10-20 ապրիլ 2019-ին Երեւանի «Սայաթ Նովա» երաժշտական դպրոցին մէջ տեղի ունեցան արուեստի «Վերածնունդ» միջազգային մրցում-փառատօնի լսումները, որոնց «լարային գործիքներ» դասակարգին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտներէն 10-ամեայ Սելա Սվաքճեանը եւ տիրացաւ միջազգային մրցանքի 2-րդ դիրքին:
Ան կազմակերպիչներուն որոշումով իրաւունք ստացաւ մասնակցելու Սպանիոյ Պուրկոս քաղաքին մէջ 8-19 յուլիսին տեղի ունենալիք միջազգային մրցումին ու վարպետութեան դասերուն:
Յիշեցնենք, որ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառահարներու համոյթը` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի, լարային գործիքներու կիթառի համոյթային խումբերու դասակարգին մէջ գրաւած էր առաջին դիրքը:



