Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զմմառու Ժառանգաւորները Նշեցին Հայոց Լեզուի Օրը

February 26, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ

Շաբաթ, 21 փետրուար 2026-ի յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան մայրավանքի մէջ, մեծաւոր հօր` Մաշտոց թ.ծ.վրդ. Զահթէրեանի եւ վարչական հայրերու ներկայութեամբ, Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները եւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորընծաները նշեցին Մայրենի լեզուի տօնը:

Տօնակատարութիւնը սկիզբ առաւ Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած «Բազմաչարչար» շարականով` սաներու կատարողութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Աբրահամ Արմենակ, որ նախ ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ հայոց լեզուի կարեւորութեան:

Ապա համանուն կրթօճախի տեսուչ Կարապետ վրդ.Գլընճեան իր հեղինակաւոր գաղափարներով ներկայացուց Մայրենի լեզուի օրը: Ան իր խօսքը սկսաւ հարցադրումներով` ինչո՞ւ մայրենի լեզու կ՛ըսենք, ինչո՞ւ հայրենիք կ՛ըսենք: Սաներու պատասխանները ստանալէ ետք շարունակեց. «Որովհետեւ մայրը իր հանապազօրեայ սնունդին հետ կը դաստիարակէ զաւակը, իր կենարար կաթին հետ հայերէնով հայրենասիրութիւն կը փոխանցէ անոր, այսպիսով յառաջացած է մայրենի լեզուի գաղափարը: Ուստի, եկէ՛ք,  մայրենիին նուիրուած այս տօնակատարութիւնը վերածենք ամէնօրեայ մնայուն տօնի, շարունակ հայերէն խօսելով` մեր մայրենին դարձնենք առաւել արդիական եւ առաւել կենսունակ»:

Տեսուչ հայր սուրբը հետեւեալ խօսքերը արտասանելէ ետք վեր առաւ այն գաղափարը, որ հայապահպանութեան ուղղութեամբ տարուած իւրաքանչիւր գործ արժանի է խրախուսանքի. «Մայրենիին տէր կանգնիլ` չի նշանակեր, որ այն խնամքով մեր տան կամ աշխատանքային վայրերու գրադարաններու մէջ պահել եւ օտարներուն առջեւ հպարտանալ մեսրոպեան տառերու հանճարեղ գեղագիտական ու ոճային ինքնատիպ լուծումներով: Մայրենիին տէր կանգնիլ` կը նշանակէ իւրացնել այն իր բոլոր նրբերանգներով ու ելեւէջներով, տէր կանգնիլ` կը նշանակէ անարատ ու անբիծ ձեւով զայն սերունդներու ժառանգել, որպէսզի անոնք եւս զգան իրենց լեզուի քաղցրութիւնն ու ջերմութիւնը»:

Ապա Աբրահամ Իսահակեանի կատարողութեամբ հնչեց «Ով մեծասքանչ դու լեզու» մեներգը, իսկ Սեդրակ Աւետիսեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական»-ը:

Աւարտին խօսք առաւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Մաշտոց  թ. ծ. վրդ. Զահթէրեան: Ան նախ անդրադարձաւ Զմմառու դպրեվանքին ունեցած ներդրման` հայապահպանութեան ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներու մէջ ըսելով.  «Պատմական հպանցիկ ակնարկն իսկ բաւական է հասկնալու եւ գնահատելու այն մեծ աւանդն ու նշանակութիւնը, որ ունեցած է Զմմառու դպրանոցը հայ հաւատքի, լեզուի եւ մտքի ծաղկման մէջ»:

Ապա շեշտը դրաւ մայրենիի նահանջին հետ կապուած սփիւռքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու վրայ եւ զանոնք կանխարգիլելու ուղղութեամբ տարուելիք աշխատանքներու լուծումներ առաջարկեց:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

«Մհեր Ջուլհաճեան» Միջվարժարանային Աշակերտական Շարադրական Մրցումի Մրցանակաբաշխութիւն

RelatedPosts

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար
Գաղութային

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Թեհրանի Գործընկերներու Հետ

March 5, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս.- «Միջին Արեւելքի Համայնքներու Անվտանգութիւնը Առաջնահերթ Հրամայական Է Բոլորիս Համար»
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս.- «Միջին Արեւելքի Համայնքներու Անվտանգութիւնը Առաջնահերթ Հրամայական Է Բոլորիս Համար»

March 4, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Միջին Արեւելքի Հայ Գաղութներու Ներկայ Իրավիճակին

March 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.