Այսու կը յայտարարենք, որ Հայկազեան համալսարանի թուային պահոցը (HU Repository), որուն մեկնարկը տրուեցաւ 28 ապրիլ 2025-ին «Տէրեան հայագիտական գրադարան»-ին մէջ, բաց է հանրութեան առջեւ եւ կ՛ընդգրկէ գիտական ու ակադեմական բազմաթիւ նիւթեր, որոնք եթէ մէկ կողմէ կ՛արտացոլացնեն սփիւռքի ու Հայաստանի գիտական մտքի բեղուն արգասիքը, միւս կողմէ` անկեղծ ու հաւաստի վկայարան կը հանդիսանան համալսարանի եօթանասունամեայ կրթական վեհ առաքելութեան եւ ուսումնական բարձր մակարդակին:
17 փետրուար 2026-ի դրութեամբ պահոցը կ՛ընդգրկէ 1137 նիւթ. այսպէս`
– «Հայկազեան հայագիտական հանդէս» – 48 հատոր (1970-2025) եւ 757 յօդուած (1970-2016)
– Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատուն – 25 գիրք
– Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոն – 2 գիրք, 8 գիտաժողովի նիւթ եւ վերջինէս առանձնացուած 39 զեկոյց
– Faculty of Business Administration and Economics – 83 աւարտաճառ
– Faculty of Social and Behavioral Sciences – 175 աւարտաճառ
Վերոնշեալ նիւթերը ստացած են թուային առարկայի նոյնականացուցիչ (Digital Object Identifier – DOI), որ անհրաժեշտ է ո՛չ միայն անոնց տեսանելիութեան ու հասանելիութեան բարձրացման, այլ նաեւ` թուային ինքնութեան հաստատման ու գիտական հետազօտութիւններու մէջ պատշաճ յիշատակման ու միջազգային ճանաչման համար:
Նշենք, որ սոյն նոյնականացուցիչները ստանալու նպատակով համալսարանը 29 մարտ 2024-էն պաշտօնապէս անդամակցած է Crossref միջազգային կազմակերպութեան, որ կը համակարգէ գիտական հրատարակութիւններու նոյնականացուցիչի նշանակման գործընթացը` միաժամանակ ապահովելով անոնց միջազգային գրանցումն ու տարածումը:
Այսպիսով, համալսարանը իր համեստ ներդրումը կը բերէ գիտա-ուսումնական աշխատութիւններու համախմբման ծառայող թուային ենթակառուցուածքներու ձեւաւորման մէջ, ինչը կը նպաստէ գիտելիքի պահպանման ու մատչելիութեան` փրկելով զայն ամբողջական կորուստէ:
Պահոց մուտք գործելու համար պարզապէս պէտք է սեղմել ներքոբերեալ յղումին վրայ.
https://haigrepository.haigazian.edu.lb/home
Որոնումներ կարելի է կատարել մատենագիտական տարբեր տուեալներու միջոցով. հեղինակի անուն, նիւթի վերնագիր, հրատարակութեան թուական, թեմա եւ այլն:
Բոլոր նիւթերը, բացի մագիստրոսական աւարտաճառերէն, կարելի է ազատօրէն ներբեռնել ու օգտագործել: Իսկ աւարտաճառերուն հասանելիութեան իրաւունք ստանալու համար պէտք է կապուիլ մեզի հետ` գրելով [email protected] ե-հասցէին:
Ծրագիրը աւարտած չէ, եւ պահոցը պարբերաբար պիտի հարստանայ նորանոր նիւթերով` ընդգրկելով այն բոլոր մտաւոր արտադրութիւնները, որոնք գիտական ու կրթական երկարամեայ գործունէութիւնը կը բնորոշեն Հայկազեան համալսարանի:
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ
ՏԷՐԵԱՆ ԵՒ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐ


