Չորեքշաբթի, 5 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան նոր լոյս ընծայած բողբոջ դասարանի նոր դասագիրքի ընդհանուր ծրարի ներկայացման հանդիպումը:
Հանդիպումին ներկայ էին լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններ, մանկապարտիզպանուհիներ եւ ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ ծրարը պատրաստող խումբը, որուն մաս կը կազմեն Թալին Եահնիեան, Անի Կէօքկէօզեան, Սօսէ Ճինպաշեան, Սեդա Մածունեան եւ Իրմա Ճէրէճեան: Իսկ ծրարի նկարազարդումը ստանձնած է Ալեակ Լատոյեան:
Նախ խօսք առաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց պատրաստող խումբին հոգածու, բծախնդիր եւ հետեւողական աշխատանքին համար: Ան յայտնեց, որ հանդիպումին նպատակն է ուսուցիչ-դասաւանդող եւ պատրաստող խումբը հաղորդակից դարձնել, կենդանի կապ ստեղծել` զիրար լսելու եւ բաժնեկցելու միտքերը եւ մտահոգութիւնները: Ան յայտնեց, որ այս ծրարի պատրաստութեան համար Համազգայինը իր կարելին ի գործ դրած է ժամանակակից գեղարուեստական չափանիշներով գործ մը տրամադրելու մատղաշ սերունդին: Ան աւելցուց, որ այս ծրարէն պիտի օգտուին սփիւռքի հայկական բոլոր վարժարանները, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին եւ անոր տնօրէն` դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանին` իրենց ցուցաբերած նիւթական աջակցութեան համար: Հաւաթեան յայտնեց, որ այս դասագիրքի պատրաստութեան ծրագիրը արժանացած է բոլոր համայնքներու եւ միութիւններու հովանաւորութիւնը վայելող դպրոցներու պատասխանատուներուն հաւանութեան: Այս առիթով ան յայտնեց, որ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ ծրագիրը պիտի շարունակուի, եւ շուտով յաջորդ դասարաններու դասագիրքերու ծրարները պիտի պատրաստուին:
Ապա խօսք առաւ Սեդա Մածունեան: Ան պատրաստող խումբին անունով ներկայացուց նոր դասագիրքին անհրաժեշտութիւնը: Մածունեան յայտնեց, թէ գաղտնիք մը չէ, որ տարիներէ ի վեր բոլոր այն անձերը, որոնք առնչուած են կրթական մարզին հետ, մանաւանդ մանկապարտէզի մանկավարժները, կարիքը զգացած են նոր ծրագիրներու եւ դասագիրքերու: Երկար աշխատանքէ ետք պատրաստուեցաւ մանկապարտէզի բողբոջ դասարանի այս ծրարը իր ուղեցոյցով, որմազդներով եւ այլ կազմածներով:
Ապա խօսք առաւ Թալին Եահնիեան: Ան ներկայացուց ուսուցիչին ուղեցոյցը, որուն հիմնական նպատակն է ուսուցիչին ներկայացնել 3-4 տարեկան երեխաներու ուսուցման վերաբերեալ ընդհանուր սկզբունքները եւ մօտեցումները, իսկ երկրորդ բաժինով` աշխատաթերթիկներու մանկավարժական նպատակակէտերը:
Ուղեցոյցի ներկայացումէն ետք խօսք առաւ Սօսէ Ճինպաշեան: Ան ներկայացուց ընթերցանութեան նախավարժութեան թղթապանակը: Ան յայտնեց, որ ընթերցանութեան աշխատաթերթիկները պիտի հարստացնեն երեխային բառապաշարը, պիտի մշակեն ուշադրութիւնը, կեդրոնացումն ու մտածողութիւնը:
Ապա, Իրմա Ճէրէճեան ներկայացուց գծագրումի թղթապանակը: Ան յայտնեց, որ գծագրումի թղթապանակի աշխատաթերթիկները պիտի հարստացնեն երեխային գծագրումի ուսուցման փուլերը, ինչպէս` մկաններու զարգացման մարզանքներ, աւազով վարժութիւն, կաւիճով, ջրաներկով եւ այլ վարժութիւններով: Ճէրէճեան նաեւ ներկայացուց զգայարանք-թուաբանութեան նախավարժութեան թղթապանակը` ըսելով, որ թղթապանակի աշխատաթերթիկները պիտի զարգացնեն երեխային ըմբռնումը թիւերու յաջորդականութեան, զանազանումը «կարճ»-ի եւ «երկար»-ի յղացքներու, ձեւերու եւ չափերու:
Աւարտին կարծիքներու եւ հարցումներու փոխանակումէն ետք, իւրաքանչիւր վարժարանի տրամադրուեցաւ ծրարէն օրինակ մը:






