Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան» հայագիտական գրադարանը 27 ապրիլ 2020-ին հարստացաւ հանրածանօթ բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի արխիւներով:
Համալսարանի նախագահ վեր. Հայտոսթեանին ուղղուած նամակին մէջ, ի միջի այլոց, Պեզճեան կը գրէ. «1997-ի գարնան, երբ Լիբանան տեղափոխուեցայ, հայագիտական գրադարանը հանդիսացաւ երկրորդ տունս: Իսկ այդ թուականէն ետք պատրաստած ժապաւէններուս համար մեծապէս օգտուեցայ հայագիտական գրադարանի հարուստ հաւաքածոյէն: Աւելի՛ն, Պեզճեան գերդաստանը 19-րդ դարէն սկսեալ մեծ ներդրում ունեցած է Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, ըլլալով նոյնիսկ հիմնադիրներէն Այնթէպի քոլեճին»:
Բեմադրիչը իր արխիւները Հայկազեան համալսարանին յանձնելով կը յուսայ, որ սփիւռքատարած հայագիտական կեդրոններ յաւելեալ ճիգ թափեն հայ մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու արխիւները իրենց յարկերուն մէջ համատեղելու: