Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, օրհնութեամբ լիբանանահայ երեք համայնքապետներուն, բարերարութեամբ Պէզիքեան ընտանիքին, երէկ` ուրբաթ, 27 փետրուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Լոյսով` լոյսին» խորագիրով Հայաստանի Սենեկային պետական նուագախումբի համերգը, նուիրուած` Անի Պէզիքեանի յիշատակին:
Համերգին ներկայ էին հոգեւոր պետեր, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ներկայ եւ նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, միութիւններու ներկայացուցիչները, արուեստագէտներ եւ մեծաթիւ արուեստասէրներ:
Նուագախումբի խմբավարն է Սիփան Օլահ (թենոր), մենակատար` սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան եւ դաշնակահար Մարիա Փալազեան: Համերգին մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք հետագային:


