Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան, երէկ` կիրակի, 9 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ կիթառի եւ լարային քառեակի համերգ` գեղարուեստական խմբավարութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի շրջանաւարտ եւ ներկայիս ուսուցիչ Մկրտիչ Միքայէլեանի:
Քառեակի խմբավար Մկրտիչ Միքայէլեան անցնող տարիներուն միջազգային մակարդակներու վրայ արժանացաւ բարձր մրցանակներու: Այս տարի անոր աշակերտները պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրեցին հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած երաժշտական մրցանքին:
Կիթառի եւ լարային քառեակը հիմնուած է 2008-ին` ներկայիս անոր անդամ Օնտին Պրիզիանուի կողմէ: Քառեակի չորս օտարերկրացի արուեստագէտները անդամ են Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին: Անոնք աւարտած են Ռումանիոյ եւ Հոլանտայի բարձր մակարդակի երաժշտանոցները: Խումբը բազմաթիւ առիթներու հանդէս եկած է Լիբանանի տարբեր տեսակի պետական փառատօներուն:
Քառեակը կը բաղկանայ Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի օտար երաժիշտներէ, ջութակ վրայ` Օնտին Պրիզիանու, Սիլվիու Կապրիէլ Կերասիմեսքու եւ Լուքաս Նովիքի, թաւջութակ` Մակտալենա Սոքոլա, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ կիթառի վրայ` Մկրտիչ Միքայէլեանի: Քառեակին միացաւ նաեւ Նարեկ Քէշիշեան, որոշ եղանակներու ժամանակ` արուեստական թմբուկով:
Նուագախումբը իւրայատուկ ձեւով ներկաներուն հրամցուց բարձր որակի 11 հայկական ժողովրդական եւ օտար եղանակներ ու կատարումներ, որոնք արժանացան ժողովուրդի բուռն ծափահարութիւններուն: Քառեակը երաժշտական իր արհեստավարժութեամբ ներկաներուն ուշադրութիւնը գրաւեց այն գեղեցիկ եղանակներով, որոնք արդիւնքն են միայն լարային գործիքներու եւ կիթառի:
Համերգի աւարտին, քառեակը անգամ մը եւս նուագեց այն եղանակները, որոնք արժանացած էին ժողովուրդի գնահատանքին: