Արցախի ազատագրական պայքարի 38-ամեակի նուիրուած «Յաւերժական Արցախ» խորագրեալ ձեռնարկով, 26 փետրուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ լիբանանահայութիւնը եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու, որ Արցախը գերագոյն ու մնայուն արժէք է հայութեան համար` թէկուզ բռնագրաւուած, որ արցախահայութեան իրաւունքներու հետապնդումը պէտք է ըլլայ ամբողջ ազգին դատը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպած ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութեամբ եւ Արցախի ազատագրական պայքարի ճամբուն վրայ նահատակուած մեր հերոսներուն յիշատակին իբրեւ յարգանք յոտնկայս լռութեամբ:
Բացման խօսքը արտասանեց Սագօ Սապունճեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս հաւաքը կը միտի ոչ միայն յիշել, այլ նաեւ` վկայել պատմութեան, պայքարի, զոհաբերութեան եւ անսասան հաւատքի մասին` աւելցնելով, որ Արցախի ազատագրական շարժումը մեր նորագոյն պատմութեան փայլուն, բայց նաեւ ողբերգական էջերէն մէկն է, որ ձեւաւորեց մեր սերունդի ազգային դիմագիծը: Ան ըսաւ, որ Արցախը պատմութեան տարբեր փուլերու քաջաբար պայքարեցաւ` իր կողքին ունենալով ամբողջ ազգը, Հայաստանն ու սփիւռքը եւ լիբանանահայութիւնը, որ ունեցաւ առաջնագծային գործունէութիւն Արցախի ազատագրական պայքարի, ինչպէս նաեւ անոր կառուցման եւ զարգացման մէջ:
Սապունճեան ըսաւ, որ զինադադարէն ետք եւս լիբանանահայութիւնը շարունակեց իր ներդրումը` մասնակցելով Արցախի շինարարութեան, կրթական ու մշակութային կեանքի զարգացման, ինչպէս նաեւ տնտեսական նախաձեռնութիւններու իրագործման, եւ այսպիսով հոգեպէս եւ գործնականօրէն միշտ եղաւ Արցախի կողքին, հարկ եղած ժամանակ նոյնիսկ կեանքի գնով` իբրեւ վառ օրինակներ յիշելով արցախեան հերոս նահատակներ Վիգէն Զաքարեանը, Մհեր Ջուլհաճեանը, Գէորգ Հաճեանն ու Քրիստափոր Արթինը:
Անդրադառնալով 2020-ի պատերազմին եւ անոր յաջորդած իրադարձութիւններուն` ան ըսաւ, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութեան վարած պարտուողական վարքագիծին իբրեւ հետեւանք կորսնցուցինք արեամբ շաղախուած հայրենի Արցախի հողը, թիրախաւորուեցան ազգայինն ու հաւաքականը, փորձ կը կատարուի սրբապղծելու Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին, եւ պայքար կը տարուի Հայաստանի ու սփիւռքի մէջ գործող ազգային կառոյցներուն դէմ:
Բայց եւ այնպէս Սապունճեան հաստատեց, որ մենք պատրաստ ենք դիմագրաւելու բոլոր մարտահրաւէրները, իսկ նահատակներու յիշատակը վառ կը պահենք ոչ թէ իբրեւ սուգի դրսեւորում, այլ` պայքարի կանչ, այն համոզումով ու հաւատամքով, որ Արցախի էջը փակուած չէ, եւ ազատագրական պայքարը կը մնայ ի զօրու:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարի պատմականը եւ վերջին տարիներու իրադարձութիւնները ներկայացնող տեսերիզ մը: Անկէ ետք Արազ Էլէյճեան ապրումով ասմունքեց Վահագն Դաւթեանի «Զա՛րկ, իմ զարմանալիդ…» բանաստեղծական կտորը, իսկ Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբը ներկայացուց «Հայուհի» պարը:
Օրուան պատգամախօսն էր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան, որ կազմակերպուած ձեռնարկը նկատեց ապացոյց, որ ազատութեան համար պայքարի ձայնը երբեք չի լռեր` դիտել տալով, որ Լիբանանի մէջ կը նշուի արցախեան շարժման պատմական օրը, որ Վերածնունդի օր կը նկատուէր, իսկ այսօր մեր սրտերը կը լեցնէ թէ՛ ցաւով, թէ՛ հպարտութեամբ:
Ապա ան խօսեցաւ 20 փետրուար 1988 թուականին մասին, որ դարձաւ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան շրջադարձային պահը, երբ Արցախը բարձրացուց իր ձայնը` պահանջելով ազատութիւն, արժանապատուութիւն եւ վերամիաւորում Մայր Հայաստանին` աւելցնելով, որ այսօր, երբ մեր ժողովուրդը կրկին կանգնած է ճակատագրական փորձութիւններու դէմ յանդիման, մենք պարտաւոր ենք վերարժեւորել այդ շարժման խորհուրդը, անոր ձգած ժառանգութիւնը եւ մեր միասնական պայքարի անկոտրում կամքը: Պուլուզեան հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը տասնամեակներ շարունակ եղած է Հայ դատի եւ ազգային պահանջատիրութեան բաբախող սիրտը` շեշտելով, որ Արցախի նուիրուած ձեռնարկը կը փաստէ, որ հեռաւորութիւնն ու կորուստը չեն տկարացներ հայրենիքի ցաւով ապրողին կամքը:
Ան անդրադարձաւ 20 փետրուար 1988-ին:
Ստեփանակերտի մէջ գումարուած Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի մարզխորհրդի արտակարգ նիստին, ուր որոշուեցաւ դիմել Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհուրդներուն` պահանջելով մարզը դուրս բերել Ազրպէյճանի կազմէն եւ միացնել Հայաստանին, ներկայացուած դիմումը նկատելով ազգային ինքնորոշման իրաւունքի իրացման համարձակ քայլ եւ կարեւոր ոչ միայն իրաւական, այլ նաեւ բարոյական իմաստով: Պուլուզեան նշեց, որ հայութեան արդար պահանջին ի պատասխան Ազրպէյճան 27-29 փետրուարին Սումկայիթի մէջ կազմակերպեց հայերու զանգուածային ջարդեր, եւ այդ օրերուն հայութիւնը հասկցաւ, որ իր գոյութեան իրաւունքը պաշտպանուած չէ օրէնքով եւ զայն պէտք է նուաճել համազգային դիմադրութեամբ:
Շարունակելով իր խօսքը` պատգամախօսը ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը իր ողջ ներուժով կանգնեցաւ Արցախի ժողովուրդի կողքին եւ դարձաւ դիմադրութեան առաջամարտիկը` կազմակերպելով թէ՛ տեղեկատուական-քաղաքական աշխատանքը սփիւռքի մէջ, եւ թէ՛ կամաւորական ջոկատներու ձեւաւորումը հայրենիքի մէջ:
«ՀՅԴ-ն դիմադրեց ոչ միայն արտաքին` ազրպէյճանական եւ խորհրդային ճնշումներուն, այլ նաեւ ներքին` Հայաստանի օրուան իշխանութիւններու կողմէ դրսեւորուող անվստահութեան եւ նոյնիսկ հակազդեցութեան», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ խորհրդային տարիներուն Դաշնակցութիւնը պահպանեց անկախութեան եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարը, հաւատարիմ մնաց ազգային-ազատագրական պայքարին, դարձաւ ազգային ինքնութեան պահպանման երաշխիք, իսկ Արցախեան շարժումը ապացուցեց, որ այդ գաղափարը կենսունակ է եւ կրնայ վերածուիլ իրականութեան:
Արա Պուլուզեան յայտնեց, թէ 1 դեկտեմբեր 1989-ին Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը եւ ԼՂԻՄ-ի Ազգային խորհուրդը միացեալ որոշումը տուին` ճանչնալով Արցախի միացումը Հայաստանին` դիտել տալով, որ անիկա դարձաւ Հայաստանի անկախութեան հռչակագրի հիմքը, ուր յստակ նշուած էր, որ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ անոր միացումը Հայաստանին ազգային նպատակ է, եւ Արցախը կրցաւ ոչ միայն պաշտպանել իր գոյութիւնը, այլ նաեւ` ստեղծել անկախ պետականութիւն:
«Այսօր Արցախի կորուստը ոչ միայն տարածքային, այլ նաեւ` հոգեւոր, տնտեսական եւ ռազմավարական հարուած է ամբողջ հայութեան», հաստատեց Պուլուզեան` աւելցնելով, որ Արցախը երեք տասնամեակ ապրեցաւ որպէս անկախ պետութիւն` յաղթահարելով պատերազմներու, շրջափակման, տնտեսական դժուարութիւններու եւ միջազգային մեկուսացման փորձութիւնները: Արցախը դարձաւ ազատութեան եւ արդարութեան խորհրդանիշ` ապացուցելով, որ խաղաղ համակեցութիւնը հնարաւոր է միայն ազատ եւ հաւասար իրաւունքներով ազգային պետական համակարգերու գոյութեան պայմաններուն մէջ:
Շարունակելով իր խօսքը` պատգամախօսը ըսաւ, որ 2018-ի «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» պատճառ դարձաւ ազգային արժէքներու, արտաքին քաղաքական ձեռքբերումներու եւ անվտանգութեան համակարգի փլուզումին` աւելցնելով, որ նոր իշխանութիւնները սկսան կասկածի տակ դնել ազգային իտէալները, Արցախի հարցի առաջնահերթութիւնը եւ արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւնները, իսկ մեր թշնամիները օգտուեցան այս խարխուլ իրավիճակէն: Այս բոլորը առաջնորդեցին 2020 թուականի պատերազմին, որուն ընթացքին հայկական կողմը կրեց ծանր պարտութիւն` կորսնցնելով Արցախի մեծ մասը, ունենալով հազարաւոր զոհեր եւ տեղահանուածներ:
Արա Պուլուզեան ըսաւ, որ սեպտեմբեր 2023-ին Ազրպէյճանի նոր վայրագութեան իբրեւ հետեւանք, Արցախի ողջ հայ բնակչութիւնը բռնի կերպով տեղահանուեցաւ եւ աւելի քան 120 հազար արցախահայեր ապաստանեցան Հայաստանի մէջ` կանգնելով ընկերային, իրաւական, բնակարանային եւ հոգեբանական լուրջ խնդիրներու դէմ յանդիման:
Ապա ան խօսեցաւ ներկայիս Հայաստանի մէջ առկայ վտանգներուն մասին` ազգային արժէքներու, եկեղեցւոյ եւ հայրենասիրական դաստիարակութեան համակարգուած թուլացում, կառավարութեան կողմէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ թիրախաւորում, կրթական ծրագիրներու փոփոխութիւն, Հայաստանի կեղծ պատկերի ստեղծում` զայն դարձնելով նիւթապաշտ եւ ազգային արժէքներէ զուրկ: «Այսօր, երբ մեր ժողովուրդը կանգնած է գոյաբանական մարտահրաւէրի դիմաց, նման քաղաքականութիւն կը վտանգէ մեր ազգային ինքնութիւնը, միասնականութիւնը եւ ապագան», շեշտեց Արա Պուլուզեան` հաստատելով, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը միշտ եղած է անկախ եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարի կրողը, սերունդէ սերունդ շարունակ պահպանած է ազգային ինքնութեան, ազատութեան եւ արդարութեան գաղափարը:
Պատգամախօսը շեշտեց, որ այսօր, երբ մեր հայրենակիցները տեղահանուած են, երբ Արցախի ժողովուրդը ժամանակաւորապէս զրկուած է հայրենի հողէն, մենք պարտաւոր ենք պահպանել պետական կառոյցները, հաւաքական արժանապատուութիւնն ու իրաւունքները: Միայն համազգային համախմբումով, արժանապատուութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան աննահանջ պայքարով կրնանք վերականգնել մեր կորսնցուցածը, ապահովել մեր ժողովուրդի ապագան եւ դուրս գալ այս գահավիժող պարտուողական ընթացքէն, ինչ որ կարելի է Հայաստանի մէջ իշխանափոխութեան միջոցով` համահայկական առաջնահերթութիւն դարձնելով ազգային արժէքներու վերականգնումը:
«Պէտք է մերժենք նիւթապաշտութիւնը, բարոյական անկումը, պարտուողականութիւնը: Յառաջիկայ 7 յուլիսի ընտրութիւնները վճռորոշ են մեր ժողովուրդի ապագային համար: Մենք պարտաւոր ենք տէր կանգնիլ մեր տեսակին: Մեր պայքարը ազատութեան համար է, իսկ ազատութիւնը համամարդկային արժէք է», ըսաւ Պուլուզեան: Ան կոչ ուղղեց շարունակելու պայքարը` մերժելով այն կործանարար թէզը, թէ Արցախի հարցը լուծուած է կամ փակուած, որովհետեւ Արցախը սոսկ տարածք չէ, այլ մեր ազգային պատիւի չափանիշն է, իսկ առանց պատիւի չկայ խաղաղութիւն եւ չի կրնար ապագայ ըլլալ: «Թող մեր սրտերուն մէջ միշտ վառ մնայ Արցախի ազատութեան կրակը: Համոզուած ենք` Արցախը պիտի ազատագրուի, որովետեւ ազատութեան ձգտումը չի կրնար պարտուիլ», եզրափակեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը: (Խօսքին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք յառաջիկային):
Ապա Կարէն Գազանճեան մեկնաբանեց «Ղարաբաղ», «Կամաւոր» եւ «Գետաշէն» երգերը: Անկէ ետք Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբը ներկայացուց «Արցախ» պարը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:





