Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Տուչութիւն

Յուլիս 7, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, շաբաթ, 4 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի 6-րդ եւ 12-րդ կարգերու ամավերջի հանդէսը, որ առցանց սփռուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Դիմատետրի էջին վրայ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան, որ անդրադարձաւ մերօրեայ մոխրագոյն անորոշ պատկերին, որուն մէջ աւարտական հանդէսի տեսարանը կը ներկայանայ իբրեւ յոյսի եւ լոյսի պատուանդան: «Երբ ժամանակը կանգնած կը թուի ըլլալ, եւ անորոշութիւնը արձանացուցած է գրեթէ ամէն ինչ, ահաւասի՛կ այս տեսարանը վկայարանն է այն իրողութեան, որ մեր սերունդը իր հերթական քայլափոխը կը կատարէ», ըսաւ տնօրէնը իր խօսքին սկիզբը` աւելցնելով, որ երբ Լիբանանի անկումով պայմանաւորուած` ժամանակի եւ տարածութեան ճահճացում մը կ՛ապրինք, սերունդի այս տողանցքը կը յուշէ, թէ ճահճացումէ դուրս գալու միակ այլընտրանքը յառաջխաղացքի կամք ունենալն է: Ան նկատել տուաւ, որ սերունդի այս քայլափոխով մենք ունինք ապաւէն եւ ճակատաբաց  հպարտութիւն մը, որ երբ յուսալքութեան եւ պարտուողական տրամադրութիւններ կը սփռուէին, վարժարանը չզիջեցաւ կրթական առաքելութեան իր ազնիւ հաւատարմութեան մէջ եւ, հակառակ ամէն տեսակի դժուարութեանց եւ ճնշիչ մթնոլորտին, չզիջեցաւ նորահաս սերունդի ուսումնառութեան իրաւունքը, թէկուզ նեղ կարելիութիւններով: Չզիջեցաւ նաեւ սերունդի հոգեմտաւոր աճի կրթական սնունդը դասական դասարաններէն մեր աշակերտներուն տուները տեղափոխելու շտապ անհրաժեշտութեան զգօնութեամբ: Տնօրէնը խօսքը ուղղելով նախակրթարանի եւ աւարտական դասարաններու շրջանաւարտներուն` նկատել տուաւ, որ աշխարհը նոր ձեւաւորումներ կը ստանայ իր կարգ ու սարքով, անհատական եւ հաւաքական ապրելակերպեր կը փոխուին, կենսագործունէութեան տարբեր բնագաւառներ, ասպարէզներ, սպասարկութիւններ եւ տարաբնոյթ յարաբերակարգեր մեթոտական եւ բովանդակային վերամշակումներու մէջ են, նոյնպէ՛ս կրթական ոլորտն ու կեանքն ալ իրենց վերափոխումներու ընթացքը բռնած են` աւելցնելով, որ այս հոլովոյթին մէջ հիմնական մարտահրաւէրը` պատշաճեցման եղանակով իրենց գոյատեւման եւ ուրոյն դիմագիծի պահպանման զուգահեռ, վերափոխումներու նոր քարտէզին մէջ պահելն է նպատա՛կը, արժէքնե՛րը եւ հաւաքական կեա՛նքը: Ա. Թաշճեան շեշտեց, որ հաւաքական կեանքն ու տեսլականները պէտք չէ խաթարուին` աւելցնելով, որ ազգային դպրոցականութիւնը, իր վերափոխումներով եւ վերաձեւաւորումներով հանդերձ, պիտի շարունակուի ա՛յն ուղենիշով, որով կը պահենք հաւաքական առաքելութիւն, արժէքներ եւ նպատակ: «Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, հիմա, որ ձեր սիրելի կրթօճախէն կը մեկնիք, մի՛ նեղուիք երբե՛ք, որ ձեր վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը ճոխութիւններ չվայելեց: Ի վերջոյ համոզուած եղէք, որ այս հանդիսութեան ճոխութիւնները չեն, որ կը հարստացնեն ձեր վկայականներն ու այդ առթիւ ձեր ուրախութիւնը, այլ այս հանդիսութեան հարազատ ու ջինջ, բայց նոյնքա՛ն խորհրդանշական եւ վճռադատ պատգամն է իր ամենապայծառ տեսարանով, որ ուժեղ, կենսալից եւ յանձնառու կը պահէ ձեր վկայականները: Ի վերջոյ, արժէքներու այն բեռը, զոր ձեր վկայականներուն հետ կը տանիք այս դարբնոցէն, ա՛ն է, որ ձեր անհատականութեան կշիռին խորութիւն, ծաւալ եւ տարողութիւն կու տայ: Երբեք բեռնաթափ չըլլաք այդ արժէքներէն: Վերջապէս, մի՛ մոռնաք, որ ձեր վկայականներուն հետ ունիք նաեւ 15 տարիներու ամենագունագեղ յիշատակներու ծաղկեփունջը: Ուրախ եւ հպարտ եղէ՛ք ձեր վկայականներով», եզրափակեց Արմէն Թաշճեան:

Այնուհետեւ աւարտական կարգի աշակերտները ներկայացուցին նազպար մը, որմէ ետք հայերէն ուղերձով հանդէս եկաւ Նարօտ Գառնէշեան:  Ան նկատել տուաւ, որ տարեսկիզբին մեծ թափով սկսած էին տարեշրջանը` պատրաստ սորվելու եւ իրենց աւարտական տարին յիշատակներով լեցնելու, սակայն երկրին անկայուն վիճակին, նաեւ  «Քորոնա» ժահրին պատճառով ստիպուեցան աւելի կանուխ հեռանալ վարժարանէն: Գառնէշեան հաստատեց, որ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, վարժարանի տնօրէնը եւ ուսուցչական կազմը նեցուկ կանգնելով կրկնապատկեցին իրենց ջանքերը եւ առցանց դասաւանդութեամբ փոխանցեցին բաւարար տեղեկութիւններ, զիրենք հասցնելու համար համալսարանական փուլին: «Մեր այսօրուան յաջողութիւնը կը պարտինք այս վարժարանին, որ ոչ միայն ուսումնական հաստատութիւն մըն է, այլ նաեւ մարդակերտման եւ հայակերտման դարբնոց մը», շեշտեց Ն. Գառնէշեան` աւելցնելով, որ այս դպրոցի յարկին տակ իրենց միտքերը լեցուեցան գիտութեամբ, հայոց պատմութեամբ, հայ գրականութեամբ եւ հայ մշակոյթով` իրենց մէջ վառ պահելով հայկական ոգին: Իրենք ստացան կեանքի վահանը` պայքարելու համար չարին դէմ եւ յաղթահարելով տարբեր տեսակի դժուարութիւններ:

Գառնէշեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրեալներուն, որոնց շնորհիւ վարժարանը կանգուն կը մնայ ու կը թիավարէ հոսանքն ի վեր:

«Կը խոստանանք անմահացնել Մուսա Լեռ անունը եւ հպարտացնել մեր նախահայրերը եւ ամբողջ գիւղը: Մենք բնաւ պիտի չմոռնանք մեր սիրելի վարժարանը, որ հանդիսացաւ այն տաքուկ բոյնը, որմէ պիտի ճախրենք դէպի հեռու հորիզոններ», եզրափակեց Ն. Գառնէշեան:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ վկայականաց բաշխումը` ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային իշխանութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանի եւ վարժարանի  տնօրէն Արմէն Թաշճեանի: Վկայական ստացան ԺԲ. կենսաբանական բաժինէն` Աբրահամ Աշըգեան, Սեդրակ Հապէշեան, Նարօտ Գառնէշեան: ԺԲ. ընդհանուր գիտութեան բաժինէն` Սերժ Քիւսպէքեան, Անտրու Մաալուֆ, Ռազմիկ Թովմասեան, Վարանդ Մաճարեան: ԺԲ. ընկերատնտեսագիտական բաժինէն` Պարոյր Սթամպուլեան, Պարոյր Ղուկասեան, Պետիկ Փամպուքեան, Պետօ Հապէշեան, Վարագ Քէօշէեան, Լէա Աշգարեան, Մարիամ Թասլաքեան:

6-րդ կարգէն վկայական ստացան Ալեքս Գապաղեան, Ճիւան Սթամպուլեան, Սագօ Գարագաշեան, Սինթիա Լահհամ, Շանթ Քէնտիրճեան, Գաբրիէլ Հաւաթեան, Գէորգ Լաքիսեան, Լալէ Տումանեան, Նազէ Այնթապլեան, Նանոր Հերկելեան, Յարութիւն Արուշեան:

Հանդիսութեան եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ շնորհաւորեց շրջանաւարտները` մաղթելով, որ կեանքի ուղին իրենց դիմաց ըլլայ հեզասահ, եւ իրենք նոր աշխատանքով ու եռանդով նուաճեն յաւելեալ բարձունքներ` միշտ մնալով իրենց գիւղին, հայ դպրոցին եւ մեր հաւաքականութեան կողքին: Ան նկատել տուաւ, որ արտասովոր տարեշրջան մըն էր բոլորին համար, յատկապէս վարժարաններուն, որոնք կրթական տարին անցուցին առանց աշակերտներու` առցանց պայմաններով շարունակելով կրթական աշխատանքը` աւելցնելով, որ մեծ էր ներդրումը մեր կրթական պատասխանատուներուն, բայց նաեւ ծնողներուն եւ աշակերտներուն, որոնք այս նոր պայմաններուն մէջ յաջողեցան ձեւեր որոնել եւ միջոցներ գտնել, որպէսզի հայ դպրոցի կրթական աշխատանքը չընդհատուի: «Հայ դպրոցը, մեր ժողովուրդի սփիւռքեան փորձառութեան յաղթանակն է»,  հաստատեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ կեանքի պայմաններու բերումով հայ դպրոցը անցած է բազում տեսակի տագնապներէ, սակայն մնացած է միշտ կանգուն եւ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը հայ աշխարհի ամբողջ տարածքին: «Դժուար են հայ դպրոցին պայմանները, նաեւ ներկայիս դժուար են մեր ժողովուրդի կեանքի ու կենցաղային պայմանները, սակայն պէտք է անդրադառնանք, որ մեր քրտինքով, մեր հաւատքով եւ մեր կամքով պարտաւոր ենք հայ դպրոցը կանգուն պահել ոչ միայն լիբանանահայ կարիքներուն համար, այլ ամբողջ հայութեան, նաեւ ի խնդիր մեր ժողովուրդի երազներուն եւ իտէալներուն պարտաւոր ենք հայ դպրոցը պահել կանգուն եւ ծաղկուն պայմաններու մէջ, որպէսզի մեր ժողովուրդի անմահութեան երթը շարունակուի ամէնուրեք», շեշտեց սրբազանը` աղօթելով, որ Աստուած կեանքի աւելի բարերար պայմաններ հաստատէ մեր առօրեային մէջ, որպէսզի հետագային մենք վստահութեամբ կրկին բանանք հայ դպրոցին դռները հայ աշակերտութեան առջեւ, եւ սերունդներու պատրաստութեան աշխատանքը նոր թափ առնէ ու հայ  դպրոցով նոր զարթօնք հաստատուի մեր ներկայ` քիչ մը տխուր կեանքի պայմաններու մէջ: Սրբազանը հաստատեց, որ դժուարութիւնները անպակաս եղած են մեր ժողովուրդի կեանքէն, սակայն անոնց յաջորդած են վերականգնումի առիթներ` յորդորելով ներկաները պատրաստ ըլլալու վերականգներու եւ վերադասաւորելու իրենց կեանքը գալիք օրերուն եւ պայմաններուն համար:

 

 

Նախորդը

Հայաստան – ՀՅԴ – Սփիւռք (Դաշնակցութիւնը ՀՀ կառավարութեան մասնակից)

Յաջորդը

Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ Լրագրողներու Տարածաշրջանային Առցանց Ժողովներու Մեկնարկը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?