընթացքին ամբողջ կառավարութիւնը փլեցաւ, եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը պահանջէր ամբողջական մէկ նահանգ կամ երեք նահանգներ ստեղծել, ուր հայերը մեծամասնութիւն պիտի ըլլային: Սանճեան անդրադարձաւ նաեւ ռուսերու քաղաքականութեան, անոնք ոչ մէկ խոստում տալով կրցան լաւ քաղաքականութիւն պահել: Ան ընդգծեց, որ Սեւրի պայմանագիրը չփորձեց մօտենալ Ազրպէյճանին, Վրաստանին եւ Նախիջեւանին:
Լսարանի երկրորդ զեկուցաբեր դոկտ. Վիգէն Չթըրեան ամբողջացնելով դոկտ. Սանճեանի խօսքը, ըսաւ, թէ պահանջներու եւ համաձայնագիրներու կողքին կայ նաեւ ռազմական ուժ եւ ուժերու հաւասարակշռութիւն, որուն լայն սահմանումով միայն կարելի պիտի ըլլայ պատմութիւնը աւելի լաւ ձեւով հասկնալ: Ան նշեց, որ պետական սահմանները նաեւ կ՛որոշեն հաւաքական ինքնութեան հարցը: Ան իր խօսքի սկիզբը անդրադարձաւ 400 տարի տեւած Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան, որ միջինարեւելեան կայուն սահմաններ ունեցած է, քան Եւրոպան, եւ ասիկա կարեւոր է, որպէսզի գիտնանք անկայունութեան պատճառը, որ եկած էր արտաքին ուժերու ճնշման եւ ինքնութիւններու զարգացման պատճառով, եւ ասիկա է, որ կը բացատրէ սահմաններու փոփոխումը, եւ ոչ միայն երկու երկիրներու միջեւ եղած պայքարը: Չթըրեան շեշտեց, թէ Սայքս Պիքոն յաճախ կը նշուի Միջին-Արեւելքի մէջ, աւելի քան Սեւրը, եւ այդ մէկը կը կապուի միջինարեւելեան երկիրներուն դժբախտութիւններուն հետ: Դոկտ. Վիգէն Չթըրեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով թէ սահմաններու հարցը բախումի լուրջ պատճառ է` հարց տալով, թէ ո՞վ ենք մենք, ինչպէ՞ս կարելի է հաւաքական ինքնութեան սահմաններ գծել, որո՞ւ հետ կ՛ապրինք, եւ արդեօք հաւասա՞ր ենք մենք անոնց:
Քննարկման աւարտին, ներկաները առիթը ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու զեկուցաբերներուն եւ իրենց տեսակէտները արտայայտելու Սեւրի դաշնագիրին եւ անոր հետեւանքներուն մասին:
Նշենք, որ լսարանը ուղղակի սփռուեցաւ «Նոյեան տապան» լրատու գործակալութեան եւ «Ազդակ»-ի ֆէյսպուքեան էջերուն վրայ: