25 յունիսին, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ, Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան կազմին մէջ ընդգրկուած բժշկական խումբը, ըստ բարի աւանդութեան, Հալէպի բժշկական հաստատութիւններուն յատկացուցած է բժշկական անհրաժեշտ պարագաներ: Այս մասին կը յայտնեն «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն»-էն:
Բժշկական կեդրոններու ղեկավարները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են հայ բժիշկներուն` տրամադրուած բժշկական պարագաներուն, բժշկական հաստատութիւններու մէջ ամէնօրեայ ցուցաբերուող բժշկական օժանդակութեան համար, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան` անոր մնայուն աջակցութեան համար: