Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Այցելութիւններն Ու Հանդիպումները Հալէպի Մէջ

Յունիս 4, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Հանդիպումը Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Մարմիններուն Եւ Ուղեկից Միութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Կիրակի, 2 յունիս 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Օրուան պատարագիչն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան, ներկայ էին Բերիոյ հայոց թեմի ազգային մարմիններու, պատկան մարմինի անդամներ, ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը:

Անկէ ետք Յակոբ Տէր Խաչատուրեան առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ ներկայ ազգային ու միութենական ներկայացուցիչներուն հետ: Յանուն Բերիոյ թեմի Ազգային վարչութեան, դոկտ. Հուրի Ազէզեան ըսաւ. «Հալէպահայութիւնը արդէն թեւակոխած է վերականգնումի ու վերաշինութեան երկրորդ փուլը: Հալէպի հայ համայնքը վճռած է իր բարի եւ արդիւնաւէտ երթը շարունակել նաեւ զօրակցութեամբ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի նման ազգայիններու, որոնք ո՛ւր ալ երթան, հոգեկան ամուր կապերով կապուած կը մնան Հալէպին եւ միշտ իրենց այցելութիւններով մեզ կը գօտեպնդեն»:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, ապա հաստատեց. «Նախ կ՛ուզեմ շնորհաւորել այս հոյակապ համայնքը, որ սփիւռքի ճառագայթող համայնքներէն մէկը կը նկատուի. մայր գաղթօճախը, ուր Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մնացորդացը (ինչպէս կ՛ըսէր Յակոբ Օշական) տքնաջան աշխատանքով կերտեց սփիւռքը, Ցեղասպանութեան սուգը վերածեց պահանջատիրութեան, ապա դարձաւ մշակութային հնոց ու ծաղկեցուց այլ գաղութներ եւս: Փաստօրէն, սուրիական տագնապի վերջին տարիներու արտագաղթը Հալէպէն, թէեւ բացասական ազդեցութիւն ունեցաւ այս համայնքին վրայ, սակայն դրական մեծ ներդրում բերաւ այլ գաղութներու վերածաղկումին, յատկապէս Քանատայի, Շուէտի, Աւստրալիոյ մէջ ու այլուր»:

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Այցելութիւնը Նոր Գիւղ

Երկուշաբթի, 3 յունիս 2019-ի առաւօտեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց Նոր Գիւղի ազգային հաստատութիւնները: Այցելութիւնը սկսաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն, ուր զինք դիմաւորեց եկեղեցւոյ քահանայից դասը: Գոհաբանական աղօթքներէն ետք, Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ բացատրութիւն տուաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կառոյցին մասին` կարեւոր նկատելով անոր դերը պատերազմի տարիներուն: Ապա Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին հետ:

Ապա պատուիրակութիւնը այցելեց Ազգային պատսպարան, ուր տպաւորիչ հանդիպում մը ունեցաւ սաներուն ու պատասխանատուներուն հետ, ուրկէ ուղղուեցաւ «Տպարան Արեւելք» եւ ծանօթացաւ տպարանի աշխատանքներուն:

Նոր Գիւղի շրջագայութիւնը ընդգրկեց նաեւ այցելութիւններ Սուրիահայ օգնութեան խաչի ընկերաբժշկական եւ Համազգայինի «Զաւարեան» մշակութային վերակառուցուած կեդրոններ: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան մօտէն ծանօթացաւ վերակառուցման աշխատանքներուն, որոնք տակաւին իրենց աւարտին չեն հասած: Ընկերաբժշկական կեդրոնի մուտքին խաչուհիները Տէր Խաչատուրեանը ընդունեցին ՀՕՄ-ի քայլերգով, ապա ընկերոջ նուիրեցին ՍՕԽ-ի յուշամատեանն ու հայկական ասեղնագործութեամբ յուշանուէր մը:

Նոր Գիւղ այցելութիւնը իր լրումին հասաւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ, ուր Յակոբ Տէր Խաչատուրեան պատկան մարմինի անդամներուն, Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան, քահանաներուն եւ միութենականներու ներկայութեան կատարեց բացումը Հալէպի հայաշատ թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան պատասխանատու, նահատակ Րաֆֆի Պչաքճեանի դիմաքանդակին: Հոգեհանգստեան կարգէն ետք Հայկազ Ասատուրեան լուսարձակի տակ առնելով նահատակ ընկերոջ մարդկային, ազգային ու միութենական առաքինութիւնները ըսաւ, որ ամէնէն տագնապալի օրերուն ան ներկայ էր հոն, ուր իր կարիքը կը զգացուէր` նուիրումի իր ոգիով օրինակ դառնալով ո՛չ միայն իր գործակիցներուն, այլ նաեւ օտարներուն:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այս առիթով ըսաւ. «Ընկ. Րաֆֆիի հերոսական սխրանքները Սուրիոյ սահմաններուն մէջ չեն մնացած, այլ հասած են համայն հայութեան: Ընկ. Րաֆֆին իր նկարագիրով եւ դաշնակցականի ամբողջական նուիրումով սերունդներ պիտի ներշնչէ: Այս դիմաքանդակի բացման առիթով, ձեզի կը փոխանցեմ ողջոյններն ու մաղթանքները համայն դաշնակցական ընտանիքին` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

«Սիրելի՛ ընկ. Րաֆֆի, յիշատակդ թող ներշնչող ըլլայ: Դուն հարստացուցիր դաշնակցական հերոսներուն փաղանգը: Քեզմով ո՛չ միայն կը հպարտանանք եւ քու օրինակիդ մէջ ո՛չ միայն կը տեսնենք մեր ֆետայական անցեալի շարունակութիւնը, այլ նաեւ զայն կը նկատենք մեր ապագայ շարունակականութեան երաշխիքը», ընդգծեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նաեւ հանդիպում ունեցաւ Ճեմարանի տնօրէնութեան ու խնամակալութեան հետ:

Այցելութեան ընթացքին յատկանշական էր երիտասարդական եւ ուսանողական նորակառոյց կեդրոններուն բացումը` ներկայութեամբ պատկան մարմինին, ՍԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, Քրիստափոր ուսանողական միութեան վարչութեան եւ միութենականներու: Կեդրոններու բացումներուն օրհնութեան արարողութիւնը կատարեցին Խորէն քհնյ. Պերթիզլեան եւ Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան: Տէր Մաշտոց իր օրհնութեան խօսքին մէջ շեշտեց. «Երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնն են մեր ազգային արժէքներուն ջահակիրները, այսպիսի կեդրոններու բացումը երաշխիքն է ազգային տեսլական ունեցող երիտասարդութեան աշխուժ գործունէութեան»:

Իր կարգին, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, շրջագայելով կեդրոններուն մէջ, գոհունակութիւն յայտնեց կատարուած աշխատանքին համար եւ յաջողութիւն մաղթեց երիտասարդ միութենականներուն:

Պաշտօնական Այցելութիւն` Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետարան

Կիրակի, 2 յունիս 2019-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքապետարան այցելեցին:

Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան բարի գալուստ մաղթեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին եւ յայտնեց, որ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին Հալէպ ժամանումը ուրախութիւն է ո՛չ միայն Հայ աւետարանական համայնքին եւ անոր առնչակից միութիւններուն ու հաստատութիւններուն, այլեւ ամբողջ սուրիահայութեան համար: Ան դիտել տուաւ, որ Տէր Խաչատուրեանի Սուրիա այցելութիւնը կը զուգադիպի բարեբաստիկ այն օրերուն, երբ մենք ազգովին կը յիշատակենք 28 մայիսի սխրագործութիւնները: Համայնքապետ վերապատուելին յայտնեց, որ Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք Հայաստանի Հանրապետութիւնը կերտուեցաւ մեր ազգի մարտունակ զինուորներուն, ՀՅԴ-ի նուիրեալ զաւակներուն եւ հայ ժողովուրդի միասնական պայքարին շնորհիւ:

Ապա վերապատուելին յայտնեց, թէ շնորհիւ ՀՅԴ-ին հայ ժողովուրդը վերատիրացաւ իր փառքին ու ազատ ապրելու իրաւունքին: «Այսօր մեզի կը մնայ յիշարժանօրէն գնահատել այն փառքը, որ մեզի շնորհուեցաւ: Այս իմաստով կ՛ողջունեմ ձեզ, որ պատասխանատու դեր ստանձնելով հաւատարիմ կը մնաք մեր ձգտումներու իրականացման ուխտին: Հայաստանը անկախացած է, այնուամենայնիւ մենք 28 մայիսով կը յիշենք եւ կը յիշեցնենք, որ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականով պիտի շարունակենք մեր գոյերթը», ըսաւ վերապատուելին` աւելցնելով, որ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն ՀՅԴ-ն գաղութի ամէնէն օրհասական պահերուն տիրութիւն ըրաւ ժողովուրդին: Ան միշտ աջակից եղաւ Հայ աւետարանական համայնքին եւ միասնակամութեան ոգիով գործեց:

Հուսկ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը խօսք առնելով կարեւոր նկատեց միասնականութեան խորհուրդը: «Հայ աւետարանական համայնքն ու մնացեալ յարանուանութիւնները իրենց գործակցութեամբ անսացին կազմակերպութեան միասնական աշխատանքի կոչին: Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքը ձեր ներդրումով եւ իր զաւակներով մեր ազգային արժէքներուն ջատագովը հանդիսացած է եւ համահայկական մեր կեանքին մէջ իր ինքնուրոյն տեղը ունեցած», նշեց ան:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը բարձր գնահատեց համայնքապետ վերապատուելիին համահայկական տարողութեամբ տարած ազգային գործունէութիւնը:

Այնուհետեւ ան թուեց համահայկական մարտահրաւէրները` Հայաստանէն Արցախ, Ջաւախք եւ սփիւռք:

Աւարտին վերապատուելին Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին խորհրդանշական յուշանուէր մը յանձնեց:

 

 

Նախորդը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Տագնապի Գօտիին Մէջ Վերահսկող Միջազգային Մեքանիզմներու Ներդրումը Անյետաձգելի Է»

Յաջորդը

Քուշներ Վստահ Չէ, Որ Պաղեստինցիները Ունակ Են Ինքնակառավարման` Առանց Իսրայէլի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?