Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի «Տաւիղ» Նուագախումբին Համերգը

Յունիս 3, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` կիրակի, 2 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տաւիղ» նուագախումբի համերգը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի:

Յայտագիրին պաշտօնական բացումը կատարեց Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Թամար Սնապեան-Սուրճեան, որ իր խօսքը սկսաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան, խնամակալութեան եւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին անունով բարի գալուստ յայտնելով ներկաներուն:  Սուրճեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ «Տաւիղ» նուագախումբը Համազգայինի սիրուած խումբերէն մէկն է, որ հետզհետէ ինքզինք կը պարտադրէ մեր գաղութին մէջ` աշխուժ մասնակցութիւն ունենալով կարեւոր ձեռնարկներու ընթացքին, որոնցմէ է օրինակ Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկը: Սուրճեան նաեւ յիշեց ՀՄԸՄ-ի 100 ամեակի ձեռնարկը, ուր «Տաւիղ»-ը իր մասնակցութիւնը բերելով մեծ քաջալերանքի արժանացաւ: Սուրճեան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց նաեւ «Տաւիղ»-ի գործունէութեան սկզբնական շրջանը, որուն ընթացքին խումբին մէջ կ՛օգտագործուէին միայն կիթառ եւ ջութակ: Հետզհետէ աճելով եւ մեծնալով` այսօր նուագախումբը կազմուած է տարբեր տեսակի նուագարաններէ, ինչպէս օրինակ` ձեռնադաշնակ, քանոն, տհոլ, շուի եւ այլն: Սուրճեան երախտագիտական յատուկ խօսք ուղղեց նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Մկրտիչ Միքայէլեանին` ընդգծելով անոր նուիրուածութիւնը այս խումբի յաջողութեան նկատմամբ:

Նուագախումբը բաղկացած է տասնհինգ արուեստագէտներէ. ջութակի վրայ` Մարինէ Հալլաճեան, Արազ Մազաքեան, Սելլա Սվաքճեան, շուի` Հայկ Քէշիշեան, սրինգ` Կարօ Սվաքճեան, քանոն` Կայէլ Գրիգորեան, տհոլ եւ արուեստական թմբուկ` Նարեկ Քէշիշեան, դաշնակ` Կարօ Գրիգորեան, կիթառ, ձեռնադաշնակ, շուի եւ հարմոնիքա` Կասիա Էճիտեան, կիթառ` Արի Տաքէսեան, Ալեքս Տապաղեան, Ռիթա Գաբրիէլեան, Ալեակ Լատոյեան, Նարեկ Մեսրոպեան, Եսայի Սագայեան:

«Տաւիղ» նուագախումբը, ինչպէս իր այլ ելոյթներուն ընթացքին, նոյնպէս իր այս իւրայատուկ ձեռնարկով  անգամ մը եւս ներկաներուն հրամցուց բարձր որակի 13 հայկական ժողովրդական եւ օտար եղանակներ եւ կատարումներ, որոնք արժանացան ժողովուրդի բուռն ծափահարութիւններուն: Հայ արուեստը գաղութի սիրտն է, որ ծաղկուն կը պահէ ժողովուրդի մշակոյթը` շնորհիւ «Տաւիղ» նուագախումբի անդամներուն պէս հայ երիտասարդ արուեստագէտներու:

Համերգի աւարտին, անակնկալով մը, խումբը անգամ մը եւս նուագեց հայկական ժողովրդական այն երգերը, որոնք արժանացած էին ժողովուրդի բուռն գնահատանքին:

 

Նախորդը

Թեհրանի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Միջնորդութեան Զուիցերիական Փորձ

Յաջորդը

Մայիսեան Յաղթանակներուն Նուիրուած Ժողովրդային Փառատօն

RelatedPosts

Համբիկ Մարտիրոսեանի Երեք Գիրքերու` «Բաժակ Մը Սէր», «Կեանք Ու Կարօտ-Երազ Ու Սէր» Եւ «Նոր Հայերգութիւն» Շնորհահանդէս
Գաղութային

Համբիկ Մարտիրոսեանի Երեք Գիրքերու` «Բաժակ Մը Սէր», «Կեանք Ու Կարօտ-Երազ Ու Սէր» Եւ «Նոր Հայերգութիւն» Շնորհահանդէս

Հոկտեմբեր 17, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?