Կիրակի, 8 փետրուար 2026-ին տեղի ունեցաւ Մարաշի աղէտի 106-րդ ոգեկոչումը Նոր Մարաշի երեք յարանուանութիւններու` Հայ առաքելական, աւետարական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ մատուցուած ս. պատարագով եւ պաշտամունքով, նաեւ` հոգեհանգստեան պաշտօնով` մարաշցի հին ու նոր ննջեցեալներուն հոգիներուն համար:
Այս առիթով երեք եկեղեցիներուն հոգեւոր հովիւները տուին պատշաճ քարոզներ:
Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք հոգեւոր հայրերը, հիւրերը եւ հայրենակիցները հաւաքուեցան Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մարաշի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութեան անդամ Նազարէթ Ապունայեան, որ անդրադարձաւ Մարաշի աղէտին եւ մարաշցի նահատակներուն, որոնք մահացան ջարդարար թուրքին եաթաղանէն եւ բնութեան խիստ պայմաններու բերումով: Ան դիտել տուաւ, որ սպանդէն ճողոպրածները կրցան հասնիլ ապահով վայրեր եւ փորձեցին սպիացնել իրենց վէրքերը, անոնք տարածուեցան աշխարհի չորս ծագերուն, մանաւանդ` Միջին Արեւելքի մէջ, եւ աննկուն կամքով ու գոյատեւելու վճռակամութեամբ յաւերժացուցին իրենց գոյութիւնը` կառչած մնալով իրենց արմատներուն:
Ան նշեց, որ վերապրողներուն հոգիին վրայ կուտակուած մորմոքն ու կսկիծը վերակենդանացուցին նահատակուած հարազատներուն յիշատակով` ծնունդ տալով նորերու, որոնց մէջ դարբնեցին հայ եւ մարաշցի ըլլալու հպարտութիւնը, սերմանեցին Հայոց պատմութեան փառահեղ ոգին եւ հայ մշակոյթի անսպառ հարստութիւնը:
Նազարէթ Ապունայեան անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ մարաշցիներուն վերապրումին` յիշելով, որ բնիկ մարաշցիները նախ հաստատուեցան Մար Մըխայէլի թիթեղաշէն հիւղաւանը, ապա Պուրճ Համուտի մէջ հիմնեցին Նոր Մարաշ թաղամասը` իր երեք եկեղեցիներով եւ երեք դպրոցներով:
«Այսօր, հակառակ լիբանանեան հայրենիքին մէջ տիրող նիւթական դժուար կացութեան եւ մանաւանդ դրամատնային համակարգին մէջ արձանագրուած ցնցումներուն, որոնց պատճառով միութեան տարիներու խնայողութիւնները գրաւեցան, միութիւնը տակաւին կը շարունակէ թիկունք կանգնիլ գաղութի անկեալներուն եւ չքաւորներուն, յատկապէս կը նպաստէ մարաշցի հօրմէն սեռող հայ աշակերտին ուսումնական կրթաթոշակներուն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ 2025-2026 տարեշրջանին հայկական վարժարաններուն մէջ մարաշցի սաներուն թիւը հասած է 290-ի:
Ն. Ապունայեան շեշտեց, որ Մարաշի հայրենակցական միութեան գոյութիւնը ինքնանպատակ չէ. արդարեւ, ան իր հիմնադրութենէն ի վեր եղած է ծառայութեան գործելադաշտ, 100 տարի շարունակ գործած է այս ուղիով` իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ սատարելով եկեղեցիներու, դպրոցներու, միութիւններու եւ մշակութային մարմիններու:
Յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին խօսելով` ան դիտել տուաւ, որ միութեան նպատակներէն է վերակենդանացնել միութեան գեղատիպ օրացոյցի հրատարակութիւնը 2027-ին, ինչպէս նաեւ` կրկին աշխուժացնել Մարաշի հայրենակցական միութեան տիկնանց յանձնախումբը, որուն առաջին գործունէութիւնը պիտի ըլլայ դէպի արմատներ վերադառնալու նպատակով Մարաշի ասեղնագործութեան դասընթացքներու եւ աւանդական ճաշերու պատրաստութեան դասերու կազմակերպումը:
Ն. Ապունայեան եզրափակելով իր խօսքը` ըսաւ, որ մարաշցիները 100 տարիներ առաջ կորսնցուցին իրենց պատմական օճախները, սակայն, հաստատուելով աշխարհացրիւ այլ օճախներու մէջ, վերապրեցան եւ պահեցին իրենց տոհմային ու ազգային ինքնութիւնը: Ան յոյս յայտնեց, որ այսօր եւս կարելի ըլլայ յաղթահարել Լիբանանի ապրած մղձաւանջը եւ շարունակել միութեան երթը:
Ապա խօսք առին երեք հոգեւոր հովիւները: Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ, Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան իր խօսքին մէջ յոյս յայտնեց, որ, հակառակ Լիբանանի տնտեսական եւ այլ բազում դժուարութիւններուն, միութիւնը կը շարունակէ գոյատեւել եւ շարունակել իր ծառայութիւնը: Ան յիշեց, որ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի եւ գերեզմանատան հողերը օրին իբրեւ նուէր տրուած էին Մարաշի հայրենակցական միութեան կողմէ, ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչութեան:
Ապա խօսք առաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Շնորհք քհնյ. Արթինեանը, որ գնահատեց միութեան կատարած արդիւնաւէտ եւ հետեւողական աշխատանքները, յարատեւութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց վարչութեան:
Վերջին խօսք առնողը եղաւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեանը, որ լուսարձակի տակ առաւ պատկանելիութեան գիտակցութեան կարեւորութիւնը` նախ իբրեւ հայ, ապա կառչած մնալ տոհմային պատկանելիութեան եւ աւանդութիւններուն:
Ան յիշեց Մարաշի յատուկ նշանաւոր աւանդութիւնները` շեշտը դնելով զանոնք պահպանելու եւ սերունդէ սերունդ փոխանցելու կարեւորութեան վրայ: Աւարտին ան երախտագիտութեամբ խօսեցաւ միութեան կողմէ յատկացուող կրթանպաստին մասին, որմէ ինք անձամբ օգտուած է օրին, եւ որուն համար ալ շնորհակալութիւն յայտնեց: Հայր սուրբը գնահատեց եւ քաջալերեց միութեան կատարած ամբողջ գործունէութիւնը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Կիլիկիա» օրհներգով:


