Երկարատեւ բարի ու գեղեցիկ աւանդութեան հաւատարիմ` Հայկազեան համալսարանը այս տարի ալ հայագիտական մտքին ներկայացուց իր ընթացիկ արգասիքը` «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ը, որուն 55-րդ տարին էր 2025-ը: 1000 էջէ ու 50-է աւելի յօդուածներէ բաղկացած երկու գիրքերը Հայկազեանի հերթական ներդրումն են հայագիտութեան, զոր նշելու համար 17 փետրուարին համալսարանին մէջ մէկտեղուած էին խումբ մը գրասէրներ:
Խմբագրական կազմի անդամ Սիլվա Փափազեան նախ հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս լռութեամբ յարգելու հանդէսի խորհրդատու մարմինի անդամ փրոֆ. Մուրատ Հասրաթեանի, երկարամեայ յօդուածագիր տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի եւ աշխատակից դոկտ. Կարինէ Աւետեանի յիշատակը: Փափազեան ամփոփ ներկայացուց զոյգ հատորներու բովանդակութիւնը` նշելով անոնց խմբային աշխատանքի արդիւնք ըլլալը, վերահաստատելով. «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ը կը հաւատայ, որ գիտութեան եւ քննական մտածողութեան վրայ հիմնուած իմացութեան ճամբով հայագիտութիւնը իր դերը կ’ունենայ հայութեան դէմ ցցուած մարտահրաւէրներու դիմագրաւումին մէջ»:
Ապա ելոյթ ունեցաւ հանդէսի պատասխանատու խմբագիր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ անդրադառնալով 17-18-րդ դարերուն հայուն արձանագրած մշակութային, հրատարակչական եւ այլ նուաճումներուն` հաստատեց. «Այդ օրերուն կազմակերպական եւ հաստատութենական ընդհանուր թոյլ կամ տկար վիճակին մէջ ի յայտ եկան երախտաշատ եւ երկարաժամկէտ արդիւնքներու հաւատացող մարդիկ, որոնք հանդիսացան ատենի քաղաքացիական հասարակութեան զօրաշարժի ենթարկուած աւագանին, որ տեսլական ունէր, նորարական էր եւ հաւատաց հայութեան, չտկարացաւ տիրող ծանր պայմաններուն դիմաց»: Ան նշեց, որ ՀՀՀ-ն եւ Հայկազեան համալսարանը, նաեւ` լիբանահայ գաղութի բազմապիսի իրադարձութիւնները, արդիւնք են քաղաքացիական հասարակութեան աւագանիին, որ առանց ընկրկելու` կը շարունակէ յանձնառու մնալ իր պարտականութիւններուն, թէկուզ` վիրաւոր տեսլականով:
Համալսարանի ուսանող Սէրլի Նեմշէհիրեան ծիրանափողի վրայ նուագեց Խաչատուր Աւետիսեանի «Կռունկները», որմէ ետք Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հիւպատոս Սեդրակ Սարգսեան ուղղեց իր ողջոյնի խօսքը, ուր «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի հրատարակութեան 55-ամեայ յարատեւող աւանդը նկատեց խօսուն ապացոյց` գոյացած աւանդոյթի, հետեւողականութեան, գիտական պատասխանատուութեան ու տարիներու նուիրումի եւ գիտակցուած աշխատանքի: Հայագիտութիւնը դիտելով նաեւ իբրեւ մտածողութիւն` «Որը միաւորում է լեզուն, պատմական յիշողութիւնը, գրականութիւնը եւ մշակոյթը` որպէս մէկ ամբողջական ինքնութիւն», հիւպատոսը հաստատեց, որ` «Արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն հայագիտութիւնները կարելի է պատկերացնել որպէս նոյն մշակութային մարմինի երկու փոխլրացնող ուղղութիւններ, որոնք սնւում են նոյն աղբիւրից եւ ծառայում նոյն նպատակին` հայ մշակոյթի ամբողջականութեան պահպանմանը»: Այս պատկերին մէջ Ս. Սարգսեան առանձնացուց հանդէսին դերը, ուր հայագիտութիւնը ոչ միայն կը պահպանուի, այլեւ կը զարգանայ գիտական արժանապատուութեամբ եւ բաց մտքով` դառնալով. «Վստահելի հարթակ, որտեղ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն հայագիտական միտքը հանդիպում են, փոխլրացնում միմեանց եւ հարստացնում ընդհանուր գիտական դաշտը»:
Աւարտին ելոյթ ունեցաւ համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ նշեց, թէ «Կիրառական հայագիտութիւնը» իբրեւ իր խմբագրական առաջնորդող յօդուածին նիւթ ընտրած «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ը քայլ մը աւելի կը մօտենայ այնպիսի մասնագիտութիւններու, որոնք ուղղակիօրէն կ’առնչուին հայու ամէնօրեայ կեանքին, որոնք կ’արտացոլան յատուկ պարագաներու սերտողութեանց (case studies) ընդմէջէն` յարաբերաբար արդի գիտական մօտեցումներու շնորհիւ: Նախագահը փափաք յայտնեց հանդէսին մէջ տեսնելու երիտասարդ յօդուածագիրներու գործեր, ուր քննուին` «Մարդկային (նաեւ հայուն) ինքնութեան եւ գոյութեան սպառնացող կարգ մը երեւոյթներ, ինչպիսիք են` խօսքի եւ խղճի ազատութիւնը, իրաւունքի եւ ուժի մրցակցութիւնը, փոքրամասնութիւններու հալածանքը, կենսոլորտային վտանգները, արդի ստրկութեան երեւոյթներ, տնտեսութիւն եւ բարոյագիտութիւն, հոգեմտաւոր առողջութիւն, աւանդական հաստատութիւններու ճգնաժամ, արհեստական եւ բնական բանականութեան մրցում եւ ասոնց նման նիւթեր»: Վեր. դոկտ. Հայտոսթեան մեծապէս գնահատելէ ետք խմբագրակազմին աշխատանքը, յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներէն տէր եւ տիկին տոքթ. Վիգէն Ահարոնեան 105.000 տոլարի նուիրատուութեամբ կը ստանձնեն հանդէսի յաջորդ եօթը տարիներու մեկենասութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց:



