Գաղութային

Ռամատանի Եւ Մեծ Պահքի Ծոմապահութեան  Զուգադիպութեան Առիթով Բագրատունիի Գրառումը

Ռամատանի Եւ Մեծ Պահքի Ծոմապահութեան Զուգադիպութեան Առիթով Բագրատունիի Գրառումը

ՀՅԴ Բիրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Ռամատան ամսուան եւ Մեծ պահքի ծոմապահութեան զուգադիպութեան առիթով դիմատետրեան իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ռամատանի եւ Մեծ պահքի զուգադիպութիւնը մեր հայրենիքին մէջ համակեցութեան ամէնէն գեղեցիկ պատկերն է: «Իր արժէքով մէկ եւ աւանդութիւններով բազմազան պահեցողութիւնը մեզ կը միախմբէ սիրոյ, ողորմութեան եւ զօրակցութեան մէջ»:  

Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, հինգշաբթի, 12 փետրուարին Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, սուրբ եւ անմահ պատարագով նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ պատմական ակնարկով մը յիշեց, թէ 5-րդ դարուն Հայաստանը կրօնափոխ ընելու ու ամբողջութեամբ նուաճելու որոշումով Սասանեան Պարսկաստանը վերջնագիր ներկայացուց հայ ժողովուրդին, դիտել տալով, որ ճգնաժամային այդ պայմաններուն մէջ, հայութիւնը, իր իշխանաւորներով ու...

Նախատօնակ` Սրբոց Ղեւոնդեանց Եւ Վարդանանց Տօներուն Առիթով

Նախատօնակ` Սրբոց Ղեւոնդեանց Եւ Վարդանանց Տօներուն Առիթով

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասուն, չորեքշաբթի, 11 փետրուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր նախատօնակ` Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց տօներուն առիթով: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ նուիրական զոյգ առիթները` Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց տօները, Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս սովորաբար միասնաբար կը նշուին, որովհետեւ հոգեւորական եւ աշխարհական...

Կառավարութեան Վերջին Որոշումին  Վերաբերեալ Բագրատունիի Գրառումը

Կառավարութեան Վերջին Որոշումին Վերաբերեալ Բագրատունիի Գրառումը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ իր դիմատետրեան էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Յաւելուած արժէքի տուրքը (Թէ.Վէ.Ա.) եւ պենզինի տուրքը աւելցնելու կառավարութեան որոշումէն ետք, լիբանանցիներուն այս կառավարութեան նկատմամբ յոյսը վերածուեցաւ մղձաւանջի: Նշանակումներէն ու բարեկարգումներու խոստումներէն ետք, եկան աշխատավարձերու յաւելումներու պատրանքով որոշումները: «Զինուորականներու ամսականներուն յաւելումը ի՞նչ օգուտ ունի, երբ անոնց սպառածին ճամբով այդ յաւելումը անոնցմէ ետ կը խլուի: «Ոչ ոք...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Բարեմաղթանքը` Ռամատան Ամսուան  Սկզբնաւորութեան Առիթով

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Բարեմաղթանքը` Ռամատան Ամսուան Սկզբնաւորութեան Առիթով

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Ռամատան ամսուան առիթով լիբանանցիներուն հետեւեալ բարեմաղթանքը յղեց ընկերային ցանցերու իր հարթակներուն միջոցով. «Ռամատան օրհնաբեր ամսուան սկզբնաւորութեան առիթով ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր խորին շնորհաւորութիւնները եւ լաւագոյն բարեմաղթանքները կը յղէ բոլոր լիբանանցիներուն` Աստուծմէ հայցելով, որ այս առիթը բարիք եւ խաղաղութիւն բերէ բոլորին եւ մեր հայրենիք Լիբանանին: Օրհնաբեր Ռամատան եւ ամենայն բարիք` բոլորին»:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի  Շիի Համայնքի Հոգեւոր Պետը Ներկայացնող  Պատուիրակութեան Այցելութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Շիի Համայնքի Հոգեւոր Պետը Ներկայացնող Պատուիրակութեան Այցելութիւնը

Երեքշաբթի, 17 փետրուար 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի շիի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ալի Խաթիպը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին համայնքի խորհուրդի անդամները: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր գիծերով արծարծելու Լիբանանի միջհամայնքային գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարելիութիւնները:  

Հայկական Երեսփոխանական Պլոք. «Պահ Դրուած  Գումարներու Սեփականատէրերու Իրաւունքը Քաղաքական Հարց Չէ,  Այլ Սկզբունքային, Օրինական Ու Բարոյական Հարց»

Հայկական Երեսփոխանական Պլոք. «Պահ Դրուած Գումարներու Սեփականատէրերու Իրաւունքը Քաղաքական Հարց Չէ, Այլ Սկզբունքային, Օրինական Ու Բարոյական Հարց»

«Դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերու պոռթկումը» միութիւնն ու Դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներ ունեցող ֆրանսացի լիբանանցիներուն միութիւնը Հայկական երեսփոխանական պլոքին հետ գումարեցին ընդլայնուած ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկեցին օրէնսդրական ու ելեւմտական վերջին զարգացումները, մասնաւորաբար այն օրինագիծը, որուն որդեգրումը կառավարութիւնը կը ջանայ ապահովել, եւ որ կը բովանդակէ կէտ մը պահ դրուած սեփանակատէրերուն  գումարները վերածելու անյայտ ճակատագիրով պարտատոմսերու, ինչ որ ուղղակի...

Ազգային Վարժարաններու Նախակրթարանի Եւ Միջնակարգի Աշակերտներու Վարդանանց Տօնակատարութիւնը

Ազգային Վարժարաններու Նախակրթարանի Եւ Միջնակարգի Աշակերտներու Վարդանանց Տօնակատարութիւնը

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ ազգային վարժարաններու նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն, ներկայութեամբ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեանի, ազգային վարժարաններու տնօրէններու եւ կրթական պատասխանատուներու, չորեքշաբթի, 16 փետրուար 2026-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական միացեալ տօնակատարութիւն` նուիրուած Վարդանանց տօնին: Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի երգչախումբի...

Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Ժամերգութիւն Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Ժամերգութիւն Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, ուրբաթ, 13 փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն: Սրբազանը ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս Յովսէփ եւ Մարիամ քառասնօրեայ մանուկը բերին տաճար` Աստուծոյ ընծայելու, եւ թէ ինչպէ՛ս հոն կը գտնուէր Սիմէոն անունով ծերունի կրօնաւոր մը, որ Սուրբ Հոգիէն խոստում ստացած էր չմեռնիլ,...

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնակատարութիւն Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնակատարութիւն Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Վարդանանց ճակատամարտի տօնախմբութիւնը լոկ հաւատքի եւ հայրենիքի համար զոհուած մեր սուրբերուն յիշատակումէն անդին` մեր քրիստոնէական ուխտի վերանորոգումն ու դարաւոր մշակոյթին վերապրումն է, որովհետեւ ճակատամարտէն բխած պատգամները կ՛ոռոգեն մեր ազգային եւ քրիստոնէական ինքնութիւնը: Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, հինգշաբթի, 12 փետրուար 2026-ի առաւօտուն, Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնին առիթով Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեան մատուցեց...

Բագրատունի. «Ռաֆիք Հարիրին Սիրով Կը Յիշենք»

Բագրատունի. «Ռաֆիք Հարիրին Սիրով Կը Յիշենք»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պոլքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան 21-ամեակին առիթով ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի յիշատակի ոգեկոչումին, զայն կը յիշենք սիրով եւ կը վերանորոգենք մեր կառչածութիւնը Լիբանանի պետութեան, գերիշխանութեան եւ արդարութեան նկատմամբ: Ողորմութիւն իր հոգւոյն»:  

«Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Ծրագիրի 2025-2026-ի Երկրորդ Բանավէճը Այնճարի Մէջ

«Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Ծրագիրի 2025-2026-ի Երկրորդ Բանավէճը Այնճարի Մէջ

«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ին կազմակերպած «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» ծրագրի 2025-2026 տարեշրջանի երկրորդ հանրային բանավէճը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 7 փետրուար 2026-ին, Այնճարի Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, Այնճարի քաղաքապետ Սեդրակ Հաւաթեանին, տեղւոյն պատկան մարմիններու պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ` ուսուցիչներու եւ կրթական մշակներու: Ձեռնարկը սկսաւ «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի ընկերային ծառայող եւ ծրագիրի համակարգող Ծովակ Քէօշկէրեանի ողջոյնի խօսքով, որուն մէջ ան ներկայացուց բանավէճի...

Տեառնընդառաջի Նախատօնակ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Տեառնընդառաջի Նախատօնակ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին` Տեառնընդառաջի նախատօնակի հոգեպարար արարողութիւնը մեծ շուքով նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, ուրբաթ, 13 փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին: Սաղմոսասացութիւններու, աղօթասացութիւններու եւ աւետարանական ընթերցանութիւններու աւարտին կատարուեցաւ հոգեպարար աւանդական Անդաստանի արարողութիւնը, որուն աւարտին վեհափառ հայրապետը ժողովուրդի զաւակներուն ուղղեց իր հայրապետական պատգամը: Հայրապետին պատգամը ուղղուած էր յատկապէս...

Լիբանանահութեան Եւ Արցախահայութեան Ծառայութեան Մէջ Իր Ուրոյն Ներդրումը Ունեցած Մասիս Ալեքսանդրեանի Յիշատակի Ոգեկոչում

Լիբանանահութեան Եւ Արցախահայութեան Ծառայութեան Մէջ Իր Ուրոյն Ներդրումը Ունեցած Մասիս Ալեքսանդրեանի Յիշատակի Ոգեկոչում

ՀՅԴ-ի, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, Ազգային իշխանութիւններու մէջ երկարամեայ գործունէութիւն ծաւալած,  նաեւ «Արցախ ֆոնտ»-ին եւ «Արցախ ռուց ինվեսթմընթ»-ի ճամբով Հայաստանին ու Արցախին օժանդակութեան մէջ մեծ ներդրում ունեցած Մասիս Ալեքսանդրեանի քառասունքին առիթով Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ ս. պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հոգեսուրճ առաջնորդարանի սրահին մէջ: ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վազգէն Պեքերեճեան  ցաւակցութիւն յայտնեց Մասիս Ալեքսանդրեանի պարագաներուն եւ...

Այժմէական Չորս Հրատարակութիւն՝ Կաթողիկսարանի «Խաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամ»-ի Ճամբով

Այժմէական Չորս Հրատարակութիւն՝ Կաթողիկսարանի «Խաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամ»-ի Ճամբով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ի յանձնախումբին առցանց նիստը կայացաւ Երեքշաբթի, 10 Փետրուար 2026-ին, Պէյրութի ժամով 19:00-ին, նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։ Հայրապետը նախ պարզեց Հիմնադրամի ժողովական կեանքի առկախման պատճառները՝ կապուած Լիբանանի տնտեսական եւ յատկապէս դրամատնային կացութեան հետ։ Այնուհետեւ վերահաստատուեցաւ յանձնախումբի կազմը.- Երուանդ Փամպուքեան (ատենապետ), փրոֆ․ Աշոտ Մելքոնեան, Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան, դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան եւ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ոչ Եւս Է Հայ Մամուլի Նուիրեալ Սարգիս Մահսէրէճեան

Լոս Անճելըսի մէջ կեանքին հրաժեշտ տուաւ հայ մամուլին եւ յատկապէս «Ազդակ» օրաթերթին հետ իր անունը նոյնացուցած Սարգիս Մահսէրէճեան: Մահսէրէճեան  ամբողջական իմաստով նուիրուած էր «Ազդակ»-ին` վարելով պատասխանատու խմբագիրի, խմբագրապետի եւ տնօրէնի պաշտօններ: Տասնամեակներ շարունակ ան ձեռնհասօրէն վարեց «Ազդակ»-ի խմբագրական պատասխանատու պաշտօններ, քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն դաժան օրերուն «Ազդակ»-ը դարձնելով իր առաջին տունը, ապահովելով անոր անխափան երթը եւ անփոխարինելիօրէն ներդրում ունենալով «Ազդակ»-ի խմբագրական...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Մահազդ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը գուժէ իր պաշտօնաթերթ «Ազդակ»-ի երկար տարիներու խմբագրապետի պաշտօն վարած ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ-ի մահը:

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Մահազդ

«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնն ու խմբագրակազմը կը գուժեն «Ազդակ»-ի վաստակաշատ նախկին տնօրէն-գլխաւոր խմբագիր եւ մամուլի նուիրեալ ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ-ի մահը:

Page 19 of 364 1 … 18 19 20 … 364

Արխիւներ