Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի 11-րդ Առցանց Լսարան

July 9, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Հայկական հարցը առաջին հերթին հայկական պետականութեան վերականգնումն է հայկական բարձրաւանդակի վրայ», յայտնեց Փրոֆ Ռուբէն Սաֆրաստեան

Հայաստանի հանրապետութեան գիտութիւններու ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան զեկուցեց «Ազդակ»-ի 11-րդ առցանց լսարանին, զոր վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Զեկուցման նիւթն էր «Հայոց ցեղասպանութեան դէմ Անգարայի մղած պայքարին նորագոյն դրսեւորումները»:

Զեկուցաբերը ներկայացուց ժխտումի պետական քաղաքականութեան հոլովոյթը` սկսելով Օսմանեան կայսրութեան օրերուն հրապարակուած փաստաթուղթերու ժողովածուէն, ուր սկիզբ կ՛առնէր կեղծարարական վարքագիծը: Ներկայացնելէ ետք Քեմալի ղեկավարութեամբ Թրքական պատմագիտական ընկերութեան հիմնադրութիւնը, Ռուբէն Սաֆրաստեան կեդրոնացաւ Թալէաթի յուշերուն վրայ, ուր տեղահանութեան վարկածը սկսած էր յառաջ քշուիլ` իբրեւ ժխտողականութեան հիմնաւորում:

Պատմական ճշմարտութիւնները նենգափոխելու արշաւին բարձրակէտը նկատեց Հալաճօղլուով ղեկավարուած ակադեմական շարժումը, ուր առաւելագոյն ձեւով մանրացուած էին հայութեան զոհերուն թիւերը, այդ օրերու իրադարձութիւններուն իբրեւ հետեւանք: Տեղահանութիւնը կ՛արդարացուէր իբրեւ «հայերու ապստամբութեան դէմ առնուած միջոց»:

Տարբեր փուլ էր 90-ական թուականներու, յետ Հայաստանի անկախացման շրջանը, երբ աշխատանքները կեդրոնացան հիմնադրելու համար պետական կառոյց մը, որուն գործառոյթը միջազգային իրաւականութեամբ հակափաստարկներ պատրաստելն էր «հայկական պնդումներուն»: Այլ խօսքով, Անգարան իրաւականօրէն պատրաստ պիտի ըլլար, եթէ Երեւանը դիմէր միջազգային որեւէ ատեանի:

Էրտողանի օրով արդէն խնդիրը պատմական վիճաբանութիւններու հարթութիւն տեղափոխելու քաղաքականութիւնն էր, որ կը փորձէր ծուղակ ներքաշել հայկական կողմը:

Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Անգարայի ժխտումի բանաձեւը ընդհանուր ցաւն էր. ընդունիլը, որ «տխուր իրադարձութիւններուն հայերը եւս զոհեր տուած էին, ինչպէս թուրքերը»:

Վերջապէս, Էրտողանի գլխաւորութեամբ երեք շաբաթ առաջ կայացած բարձրագոյն խորհրդատուական մարմինը կը նախանշէր, որ Անգարան անհանգիստ է հայկական կողմի հատուցման եւ պահանջատիրութեան ուղղութեամբ առնելիք քայլերէն:

Փրոֆ. Սաֆրաստեանի համապարփակ եւ գիտականօրէն հիմնաւորուած զեկուցումին յաջորդեց զրոյց-քննարկում, որ ներառեց նաեւ այսօրուան աշխարհաքաղաքական պայմաններու լոյսին տակ թրքական նկրտումներն ու ընդգծեց հայկական կողմին պատրաստուելու հրամայականը:

 

 

 

Նախորդը

Համահայկական Տեսլականի Տագնապը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակային Տեսութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակային Տեսութիւնը

November 9, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին

November 9, 2026
Այզենքոթ Պիտի Կազմէ  Իսրայէլի Նոր Կառավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Այզենքոթ Պիտի Կազմէ Իսրայէլի Նոր Կառավարութիւնը

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.