Գնահատելով «Ազդակ»-ի նախաձեռնութիւնը` Լիբանանի ներկայ պայմաններուն մէջ ապրիլեան եւ մայիսեան յատուկ թիւեր հրատարակելու առումով, ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան 10 միլիոն լիբանանեան ոսկի կը նուիրեն «Ազդակ»-ին:
Պէզիքեան ընտանիքը տարիներէ ի վեր սատար կը կանգնի «Ազդակ»-ի ծրագիրներուն եւ կը շարունակէ հովանաւորել «Ազդակ-բացառիկ»-ի հրատարակութիւնները: