Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, «Հայաստան-Սուրիա» բարեկամական խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեան Դիմատետրի իր էջով հաղորդեց, որ պիտի առաջադրուի երրորդ գումարման խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Նշենք, որ Սուրիոյ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած էին 13 ապրիլ 2020-ին, սակայն «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով յետաձգուեցան ու պիտի կատարուին 19 յուլիս 2020-ին: