Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Զինադուլի Կոչ Կ՛ուղղէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ Եւ Իրան Պատերազմին
Երկուշաբթի, 9 մարտ 2026-ին, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին (ԵՀԽ) նախաձեռնութեամբ եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին (ՄԱԵԽ) մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ առցանց հանդիպում մը` քննարկելու համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ու Իսրայէլի կողմէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմը եւ անոր ծանր հետեւանքները: Սոյն հանդիպումին մասնակցեցան Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը եւ անոնց ներկայացուցիչները: Յանուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին իր մասնակցութիւնը բերաւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական...




















