«Ազդակ»-ի 10-րդ առցանց լսարանին զեկուցեց Պըրքլի համալսարանի դասախօս, պատմաբան փրոֆ. Ստեփան Աստուրեան: Նիւթ` «Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բեւեռացման ընթացքը 1850-ականներէն մինչեւ 1915»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Փրոֆ. Աստուրեան ներկայացուց պատմական հարցերու ընկալման սկզբունք մը, որ հաւատքի հիման վրայ հաւաքական վարուելակերպ կ՛արտայայտէ, ինչ որ կը բանաձեւուի իբրեւ Խորհրդանշական փոխգործակցութեան տեսութիւն:
Բացատրելով Օսմանեան կայսրութեան կառուցուածքային խնդիրներն ու ուղղութիւնները (մահմետական եւ ոչ մահմետական. կամ պետութեան եւ կրօնին ծառայողներն ու մնացեալը), դասախօսը կեդրոնացաւ բեւեռացման գործընթացի չորս ուղղութիւններուն վրայ, ներառելով տարբեր հանգամանքներ` քրտական տարբեր ցեղախումբերու կրօնական եղբայրակցութեան դերը, Խրիմի պատերազմի հետեւանքները, Թանզիմաթի բերած փոփոխութիւնները, օսմանական միտքի հաստատման, հաւասարութեան միտքի առարկայացման փորձին հակազդեցութիւնը, հողային խնդիրները, սեփականաշնորհման ընթացքը եւ այս բոլորին յանգեցուցած տնտեսական ատելութիւնը (հայ տարրին տնտեսական յաջողութիւններուն դիմաց):
Համիտեան ջարդերու նախորդած պայմաններուն մասին խօսելէ ետք, փրոֆ. Աստուրեան խօսեցաւ օսմանեան պատմագրութեան փորձերուն մասին` հայութեան դէմ գործադրուած ջարդերը ապստամբութիւններ, խռովութիւններ ներկայացնելով, որոնք ունէին նոյն արարները:
Ջարդերուն նպատակներուն անդրադառնալով `փրոֆ. Աստուրեան ներկայացուց փաստեր` բնակչութեան տոկոսային պատկերի փոփոխութիւնը նպատակադրած քաղաքականութեան վերաբերեալ:
Հայկական հարցի ուսումնասիրութեան համար որոշ երեւոյթներու վրայ կեդրոնանալու անհրաժեշտութիւնը շեշտեց դասախօսը: Խօսեցաւ` պալքանեան երկրորդ պատերազմէն ետք արեւելեան նահանգներու թրքացման, ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան մասին: Ներկայացնելով իրավիճակը` կայսրութիւնը կը կորսնցնէ տարածքներ, փլուզման ընթացք, հանրային պարտքի կուտակում եւ տնտեսական դաշտերու գրաւում Եւրոպայի կողմէ: Այս մթնոլորտին մէջ է, որ կը ձեւաւորուի ազգայնականութեան բջիջի (Երիտասարդ թուրքերու) ստեղծման ենթահող: Ըստ էութեան ցեղապաշտ, բայց պաշտօնապէս իբրեւ օսմանցիներ: Փրոֆ. Աստուրեան անդրադարձաւ նաեւ ազգայնականութեան ներքին տարբեր ուղղութիւններուն:
Էնվերի համաթրքական ծրագիրներուն մէջ ունեցած դերին մասին խօսելէ ետք փրոֆ. Աստուրեան շեշտեց 1914-ի փոփոխութիւններուն ունեցած վտանգաւոր հետեւանքները:
Պատմական փաստերու ներկայացումով փրոֆ. Ստեփան Աստուրեան հիմնաւորեց 150 տարուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ կիրարկուած բնակչութեան մէկ բաժինը միւս բաժինին դէմ հանելու հետեւողական քաղաքականութիւնը` հաստատելով, որ Թուրքիոյ մէջ հաւաքական եւ պետական բռնութիւնը ունի շարունակական բնոյթ: