«Ազդակ»-ի կազմակերպած «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի աւարտէն ետք, «Ազդակ» նախաձեռնած է հինգերորդ փուլին, որ իր ծրագիրով եւ գործադրութեան եղանակով պիտի տարբերի նախորդներէն` առանց սակայն շեղելու իր նպատակէն:
Ե. փուլի նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են: Այդ աշխատանքները հիմնականին մէջ կը կատարուին Լիբանանի հայկական դպրոցներու աւարտական դասարաններու աշակերտներուն հետ:
«Ապագայ լրագրողներ» ծրագիրի պատասխանատու խմբակի անդամներ Արշօ Պալեան եւ Նարէ Գալեմքէրեան սկսած են շրջիլ հայկական դպրոցներ եւ անոնց տնօրէններուն հետ համադրաբար ներկայացնել «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրը եւ բացատրել անոր նպատակը:
Նախապատրաստական այս աշխատանքին հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ յառաջացնել այս ծրագիրի Ե. փուլին մաս կազմող փաղանգը:
Մարդուժի պատրաստութեան գործնական այս ծրագիրին եւ արեւմտահայերէնով արտայայտուելու կարեւորութիւնը շեշտող ու անոր համար ճիգ չխնայող այս նախաձեռնութեան իր աջակցութիւնը բերած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը:
Արդարեւ, երեքշաբթի, 3 փետրուարին Արշօ Պալեան եւ Նարէ Գալեմքերեան այցելեցին Ազգային Միացեալ վարժարան եւ հանդիպում ունեցան մեր վարժարանի երկրորդական կարգի` լրագրութեան մարզով հետաքրքրուող աշակերտներուն հետ:
Հանդիպումի ընթացքին Արշօ Պալեան ներկայացուց ծրագիրին նպատակը` շեշտը դնելով հայ ուսանող երիտասարդին ազատ խօսքին ու ազատ մտածումին վրայ, անդրադառնալով նաեւ անոր ազդեցիկ դերին` մեր ազգային, քաղաքական, ընկերային ու մշակութային կեանքէն ներս: Ան մանրամասնօրէն բացատրեց լրագրութեան տարբեր սեռերը եւ լուր մը գրելու յատկանիշները:
Ապա Նարէ Գալէմքերեան ներկայացուց ծրագիրին մաս կազմող անհրաժեշտ գործնական աշխատանքերն ու խօսեցաւ այս ծիրին մէջ կատարուելիք շինիչ այցելութիւններուն մասին:
Աւարտին, ներկայացուած նիւթը խանդավառութեամբ մտիկ ընելէ ետք, աշակերտները կատարեցին փոքր աշխատանք մը` գրելով կարճ պարբերութիւն մը, ուր արտայայտեցին իրենց անհատական կարծիքներն ու միտքերը ընկերային ցանցերու մասին:
Նոյնանման ներկայացումներ կատարուեցան, զրոյցներ տեղի ունեցան եւ գործնական աշխատանքի փորձ ի գործ դրուեցաւ նաեւ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանին մէջ` 20 յունուարին, եւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ, 11 փետրուարին:
Այցելութիւնները պիտի շարունակուին լիբանանեան միւս դպրոցները եւս:


