Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի 84-րդ Առցանց Լսարան. «Հայ Դպրոցը Եթէ Տեղ Մը Կը Խամրի, Այլ Տեղ Կը Ծաղկի». Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան

February 21, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 84-րդ առցանց լսարանի դասախօսն էր սուրիահայ մտաւորական, բանասէր-ազգագրագէտ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան: Նիւթ` «Սուրիահայ դպրոցը», որ կը ներառէր պատմական ակնարկ` 240 հայկական դպրոցներու, հայագիտական ամպիոններու եւ դպրատուներու:

Նախքան դասախօսութիւնը` լսարանին մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին «Ազդակ»-ի նախկին խմբագրապետ Սարգիս Մահսէրէճեանի վաստակն ու յիշատակը: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Սուրիահայ կրթական կեանքին եւ հանրակրթութեան մասին գիտական աշխատասիրութիւններ պատրաստած դոկտ. Չոլաքեանը ներկայացուց ամբողջ հոլովոյթ մը այս բնագաւառին կապուած` կեդրոնանալով 19-րդ դարէն մինչեւ մեր օրերը երկարող ժամանակահատուածին վրայ: Տոմարային արձանագրութիւններու, Բերիոյ թեմի թէ վարժարաններու եւ կրթական օճախներու արխիւներուն հիման վրայ կատարուած գիտական աշխատանքներու ամփոփ հանրագումարն էր, որ ներկայացուեցաւ «Ազդակ»-ի լսարանի 35 մասնակիցներուն, որոնք հայրենիքէն եւ սփիւռքեան զանազան  երկիրներէն մեծ հետաքրքրութեամբ ծանօթացան նիւթերուն եւ իմացան, թէ սուրիահայ վարժարաններու մէջ կրթութիւն ստացած նկատելի փաղանգ մը ինչպէ՛ս հիմնական դերակատար եղած է հայկական աշխարհի տարբեր միջավայրերու մէջ կրթութեան եւ ընդհանրապէս հայ հասարակական կեանքի զարգացման մէջ: Դոկտ. Չոլաքեան դասախօսութեան ընթացքին սփիւռքի հայկական ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան ակնարկելով` հաստատեց. «Հայ դպրոցը եթէ տեղ մը կը խամրի, այլ տեղ կը ծաղկի»:

Լսարանին հետեւեցաւ նիւթը աւելի խորացնող հարցումներ-քննարկումի բաժին: Դասախօսութեան ամբողջական տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութուպեան ալիքին վրայ` https://www.youtube.com/watch?v=B3zTTN_ngWo

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարանի Թուային Պահոցը (HU Repository)

Յաջորդը

Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական Հրայր Սաղըրեանի Յիշատակին

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.