Գաղութային

Հայաստանի Սենեկային  Պետական Նուագախումբին  Իւրայատուկ Համերգը Լիբանանի Մէջ

Հայաստանի Սենեկային Պետական Նուագախումբին Իւրայատուկ Համերգը Լիբանանի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, օրհնութեամբ լիբանանահայ երեք համայնքապետներուն, բարերարութեամբ Պէզիքեան ընտանիքին, երէկ` ուրբաթ, 27 փետրուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Լոյսով` լոյսին» խորագիրով Հայաստանի Սենեկային պետական նուագախումբի համերգը, նուիրուած` Անի Պէզիքեանի յիշատակին: Համերգին ներկայ էին հոգեւոր պետեր, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ներկայ եւ նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, միութիւններու ներկայացուցիչները, արուեստագէտներ եւ մեծաթիւ արուեստասէրներ: Նուագախումբի...

«Արցախը Սոսկ Տարածք Չէ, Այլ Մեր Ազգային Պատիւի Չափանիշն Է, Իսկ Առանց Պատիւի Չկայ Խաղաղութիւն Եւ Չի Կրնար Ըլլալ Ապագայ», Հաստատեց Արա Պուլուզեան

«Արցախը Սոսկ Տարածք Չէ, Այլ Մեր Ազգային Պատիւի Չափանիշն Է, Իսկ Առանց Պատիւի Չկայ Խաղաղութիւն Եւ Չի Կրնար Ըլլալ Ապագայ», Հաստատեց Արա Պուլուզեան

Արցախի ազատագրական պայքարի 38-ամեակի նուիրուած «Յաւերժական Արցախ» խորագրեալ ձեռնարկով, 26 փետրուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ լիբանանահայութիւնը եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու, որ Արցախը գերագոյն ու մնայուն արժէք է հայութեան համար` թէկուզ բռնագրաւուած, որ արցախահայութեան իրաւունքներու հետապնդումը պէտք է ըլլայ ամբողջ ազգին դատը: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպած ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Յաւերժական Արցախ» Խորագիրով` Արցախեան  Ազատագրական Պայքարի 38-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Յաւերժական Արցախ» Խորագիրով` Արցախեան Ազատագրական Պայքարի 38-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, հինգշաբթի, 26 փետրուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարի 38-ամեակին նուիրուած «Յաւերժական Արցախ» խորագիրը կրող ձեռնարկը: Բացման խօսքը արտասանեց Սագօ Սապունճեան: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարի պատմականը եւ վերջին տարիներու իրադարձութիւնները ներկայացնող տեսերիզ մը: Օրուան պատգամը ուղղեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան: Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ...

6 Նորագիրներ Անցան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերը

6 Նորագիրներ Անցան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերը

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երէկ` հինգշաբթի, 26 փետրուար 2026-ի երեկոյեան, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութենէն 6 նորագիրներ անցան ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով բացման խօսքը արտասանեց Եղիա Թաշճեան: Այնուհետեւ նորագիրներուն իր պատգամը ուղղեց երդման արարողութեան կնքահայր` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան: Պուլուզեան խօսքը նորագիրներուն ուղղելով ըսաւ, որ իրենց վճռակամութիւնը միանալու ՀՅ...

Արա Պուլուզեան Այցելեց «Ազդակ»

Արա Պուլուզեան Այցելեց «Ազդակ»

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան այցելեց «Ազդակ»: Պուլուզեան Լիբանան ժամանած էր Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով` բանախօսելու համար Արցախի ազատամարտին նուիրուած ձեռնարկին: «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան հետ կայացած խորհրդակցութեան նիւթը Արցախի իրաւունքներու իրականացման համար տարուող աշխատանքներն էին: Քննարկումի հիմնական նիւթ էին նաեւ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի օրկան «Ապառաժ»-ի աշխատանքները:

Մարաշի Աղէտի 106-Ամեակին Առիթով` Եկեղեցական Արարողութիւններ, Պաշտամունք Եւ Ոգեկոչումի Ձեռնարկ

Մարաշի Աղէտի 106-Ամեակին Առիթով` Եկեղեցական Արարողութիւններ, Պաշտամունք Եւ Ոգեկոչումի Ձեռնարկ

Կիրակի, 8 փետրուար 2026-ին տեղի ունեցաւ Մարաշի աղէտի 106-րդ ոգեկոչումը Նոր Մարաշի երեք յարանուանութիւններու` Հայ առաքելական, աւետարական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ մատուցուած ս. պատարագով եւ պաշտամունքով, նաեւ` հոգեհանգստեան պաշտօնով` մարաշցի հին ու նոր ննջեցեալներուն հոգիներուն համար: Այս առիթով երեք եկեղեցիներուն հոգեւոր հովիւները տուին պատշաճ քարոզներ: Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք հոգեւոր հայրերը, հիւրերը եւ հայրենակիցները հաւաքուեցան Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ:...

Շնորհահանդէս` «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի ԽԵ. Հատորի Զոյգ Գիրքերու

Շնորհահանդէս` «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի ԽԵ. Հատորի Զոյգ Գիրքերու

Երկարատեւ բարի ու գեղեցիկ աւանդութեան հաւատարիմ` Հայկազեան համալսարանը այս տարի ալ հայագիտական մտքին ներկայացուց իր ընթացիկ արգասիքը` «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ը, որուն 55-րդ տարին էր 2025-ը: 1000 էջէ ու 50-է աւելի յօդուածներէ բաղկացած երկու գիրքերը Հայկազեանի հերթական ներդրումն են հայագիտութեան, զոր նշելու համար 17 փետրուարին համալսարանին մէջ մէկտեղուած էին խումբ մը գրասէրներ: Խմբագրական կազմի անդամ Սիլվա Փափազեան նախ հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս...

«Մհեր Ջուլհաճեան» Միջվարժարանային Աշակերտական Շարադրական Մրցումի Մրցանակաբաշխութիւն

«Մհեր Ջուլհաճեան» Միջվարժարանային Աշակերտական Շարադրական Մրցումի Մրցանակաբաշխութիւն

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 20 փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցումի 2024-2025 տարեշրջանին մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, Այնճարի քաղաքապետ Սեդրակ Հաւաթեանի, Ուսումնական խորհուրդի եւ արցախեան ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի ընտանիքի անդամներուն, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, ուսուցիչներու,...

Զմմառու Ժառանգաւորները Նշեցին Հայոց Լեզուի Օրը

Զմմառու Ժառանգաւորները Նշեցին Հայոց Լեզուի Օրը

ՅԱԿՈԲ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ Շաբաթ, 21 փետրուար 2026-ի յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան մայրավանքի մէջ, մեծաւոր հօր` Մաշտոց թ.ծ.վրդ. Զահթէրեանի եւ վարչական հայրերու ներկայութեամբ, Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները եւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորընծաները նշեցին Մայրենի լեզուի տօնը: Տօնակատարութիւնը սկիզբ առաւ Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած «Բազմաչարչար» շարականով` սաներու կատարողութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Աբրահամ Արմենակ, որ նախ ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ...

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանային Նորընտիր Վարչութիւնը

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Նորընտիր Վարչութիւնը

Երեքշաբթի, 24 փետրուար 2026-ի երեկոյեան, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) Լիբանանի Շրջանային նորընտիր վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ տոքթ. Իշխան Եղիայեանի, ստանալու համար հայրապետին օրհնութիւնը: Վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան` զայն նկատելով մարդակերտումի ու հայակերտումի դպրոց, ուր մեր զաւակները ոչ միայն մարմնամարզական կրթութիւն կը ստանան, այլեւ կը լեցուին հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով: Ատենապետը...

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարին Հետ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարին Հետ

Երկուշաբթի, 23 փետրուար 2026-ին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէի հետ: Համազգայինի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեմ Սիմոնեան, անդամներ` Անի Միսիսեան եւ Մակի Պօղոսեան, ինչպէս նաեւ` Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Սամիկ Կարապետեան: Հանդիպումին քննարկուեցան փոխադարձ յարաբերութիւններն ու համաձայնութիւնները շարունակելու եւ զարգացնելու կարելիութիւնները: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետը միութեան անունով...

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Հիմնադրութեան 60-Ամեակի Մեկնարկ «Յիշենք Վարդան Ճինիշեանը» Նախաձեռնութեամբ»

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Հիմնադրութեան 60-Ամեակի Մեկնարկ «Յիշենք Վարդան Ճինիշեանը» Նախաձեռնութեամբ»

Չորեքշաբթի, 11 փետրուար  2026-ին, «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ը իր հիմնադրութեան 60-ամեակի հանդիսութիւններու շարքի մեկնարկը կատարեց իր հիմնադիրին` Վարդան Ճինիշեանին նուիրուած նախաձեռնութեամբ: «Յիշենք Վարդան Ճինիշեանը» խորագիրով ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ եւ համախմբեց` հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, կրթական, մշակութային եւ ընկերային հաստատութիւններու պատասխանատուներ, «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի գործադիր տնօրէնութիւնը, Հայաստանի եւ Լիբանանի գրասենեակներու տնօրէնները, Խորհրդատու մարմինի անդամներ, հիմնարկի անձնակազմը եւ լիբանանահայ...

ԼԵՄ-ի Նահատակներու Յուշաքարի Բացում.  Շահան Գանտահարեան. «Լիբանանի Հայկական Թաղամասերուն Մէջ Թէ Արցախի Ճակատներուն Վրայ Թափուած Արիւնը Սկսած Էր Գծել Մեր Վաղուան Հայրենիքին Սահմանները»

ԼԵՄ-ի Նահատակներու Յուշաքարի Բացում. Շահան Գանտահարեան. «Լիբանանի Հայկական Թաղամասերուն Մէջ Թէ Արցախի Ճակատներուն Վրայ Թափուած Արիւնը Սկսած Էր Գծել Մեր Վաղուան Հայրենիքին Սահմանները»

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ  «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին եւ մասնակցութեամբ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին, չորեքշաբթի, 18 փետրուար, 2026-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէի հովանաւորութեան  տակ գործող Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) «Հայաստան» մասնաճիւղի նահատակ ընկերներու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ նահատակներու ընտանեկան պարագաներուն, կուսակցական ներկայացուցիչներու եւ հայորդիներու: «Սարգիս Սարգիսեան» սրահին մէջ «Յարգա՛նք ձեզի, ընկերնե՛ր» կարգախօսով  կազմակերպուած ձեռնարկը մեկնարկեց Լիբանանի, Հայաստանի,...

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հոգեհանգստեան Կարգ` Լուսահոգի  Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հոգեհանգստեան Կարգ` Լուսահոգի Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի

Մեծ պահքի երկրորդ կիրակի օրը` Արտաքսման կիրակիին, 22 փետրուար 2026-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Սուրբ պատարագի աւարտին, հանդիսապետութեամբ կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, դպրեվանքի տեսչութեան ու աշակերտութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` Կիլիկեան ուխտի երիցագոյն միաբաններէն հոգելոյս Տաթեւ արք. Սարգիսեանի հոգւոյն ի հանգիստ: Նշենք, որ երկուշաբթի, 23...

Ընթացք Առաւ «Ազդակ»-ի «Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Հինգերորդ Փուլը

Ընթացք Առաւ «Ազդակ»-ի «Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Հինգերորդ Փուլը

«Ազդակ»-ի կազմակերպած «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի աւարտէն ետք, «Ազդակ» նախաձեռնած է հինգերորդ փուլին, որ իր ծրագիրով եւ գործադրութեան եղանակով պիտի տարբերի նախորդներէն` առանց սակայն շեղելու իր նպատակէն: Ե. փուլի նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են: Այդ աշխատանքները հիմնականին մէջ կը կատարուին Լիբանանի հայկական դպրոցներու աւարտական դասարաններու աշակերտներուն հետ: «Ապագայ լրագրողներ» ծրագիրի պատասխանատու խմբակի անդամներ Արշօ Պալեան եւ Նարէ Գալեմքէրեան սկսած են...

«Ազդակ»-ի 84-րդ Առցանց Լսարան.  «Հայ Դպրոցը Եթէ Տեղ Մը Կը Խամրի, Այլ Տեղ Կը Ծաղկի». Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան

«Ազդակ»-ի 84-րդ Առցանց Լսարան. «Հայ Դպրոցը Եթէ Տեղ Մը Կը Խամրի, Այլ Տեղ Կը Ծաղկի». Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան

«Ազդակ»-ի 84-րդ առցանց լսարանի դասախօսն էր սուրիահայ մտաւորական, բանասէր-ազգագրագէտ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան: Նիւթ` «Սուրիահայ դպրոցը», որ կը ներառէր պատմական ակնարկ` 240 հայկական դպրոցներու, հայագիտական ամպիոններու եւ դպրատուներու: Նախքան դասախօսութիւնը` լսարանին մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին «Ազդակ»-ի նախկին խմբագրապետ Սարգիս Մահսէրէճեանի վաստակն ու յիշատակը: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Սուրիահայ կրթական կեանքին եւ հանրակրթութեան մասին գիտական աշխատասիրութիւններ...

Հայկազեան Համալսարանի Թուային Պահոցը (HU Repository)

Հայկազեան Համալսարանի Թուային Պահոցը (HU Repository)

Այսու կը յայտարարենք, որ Հայկազեան համալսարանի թուային պահոցը (HU Repository), որուն մեկնարկը տրուեցաւ 28 ապրիլ 2025-ին «Տէրեան հայագիտական գրադարան»-ին մէջ, բաց է հանրութեան առջեւ եւ կ՛ընդգրկէ գիտական ու ակադեմական բազմաթիւ նիւթեր, որոնք եթէ մէկ կողմէ կ՛արտացոլացնեն սփիւռքի ու Հայաստանի գիտական մտքի բեղուն արգասիքը, միւս կողմէ` անկեղծ ու հաւաստի վկայարան կը հանդիսանան համալսարանի եօթանասունամեայ կրթական վեհ առաքելութեան եւ ուսումնական բարձր մակարդակին:...

Սարգիս Մահսէրէճեանին Նուիրուած «Ազդակ»-ի Յաւելուած

Սարգիս Մահսէրէճեանի Յուշ-Հանդիպում

«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը ծրագրած է կազմակերպել Սարգիս Մահսէրէճեանի յիշատակին նուիրուած յուշ-հանդիպում մը: Առ ի պատրաստութիւն այդ հանդիպումին, կը խնդրենք «Ազդակ»-ի  աշխատակազմին մաս կազմած արտասահմանի նախկին անդամներէն իրենց վկայութիւնը վիտէօ ձեւաչափով փոխանցել  what՛s app-ի հետեւեալ  թիւին` +9613158268 (Սեւակ Սաղպազարեան): Վիտէոյին տեւողութեան համար նկատի ունենալ 5 վայրկեան:  

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Այս տարի Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն-տպարանը կը նշէ իր 95-ամեակը: Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութենէն երեք տարի ետք` 1931-ին, Նիկոլ Աղբալեանի ջանքերով հիմը կը դրուէր Համազգայինի հրատարակչական գործին: Ահաւասի՛կ 95 տարիներու անխափան երթ մը: Արեւմտահայ ու սփիւռքահայ գրական անդաստանին մէջ մնայուն ներկայութեամբ` Համազգայինի հրատարակչականը իր մանկապատանեկան, գրական, պատմագիտական, մշակութային, գեղարուեստական բազմահազար հատորներով եւ նաեւ հազարաւոր դասագիրքերով, սփիւռքահայ կեանքին...

«Գորգարուեստի Մշակոյթը» Բնաբանով Դասախօսութիւն

«Գորգարուեստի Մշակոյթը» Բնաբանով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի Ձեռարուեստի յանձնախումբին, չորեքշաբթի, 4 փետրուար 2026-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Գորգարուեստի մշակոյթը» բնաբանով դասախօսութիւն մը: Ձեռարուեստի յանձնախումբին անունով Անի Քէօշէեան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց դասախօս Հուրի Մարգարեանը, որ մասնագիտացած է գեղարուեստի ու մշակոյթի մէջ, մասնակցած է քանի մը հաւաքական ցուցահանդէսներու, իսկ 2022 թուականին «Վտշապապար» խորագիրով իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը ունեցած է Երեւանի...

Page 18 of 364 1 … 17 18 19 … 364

Արխիւներ