Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Իր Հայրական Օրհնութիւնը Տուաւ Լիբանանահայ Օժանդակութեան Պէզիքեան Ծրագիրի Գործադիր Վարչութեան

July 4, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանի մը օր առաջ, պաշտօնական հաղորդագրութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը գոհունակութեամբ յայտարարեց, թէ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 25-ամեակին առիթով, ազգային բարերարներ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ, լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու զօրակցութեան համար կը տրամադրեն մէկ միլիոն ամերիկեան տոլար:

Ուստի, կու գանք տեղեկացնելու, որ արդիւնաւոր կերպով իրականացնելու համար Պէզիքեան ամոլին կողմէ կատարուած իշխանավայել այս նուիրատուութեամբ նախատեսուած լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան աշխատանքը, Ազգային առաջնորդարանին գլխաւորութեամբ արդէն իսկ կազմուած է Լիբանանահայ օժանդակութեան Պէզիքեան ծրագիրի գործադիր վարչութիւնը, որ աշխատանքի լծուելէ առաջ, պատշաճ նկատեց ստանալ վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը եւ այնուհետեւ անցնիլ հինգ ամիսներու վրայ տարածուող օժանդակութեան գործին:

Ուստի, երեքշաբթի, 30 յունիս 2020-ի երեկոյեան, Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի գլխաւորութեամբ, Լիբանանահայ օժանդակութեան Պէզիքեան ծրագիրի գործադիր վարչութիւնը պաշտօնապէս այցելեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ստացաւ անոր հայրական օրհնութիւնը:

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, վեհափառ հայրապետը ընդունելով Լիբանանահայ օժանդակութեան Պէզիքեան ծրագիրի գործադիր վարչութիւնը, նախ տեղեկացաւ ցարդ տարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին եւ իր օրհնութեան խօսքին ու յաջողութեան մաղթանքներուն ընդմէջէն կարեւորութեամբ յիշեցուց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան խողովակով, Պէզիքեան ամոլը շարունակաբար եղած է մեր եկեղեցւոյ կողքին ու լիբանանահայութեան հետ: Այսօր, լիբանանեան կեանքի տագնապալի պայմաններուն մէջ, ըսաւ վեհափառ հայրապետը, միեւնոյն վստահութեամբ ու կեցուածքով, Պէզիքեան ամոլը դարձեալ կը յայտնուի մեր եկեղեցւոյ կողքին` իշխանավայել օժանդակութեամբ աջակցելու համար լիբանանահայութեան օժանդակութեան գործին: Այնուհետեւ, յոյս յայտնելով, որ տագնապալի այս պայմանները շուտով կը հեռանան մեր կեանքէն, վեհափառ հայրապետը յաջողութիւն մաղթեց յանձնախումբին եւ յիշեցուց, որ իբրեւ եկեղեցի, կառոյցներ ու պատասխանատուներ, մեր ծառայութիւններով ու նուիրումով մենք պէտք է շարունակաբար ըլլանք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կողքին, որպէսզի ազգովին մնանք կանգուն ու կենդանի:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

Նախորդը

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Կը Վերահաստատէ Իր Զօրակցութիւնը Լիբանանահայութեան

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1830-ի, Մահուան Պարագաներունը` 35-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1242-ի

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային  Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք  Հանդիպում Կայացնել
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք Հանդիպում Կայացնել

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.