Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Ւ Վերականգնումի Կեդրոնական Մարմինին Հետ

Յունիս 7, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 4 յունիս 2019-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպում ունեցաւ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի (ՍՇՕՎ) Կեդրոնական  մարմինին հետ:

Հանդիպումէն Ճամբորդութեան պատճառով կը բացակայէին Հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներուն առաջնորդները:

Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւող հանդիպումին ընթացքին, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նախ ողջունեց ՍՇՕՎ-ի Կեդրոնական մարմինի եօթը տարիներու ծաւալուն գործունէութիւնը եւ գնահատեց անոր պատմական վեհ առաքելութիւնը, յատկապէս մարդասիրական եւ կրթական բնագաւառներուն մէջ:

Ան շեշտեց, որ այսօր միասնական նոյն ոգիով եւ համագործակցութեան նոր ուղիներ որոնելով պէտք է շարունակել սուրիահայութեան վերականգնումի աշխատանքը, որուն արդէն իսկ գործնական աջակցութիւն ցուցաբերած է եւ կը շարունակէ ցուցաբերել Սուրիոյ պետութիւնը` գլխաւորութեամբ իր նախագահին:

Աւարտին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան բարձր գնահատեց նաեւ այսօր, այս դժուարին պայմաններուն մէջ գոյատեւող, թիւով նուազած հայ համայնքի ազգային, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններուն գործունէութիւնը, ապա յաջողութեան եւ Սուրիոյ խաղաղութեան մաղթանքներով աւարտեց իր խօսքը:

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Այցելութիւնը` Հայ Կաթողիկէ Համայնքին

Կիրակի, 2 յունիս 2019-ի յետմիջօրէին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը Հալէպի մէջ դիմաւորուեցան Հայ կաթողիկէ համայնքի եկեղեցական դասուն եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ մարմիններուն կողմէ` ժողովրդապետութեան դահլիճին մէջ:

Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան խօսք առնելով նախ փոխանցեց գերապայծառ Պետրոս արք. Միրիաթեանի ողջոյնները, բարեմաղթութիւնները եւ շնորհաւորութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 101-ամեակին առիթով, որ մեր հազարամեայ պատմութեան ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը հանդիսացաւ: Անկախութիւն մը, որ արիւնով ու զոհերով ձեռք բերուեցաւ: Ապա պատմական ակնարկ մը ներկայացուց համայնքի եկեղեցական-ազգային գործունէութեան մասին, ներկայացուց Սուրիոյ մէջ անոր կառոյցները, մանաւանդ պատերազմին պատճառով վնասուած դպրոցները եւ կիսաքանդ դարձած աթոռանիստ մայր եկեղեցին, որ ներկայիս վերաշինութեան փուլի մէջ է: Ապա Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան յիշեց սիրոյ, փոխադարձ յարգանքի եւ միասնականութեան ոգին, որ կը տիրէ Հալէպի մէջ` հալէպահայութեան երեք համայնքապետներուն շնորհիւ:

Իր կարգին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան զեկուցեց Հայաստանի ներքին իրադարձութիւններուն մասին եւ կոչ ուղղեց պահպանելու Հայաստան-Արցախ-սփիւռք միասնականութիւնը` յիշելով Չարենցի հետեւեալ խօսքը. «Ո՛վ Հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»: Ապա ան բարձրօրէն գնահատեց հալէպահայութեան յարանուանութիւններուն սերտ յարաբերութիւնը եւ գործակցութիւնը, մանաւանդ վերջին տարիներուն:

 

 

 

Նախորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Կ՛ակնկալենք, Որ Իշխանութիւնը Ժամ Առաջ Լարուածութիւնը Լիցքաթափելու Յայտարարութիւն Կատարէ»

Յաջորդը

Խմբագրական. Արագ Վերականգնումի Արձանագրած Ցուցանիշները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?