Գաղութային

Ազգային Բարերար Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ  Եւ Անի Պէզիքեաններ Մէկ Միլիոն Տոլար  Կը Յատկացնեն Լիբանանի Հայ Համայնքի Կարիքաւոր  Ընտանիքներուն` Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական  Գահակալութեան 25-Ամեակին Առիթով

Ազգային Բարերար Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեաններ Մէկ Միլիոն Տոլար Կը Յատկացնեն Լիբանանի Հայ Համայնքի Կարիքաւոր Ընտանիքներուն` Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Գահակալութեան 25-Ամեակին Առիթով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը խոր գոհունակութեամբ ու ջերմ շնորհակալութեամբ կը յայտարարէ, թէ վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակին առիթով, ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան վեհափառ հայրապետին հետ խորհրդակցաբար եւ նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը, մէկ միլիոն տոլար պիտի յատկացնեն` որպէս օժանդակութիւն Լիբանանի հայ համայնքի կարիքաւոր ընտանիքներուն: Յայտնենք, որ անցնող երկու ամիսներուն տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի...

«Ազդակ»-ի Առցանց Լսարան.  Կարէն Վերանեան. «Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի  Շահերը Միշտ Չէ, Որ Կը Համատեղուին,  Սակայն Չեն Խախտեր  Ռազմավարական Գործընկերութիւնը»

«Ազդակ»-ի Առցանց Լսարան. Կարէն Վերանեան. «Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Շահերը Միշտ Չէ, Որ Կը Համատեղուին, Սակայն Չեն Խախտեր Ռազմավարական Գործընկերութիւնը»

«Թուրքիան` միջազգային եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն մէջ» նիւթին մասին «Ազդակ»-ի 6-րդ առցանց լսարանին զեկուցեց արեւելագէտ, քաղաքական վերլուծաբան Կարէն Վերանեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Ան համապարփակ զեկուցում տուաւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան, այդ քաղաքականութեան կիրարկելիութեան համար ռազմական ներկայութիւն դառնալու նկրտումներուն, Անգարա-Պաքու, Անգարա-Թէլ Աւիւ եւ Անգարա-արաբական աշխարհ յարաբերութիւններուն, մրցակցութիւններուն եւ շահերու բախման կէտերուն մասին: Քննարկումը առիթ եղաւ խօսելու թրքական...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ընդունի  Հայաստանի Եւ Վատիկանի Դեսպանները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչները, Նաեւ Լիբանանի Կառավարութեան Հայ Նախարարը

Հինգշաբթի, 18 յունիս 2020-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանին եւ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Հայաստանի կացութեան, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան եւ մասնաւորաբար Լիբանանի հայութեան առնչուած հարցեր: Նոյն օրը կաթողիկոսին այցելեց նաեւ Լիբանանի կառավարութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը:...

Ազդակի Առցանց Լսարան. Գաղափարական Հոսանքներու Պայքարը Մեր Դարաշրջանի Նորացուած Alafranga-Alaturca Ընդհարումն Է Կամ՝ ԻԱ. Դարու Գրապայքարը. Դոկտ․ Արա Սանճեան

Ազդակի Առցանց Լսարան. Գաղափարական Հոսանքներու Պայքարը Մեր Դարաշրջանի Նորացուած Alafranga-Alaturca Ընդհարումն Է Կամ՝ ԻԱ. Դարու Գրապայքարը. Դոկտ․ Արա Սանճեան

«Ազդակ»-ի հերթական առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 17 յունիս 2020-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: «Պատմագրութիւն (հայոց եւ այլոց). գիտութի՞ւն, ինքնութի՞ւն, մեթոտաբանութիւն» նիւթին մասին զեկուցեց Միշիկըն համալսարանի դասախօս, պատմաբան դոկտ. Արա Սանճեան: Ան  խօսեցաւ պատմութեան գիտակարգի կապուած խնդիրներուն, պատմութիւն ուսումնասիրելու պատճառականութեան, պատմութիւնը ուսումնասիրողներուն նկատի ունեցած թիրախային խաւերուն, պատմագիտական մեթոտաբանութեան, պատմագիտական եզրակացութիւններու ապրած փոփոխութիւններուն, պատմագրութեան համաշխարհային զարգացման եւ այդ յարաբերակցութեամբ հայոց պատմագրութեան...

Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա»  Թանգարանը Զարգացման Ընթացքի Մէջ

Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Թանգարանը Զարգացման Ընթացքի Մէջ

Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, իր հիմնադրութենէն 25 տարիներ ետք կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանը, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախաձեռնութեամբ, ընդհանուր վերանորոգման ու վերադասաւորման ենթարկուեցաւ վերջին ամիսներուն ընթացքին: Կատարուած ծախսերուն բարերարութիւնը ստանձնեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային իշխանութեան ատենապետ Կարօ եւ Սօսի Էշկիեան ամոլը: Արդարեւ, չորեքշաբթի, 17 յունիս 2020-ին, Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, «Կիլիկիա» թանգարանի յանձնախումբը վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ հանդիպում մը ունեցաւ` ցարդ կատարուած...

Օրինակելի Նախաձեռնութիւն

Օրինակելի Նախաձեռնութիւն

Օրինակելի նախաձեռնութեամբ մը, Լիբանանէն` Արին, Հայկ եւ Սանան Խաչերեաններ Արցախի Հանրապետութեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նուիրած են միջազգային չափանիշերով բարձրագոյն որակի պասքեթպոլի հազար գնդակ: Մարզական ոլորտին ուղղուած այս նուիրատուութիւնը, ըստ էութեան, երկարաշունչ ծրագիրի մը առաջին քայլն է Արցախի մէջ պասքեթպոլի մարզաձեւի զարգացման: Ծրագիրը կը միտի քաջալերել տարբեր ձեւաչափերով Արցախի մասնակցութիւնը միջազգային մրցումներու:

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, երկուշաբթի, 15 յունիս 2020-ին, Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին: Պատուիրակութիւնը նախարար Օհանեանի կողմէ գտաւ ջերմ ընդունելութիւն: Ծանօթացման եւ գործնական այս հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երիտասարդութիւնը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ մշակութային կեանքին վերաբերող առկայ դժուարութիւնները: Շրջանային վարչութիւնը ներկայացաւ առաջարկով մը, որ կը համընկնէր նաեւ նախարար Օհանեանի ծրագիրներուն, ինչ կը վերաբերի...

Լիբանանեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Լիբանանեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Լիբանանեան երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները կը դատապարտեն լիբանանահայութիւնը դաւաճան նկատող կազմակերպուած արշաւները, որոնք կը գործադրուին արտաքին կառոյցներու զօրակցութիւնը վայելող ելեկտրոնային բանակներու կողմէ: Երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները կը դատապարտեն համայնքային, յարանուանական թէ ցեղային ամէն տեսակի գրգռութիւն, որ մարդկային ու բարոյական հիմքերէն հեռու է: Երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները նկատել կու տան, որ այս ուղեգիծով շարունակելը կը վտանգէ քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ կը սպառնայ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Հակահայ Վերջին Երեւոյթներուն Մասին Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Օտարերկրեայ Դեսպաններու

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ` 12 յունիսին, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան, Ռուսիոյ, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի, Պելճիքայի, Չեխիոյ, Աւստրիոյ, Ուրուկուէյի, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպաններուն յղեց անցնող օրերուն Լիբանանի մէջ հակահայ արտայայտութիւններուն եւ երեւոյթներուն վերաբերող նամակներ: Հայ դատի մարմինը դեսպաններուն փոխանցեց, թէ լիբանանեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանէն 10 յունիսին ուղղակի սփռուած, Թուրքիոյ...

Համազգայինը` Նոր Մարտահրաւէրներու Դիմաց

Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան 15-րդ լիագումար նիստը գումարուեցաւ չորեքշաբթի, 10 յունիս 2020-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ եւ եղաւ «Քորոնա» ժահրին պատճառով ստեղծուած ճգնաժամին բերումով կայացած առցանց դրութեամբ հանդիպումներուն յաջորդող ֆիզիքական առաջին նիստը: Շրջանային վարչութիւնը լսեց եւ քննեց իւրաքանչիւր մասնաճիւղի ներկայացուցիչի տեղեկագիրներն ու զեկուցումները եւ հաստատեց, որ, գտնուելով հանդերձ աննախընթաց կացութեան մը դէմ յանդիման, տարուած Համազգայինի լայնածաւալ առցանց գործունէութիւն` գեղարուեստի դպրոցներու...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Երէկ` հինգշաբթի, 11 յունիսին հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները գումարեցին ժողով մը, որուն ընթացքին անդրադարձան Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական եւ ընկերային կացութեան: Անոնք անդրադարձան նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած նիւթերու, ուր այսպէս կոչուած Լիբանանեան-արաբական մարտալլիական միութեան անդամ անձ մը կը գործածէ հայ համայնքին դէմ գրգռիչ արտայայտութիւններ, որոնք չեն նպաստեր պահպանելու կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը, մանաւանդ ներկայ...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Ազգային Առաջնորդարան. Հաղորդագրութիւն Թիւ 9. Երջօ Սամուէլեան 90.000 Ամ. Տոլարով Դարձեալ Կը Զօրակցի Լիբանանահայութեան

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ արդէն իսկ ապահովուած է լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութեան շրջագիծին մէջ երկրորդ 2000 սնտուկ սննդամթերքի պահանջուած գումարը` շնորհիւ ազգային բարերար տիար Երջօ Սամուէլեանի 90.000 ամ. տոլարի նուիրատուութեան, որուն մէկ մասը նաեւ պիտի տրամադրուի այլ ծրագիրներու: Այս առիթով, շաբաթասկիզբին ընթացք առաւ ցրուումի աշխատանքը, որ պիտի շարունակուի յառաջիկայ շաբաթներուն` մեր եկեղեցիներուն մէջ: Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ազգային առաջնորդարանի մնայուն բարերար...

«Ազդակ»-ի Առցանց Լսարան.  100 Հետազօտող Ներգրաւուած Են  Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզին

«Ազդակ»-ի Առցանց Լսարան. 100 Հետազօտող Ներգրաւուած Են Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզին

«Ազդակ»-ի առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` 10 յունիսին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին: Անոր մասնակցեցան Հայաստանէն, Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Միացեալ Նահանգներէն լսարանի 41 հետեւորդներ: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Սփիւռքագէտ, ընկերաբան դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան զեկուցեց «Սփիւռքահայ հանրային կարծիքը 21-րդ դարուն»  նիւթին մասին: Ան կը ղեկավարէ Սփիւռքի հետազօտական ծրագիրը եւ այդ ծիրին մէջ` հայկական սփիւռքի հարցախոյզի աշխատանքը:...

«Լիբանանը Սփիւռքի Բաբախող Սիրտն Է». Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Քանատայի Մարմինի Ատենապետ Նորայր Պէրպէրեան

«Լիբանանը Սփիւռքի Բաբախող Սիրտն Է». Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Քանատայի Մարմինի Ատենապետ Նորայր Պէրպէրեան

23 մայիսին, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէն յատուկ կոչով դիմեց քանատահայութեան ու յայտարարեց Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Քանատայի մարմինի կազմութիւնը: 28 մայիսին, սկիզբ առաւ նուիրահաւաքի արշաւը: Իր առաջին կոչին մէջ Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Քանատայի մարմինը կը նշէ. «Քանատահայութիւնը միշտ լիաբուռն օժանդակութիւն հասցուցած է հոն, ուրկէ եկած է տագնապի ձայնը` հայրենիքէն եկած ըլլայ ան թէ սփիւռքի որեւէ գաղութէ: Վստահ ենք, որ այս անգամ եւս, նո՛յն...

Արամ Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Արամ Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

4 յունիսի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Տորոթի Շին` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զանազան բաժանմունքներու երկու պատասխանատուներուն: Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր. այսպէս` «Քորոնա» համաճարակի ստեղծած կացութեան հետեւանքները ու զանոնք դիմագրաւելու աշխատանքները, տնտեսական տագնապը եւ կառավարութեան...

«Մեր Բոլորիս Ուխտավայր Ճեմարանին» Առցանց Նուիրահաւաք

«Մեր Բոլորիս Ուխտավայր Ճեմարանին» Առցանց Նուիրահաւաք

Ամբողջ աշխարհի մէջ 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանին «Քորոնա» ժահրը ծանր հարուած հասցուց կրթութեան մարզին. զանազան երկիրներու մէջ դպրոցները փակուեցան, եւ այս մէկը ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ աշխարհի աշակերտներուն մեծ մասին վրայ: Լիբանանի մէջ, համաճարակը եւ երկրին մէջ արդէն իսկ տիրող քաղաքական եւ տնտեսական փոթորկալից իրավիճակը միասնաբար ստեղծեցին աննախընթաց տագնապ մը կրթութեան մարզին համար: Հոկտեմբեր 2019-էն սկսեալ դասարանային դասաւանդումը բազմաթիւ անգամներ ընդհատուեցաւ եւ...

Համազգայինը` Նոր Մարտահրաւէրներու Դիմաց

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Գրութիւններու Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Ինչպէս յայտնի է, «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով լիբանանահայ գաղութի մշակութային աշխատանքով զբաղող կառոյցներէն շատեր անցած են առցանց գործունէութեան: Այս ծիրին մէջ Համազգայինի Գիր եւ գրականութեան մասնագիտացած մասնաճիւղը քանի մը ամիսէ ի վեր կ՛իրագործէ առցանց ծրագիրներու շարք մը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ մայիս ամսուան ընթացքին Մայրերու օրուան նուիրուած աշակերտական գրութիւններու մրցանքը: Լիբանանահայ վարժարաններէ 101 աշակերտներ իրենց բանաստեղծական թէ արձակ կարճ...

Յառաջիկայ Կիրակիէն Սկսեալ Ժողովուրդը  Կրնայ Մասնակցիլ Եկեղեցական Արարողութիւններուն Թէ՛ Անթիլիասի Մայրավանքին Եւ Թէ՛ Թեմերուն Մէջ

Յառաջիկայ Կիրակիէն Սկսեալ Ժողովուրդը Կրնայ Մասնակցիլ Եկեղեցական Արարողութիւններուն Թէ՛ Անթիլիասի Մայրավանքին Եւ Թէ՛ Թեմերուն Մէջ

Արամ Ա. կաթողիկոս թեմերուն ուղղած իր շրջաբերական նամակով առաջնորդ սրբազաններուն եւ Ազգային իշխանութեանց թելադրեց, որ կիրակի, 7 յունիսէն սկսեալ, եկեղեցիները պատրաստ պէտք է ըլլան ընդունելու հաւատացեալները եւ մասնակից դառնալու սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ ընդհանրապէս եկեղեցական արարողութիւններուն: Արդարեւ, համաճարակին ստեղծած պայմաններուն պատճառով եւ ժողովուրդի զաւակները համաճարակի վտանգէն հեռու պահելու նախանձախնդրութենէն մեկնելով, անցնող շուրջ երեք ամիսներուն ընթացքին եկեղեցական արարողութիւնները առցանց կերպով...

«Հասարակութիւնները Դէմ Յանդիման Գտնուեցան Լրաճարակի»  «Ազդակ»-ի Առցանց Լսարանին Զեկուցեց Արամ Անանեան

«Հասարակութիւնները Դէմ Յանդիման Գտնուեցան Լրաճարակի» «Ազդակ»-ի Առցանց Լսարանին Զեկուցեց Արամ Անանեան

«Ազդակ»-ի առցանց հերթական լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 17:00-ին, որուն մասնակցեցան Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներէն «Ազդակ»-ի լսարանականներ: «Հայկական տեղեկատուութիւնը. ներկայ իրավիճակ եւ հեռանկարներ» նիւթին մասին զեկուցեց «Արմէնփրես»-ի տնօրէն Արամ Անանեան: Ան նախ հաստատեց, որ ապագայագիտութիւնը չէր կրցած կանխատեսել ներկայ իրավիճակը, որ համաշխարհային տարողութիւն ստացաւ շատ արագ: Այս առումով համավարակին ստեղծած իրավիճակին ամէնէն շատ...

«Մեր Ժողովուրդի Զաւակներուն Ջերմօրէն Կը Թելադրենք Համաճարակին Դէմ Պաշտպանուելու Համար Նախազգուշական Քայլերուն Հետեւիլ»  Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մեր Ժողովուրդի Զաւակներուն Ջերմօրէն Կը Թելադրենք Համաճարակին Դէմ Պաշտպանուելու Համար Նախազգուշական Քայլերուն Հետեւիլ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երկուշաբթի, 1 յունիս 2020-ի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովին հանդիպումը: Քննարկուեցան մեր եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներքին կեանքին ու թեմերուն առնչուած շարք մը ծիսական, դաստիարակչական, հրատարակչական, միջեկեղեցական, տեղեկատուական եւ ընկերային ծառայութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր: Յիշեալ բնագաւառներուն շուրջ տրուեցան զեկոյցներ պատասխանատու միաբան հայրերու...

Page 164 of 365 1 … 163 164 165 … 365

Արխիւներ