Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Կը Զօրակցինք Մեր Ազգի Զաւակներու Բոլոր Կարիքներուն» Հաստատեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս

Յունիս 8, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ազգային Առաջնորդարանի
Ընկերային Բաժանմունքի Նոր Կեդրոնի Բացում

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, հինգշաբթի, 6 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, նախկին Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանի երրորդ յարկին վրայ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի նոր կեդրոնի բացումը:

Սրբազան հայրը կատարեց օրհնութեան աղօթքը, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի պատասխանատու` ընկերային ծառայող Մարիա Եագուպեան: Ան նկատել տուաւ, որ Ազգային առաջնորդարանը իր բազմատեսակ սպասարկութիւններով, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, կը ծառայէ ազգայիններուն: Ան յայտնեց, որ ընկերային բաժանմունքը Ազգային առաջնորդարանի ծառայողական աշխատանքներու հիմնական օղակներէն մէկն է, որուն աշխատանքներուն հսկողութիւնը կը կատարէ ընկերային յանձնախումբը: Այս բաժանմունքը կը հիւրընկալէ բոլոր ազգայինները, որոնք զանազան դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն:

Մ. Եագուպեան ըսաւ, թէ ընկերային բաժանմունքը իր նիւթական կարելիութեան սահմաններուն մէջ կը հոգայ հայորդիներու առողջապահական եւ ընկերային կարիքները: Ան աւելցուց, որ այս աշխատանքները կը հովանաւորէ առաջնորդ սրբազան հայրը, որ իր հայրական գուրգուրանքով ո՛չ միայն կը հետեւի աշխատանքներուն, այլեւ անձամբ հերթական դրութեամբ կ՛այցելէ ընտանիքներուն տուները: Եագուպեան ըսաւ, թէ սոյն կեդրոնը ստեղծուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի ծառայութեան աշխատանքային հորիզոնը ընդարձակելու եւ ճիւղաւորելու նպատակով:

Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան իր ելոյթին մէջ նկատել տուաւ, որ լիբանանահայութեան ընկերային կարիքները օրըստօրէ կ՛աւելնան առկայ բազմաթիւ տնտեսական-ընկերային դժուարութիւններուն դիմաց: Ան նշեց, որ այս մտահոգութիւններէն մեկնած, Ազգային վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ սրբազան հօր, գործակցաբար Ընկերային յանձնախումբին, սերտեց կարելիութիւնները ծաւալելու առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի գործելադաշտերը եւ սպասարկութիւնները: Ան յայտնեց, որ յետ ուսումնասիրութիւններու, որոշուեցաւ բաժանմունքը իր գրասենեակներով փոխադրել նախկին Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան, որպէսզի տեղի իմաստով դժուարութիւնները յաղթահարուին, եւ կարիքաւոր ընտանիքներու անձնականութիւնը  պահպանուի: «Այս կեդրոնը բոլոր անոնց համար է, որոնք զօրակցութեան կարիք ունին, եւ մենք մեր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ պիտի դնենք օգտակար դառնալու եւ ձեռք երկարելու իւրաքանչիւր հայորդիի», ըսաւ ան:

Րաֆֆի Սիսլեան նկատել տուաւ, որ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքին տրամադրուած տարեկան պիւտճէին կողքին բազմաթիւ բարերարներ նիւթական օժանդակութեամբ յաւելեալ պիւտճէ կ՛ապահովեն ծրագիրներու յաջողութեան: Սիսլեան ըսաւ, թէ անցնող շաբաթներուն ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլը տասը հազար ամերիկեան տոլար նուիրեց բաժանմունքին, որ գործածուի կարիքաւոր ընտանիքներու կեցութեան պայմաններու բարելաւման աշխատանքներուն:

«Այսուհետեւ կեդրոնը գոյութիւն ունի: Կը մնայ կառոյցին կեանք տալ, շունչ տալ: Կը մնայ, որ բարերարները իրենց նիւթական եւ բարոյական մասնակցութեամբ յաւելեալ ընթացք տան աշխատանքներուն: Կը մնայ, որ հայորդիները պիտոյքներով, հագուստեղէնով եւ այլ կարիքներով կատարեն համապատասխան փոխանակումներ: Կը մնայ, որ պատասխանատուները եւ պաշտօնեաները բծախնդրութեամբ, նուիրումով եւ հետեւողականութեամբ կատարեն իրենց վստահուած աշխատանքը», եզրափակեց Սիսլեան:

Ապա Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս ուղղեց իր հայրական պատգամը: Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ Ազգային առաջնորդարանը շէնք, անձնակազմ կամ վայր մը չէ, այլ առաքելութիւն է, եւ այդ առաքելութեան ճամբուն վրայ նոր փուլ մը եւս կը թեւակոխենք ընկերային ծառայութեան սոյն կեդրոնին հաստատումով: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, թէ երկրի տնտեսական, ընկերային եւ այլ պայմանները շատ ալ փայլուն չեն, սակայն հայ քրիստոնեայի լաւատեսութիւնը եւ հեռատեսութիւնը կրնայ յաղթահարել ամէն տեսակի դժուարութիւն` հաստատելով, որ մեր պատմութեան ընթացքին ամէն անգամ, երբ քաղաքական եւ այլ հաշուարկներ սխալ ելած են` մենք անկիւնադարձ ապրած ենք եւ յաղթանակ արձանագրած:

Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, թէ ընկերային ծառայութիւնը մաս կը կազմէ եկեղեցւոյ հարազատ առաքելութեան` աւելցնելով, որ մեր ժողովուրդի ծոցէն ծնան ծանօթ եւ անծանօթ, մեծ եւ փոքր բարերարներ, գիտակից եւ յանձնառու հայորդիներ, որոնք իրենց ունեցածէն բաժին հանեցին իրենց մեծ ընտանիքին` ազգին, եւ ազգն ալ իր հերթին այդ բոլորը բաշխեց մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն:  «Նորութիւն չէ ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը առաջնորդարանի կեանքին եւ առաքելութեան մէջ, բայց նորութիւն է այս նոր պատրաստակամութիւնը: Մեր ժողովուրդի աւելի լայն զանգուածին օգտակար ըլլալու մեր այս քայլը», շեշտեց Նարեկ արքեպիսկոպոս եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք զանազան միջոցներով օգտակար հանդիսացան այս նուիրական ծրագիրին` հաւատալով, որ անոնք ապագային եւս պիտի շարունակեն օգտակար հանդիսանալ նոյն պատասխանատուութեամբ եւ գիտակցութեամբ:

Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը ըսաւ. «Ընկերային ծառայութիւնը օժանդակութիւն չէ: Ընկերային ծառայութիւնը զօրակցութիւն է: Մենք կը զօրակցինք մեր ազգի զաւակներու բոլոր կարիքներուն: Ընկերային ծառայութեան այս բաժանմունքը կու գայ ո՛չ միայն նիւթական օժանդակութիւն ընծայելու, այլ ըսելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ Ազգային առաջնորդարանը ձեզի հետ է, մենք բոլորս մէկ ընտանիք ենք եւ այսպէս պիտի շարունակենք մեր ծառայութիւնը` աղօթքով, հայրենասիրութեամբ, պահանջատիրութեամբ եւ ընկերային ծառայութեամբ»:

Աւարտին ներկաները շրջեցան ընկերային ծառայութեան նոր բաժանմունքին մէջ եւ յայտնեցին իրենց բարեմաղթութիւնները:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատուն. Բողբոջ Դասարանի Նոր Դասագիրքի Ծրարի Ներկայացում

Յաջորդը

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (2). Ծանօթացում Համազգայինի «Վ. Սէթեան» Հրատարակչատան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?