Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Հիմնադրութեան 60-Ամեակի Մեկնարկ «Յիշենք Վարդան Ճինիշեանը» Նախաձեռնութեամբ»

February 25, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 11 փետրուար  2026-ին, «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ը իր հիմնադրութեան 60-ամեակի հանդիսութիւններու շարքի մեկնարկը կատարեց իր հիմնադիրին` Վարդան Ճինիշեանին նուիրուած նախաձեռնութեամբ:

«Յիշենք Վարդան Ճինիշեանը» խորագիրով ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ եւ համախմբեց` հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, կրթական, մշակութային եւ ընկերային հաստատութիւններու պատասխանատուներ, «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի գործադիր տնօրէնութիւնը, Հայաստանի եւ Լիբանանի գրասենեակներու տնօրէնները, Խորհրդատու մարմինի անդամներ, հիմնարկի անձնակազմը եւ լիբանանահայ համայնքի բազմաթիւ զաւակներ:

Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի Բարգաւաճման ծրագիրներու համակարգող եւ ընկերային ծառայող Ճեսիքա Պաժին, որ խորին երախտագիտութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ ընդգծեց, որ այս հաւաքը միայն անցեալը յիշելու համար չէ, այլ կենդանի վկայութիւն մը` այն մարդասիրական սկզբունքներուն, զորս Վարդան Ճինիշեան կտակեց հիմնարկին: Ան շեշտեց, որ այսօր եւս մեր աշխատանքը նպատակ ունի ոչ միայն աջակցիլ կարիքաւորին, այլ նաեւ յոյս ներշնչել, արժանապատուութիւն պահպանել եւ ծառայել մարդուն` մարդ ըլլալու իրաւունքով:

Յիշատակի ծրագիրը համալրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրով մը, որ տպաւորիչ մթնոլորտ ստեղծեց:

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցի ջութակի աշակերտուհիներ Փելիա Տեմիրճեան եւ Նարինէ Խտրեան կատարեցին Ա. Խաչատուրեանի «Nocturne» եւ «Polka Schnittke» ստեղծագործութիւնները: Այնուհետեւ Անայիս Կետիկեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Անտրէ Էքմեքճեանի, ներկայացուց օփերային երգեր` նուիրուած Վարդանանց յիշատակին:

Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտ Մէյրի Էքմեքճեան ներկայացուց Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը, իսկ Համազգայինի եւ Երեւանի պետական երաժշտական համալսարանի շրջանաւարտ Արին Մարգարեան իր «Օրօր» երգով խորացուց օրուան խորհուրդը:

Օրուան պատգամը յղեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ  աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ, Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւը` վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ծառայութեան իմաստին` որպէս հաւատքի կենդանի արտայայտութեան: Ան ընդգծեց, որ Վարդան Ճինիշեանի ժառանգութիւնը բարեգործութեան սահմաններէն անդին է եւ կը մարմնաւորէ բարոյական ու քրիստոնէական պատասխանատուութիւն մը համայնքին հանդէպ:

«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի գործադիր- տնօրէն Էլիզա Մինասեան իր սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ հիմնադիրին մեծ տեսլականին` նշելով, որ Վարդան Ճինիշեանի երազն էր տեսնել ինքնաբաւ եւ արժանապատիւ համայնք մը: Ան ընդգծեց, թէ որքան ալ դժուար ըլլայ ընդունիլը, վաթսուն տարի անց մեր ժողովուրդը տակաւին կարիքի մէջ է, եւ մեր պարտաւորութիւնն է շարունակել ծառայութիւնը` մինչեւ այն օրը, երբ օգնութեան կարիքը այլեւս չըլլայ:

Լիբանանի գրասենեակի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան իր խօսքին մէջ յատուկ կերպով անդրադարձաւ Վարդան Ճինիշեանի կտակին: Ան նշեց, որ երեք տարի առաջ ստանձնելով իր պաշտօնը` իրեն փոխանցուեցան երկու հիմնական ուղերձներ` բխած հիմնադիրին կտակէն, որոնք կը գերադասէին ստանձնելիք պաշտօնին վերաբերող որեւէ պայմանագիր: Առաջինը` ծառայել բոլոր հայերուն, առանց խտրականութեան, իսկ երկրորդը` օգնութիւնը հասցնել մարդուն` անկախ ցեղային, համայնքային կամ որեւէ այլ տարբերութենէ, երբ կարիքը առաջնային է:

Ան ընդգծեց, որ այսօր ալ ձեռնարկի իւրաքանչիւր քայլ, իւրաքանչիւր ծրագիր եւ իւրաքանչիւր որոշում կը բխի այս կտակին հաւատարիմ մնալու նախանձախնդրութենէն: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տարիներ շարունակ ծառայեցին այս առաքելութեան, եւ վերահաստատեց խոստումը` շարունակելու Վարդան Ճինիշեանի ուղին ամբողջ պատասխանատուութեամբ եւ նուիրումով:

Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ փակման աղօթքով, զոր բարձրացուց Միջին Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ատենապետ` վերապատուելի Հրայր Չոլաքեան:

Այս յիշատակի ձեռնարկը դարձաւ ոչ միայն անցեալին խոնարհում, այլ նաեւ վերանորոգուած ուխտ` հաւատարիմ մնալու Վարդան Ճինիշեանի կտակին եւ շարունակելու ծառայութիւնը` սիրով, արժանապատուութեամբ եւ յոյսով:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարին Հետ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար
Գաղութային

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Թեհրանի Գործընկերներու Հետ

March 5, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս.- «Միջին Արեւելքի Համայնքներու Անվտանգութիւնը Առաջնահերթ Հրամայական Է Բոլորիս Համար»
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս.- «Միջին Արեւելքի Համայնքներու Անվտանգութիւնը Առաջնահերթ Հրամայական Է Բոլորիս Համար»

March 4, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Միջին Արեւելքի Հայ Գաղութներու Ներկայ Իրավիճակին

March 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.