Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆանար-Լէյլաւան. Քառամսեայ Աշխատանքներու Հաշուետուութիւն Եւ Կամաւորներու Գնահատում

Յուլիս 10, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, երէկ` հինգշաբթի, 9 յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ֆանար-Լէյլաւանի Ս. Երրորդութիւն մատրան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ կամաւորներու գնահատման ձեռնարկ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան ելոյթ ունենալով բացատրեց հաւաքին նպատակը, թէ անիկա կոմիտէութեան  քառամսեայ աշխատանքներու հաշուետուութեան հաւաք է, նաեւ` կամաւորներու աշխատանքը գնահատելու առիթ, աւելցնելով, որ կոմիտէն որոշած է չորս ամսուան աշխատանքներէն ետք, յատկապէս «Քորոնա» ժահրին ստեղծած ճգնաժամային պայմաններէն ետք հաւաքուիլ եւ դիմատետրի ճամբով նաեւ հաշիւ ներկայացնել հանրութեան, թէ կոմիտէն առողջապահական, ընկերային ի՛նչ աշխատանքներ տարած է անցնող չորս ամիսներուն ընթացքին, եւ գալիք փուլին ինչպիսի՛ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուինք:

Ր. Տէմիրճեան հաստատեց, որ անցնող չորս ամիսները դժուար, տագնապալի ամիսներ էին, սակայն անոնց դէմ յանդիման բնականաբար իրենք պարտականութիւն ունէին կատարելիք, իրենց վստահուած էր առաքելութիւն, աշխատանք, որուն մէջ պէտք էր իրենց դերը վերցնէին: «Դաշնակցութիւնը խաղաղ պայմաններու մէջ իր առաքելութիւնը կը կատարէ, սակայն իր աշխատանքները առաւել եւս շեշտակի կը դառնան, երբ դժուարին պայմաններ կը ստեղծուին: Դժուարութիւններու ատեն գործող կուսակցութիւն եղած ենք: Դժուարութիւնները յաղթահարող կուսակցութիւն եղած ենք», շեշտեց Տէմիրճեան` հաստատելով, որ Լէյլաւանը, «Է. Ակնունի» կոմիտէն, իր բոլոր կառոյցներով, մարմիններով, վարչութիւններով, թաղականութեամբ, ԼՕԽ-ով, ՀՄԸՄ-ով, իբրեւ մէկ ընտանիք դարձաւ ծառայութեան օրինակ:

«Այսօրուան այս պայմաններուն մէջ կատարուած աշխատանքներէն ետք,  մենք մեզի իրաւունք պէտք է տանք հաստատելու համար, որ ո՛չ միայն Լիբանանի մէջ, այլեւ համահայկական առումով Լէյլաւանը իր աշխատանքի ոճով, նուազագոյն պայմաններով օրինակ դարձաւ բոլորին», շեշտեց Տէմիրճեան եւ ամփոփ կերպով ներկայացուց այն բոլոր աշխատանքները եւ նախաձեռնութիւնները, որոնք կատարած էր կոմիտէն վերջին չորս ամիսներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ նիւթական պատկերին: Ան նաեւ կոմիտէին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց իւրաքանչիւր կամաւորի, որ անցնող չորս ամիսներուն ընթացքին անշահախնդիր աշխատանք տարաւ` վստահեցնելով, որ իւրաքանչիւր կամաւոր այդ աշխատանքը  կատարեց հաւատքով, նուիրումով, մարդկային նպատակներով, որովհետեւ մեր առաքելութեան հիմնական բաժինը մարդոց հասնիլ, անոնց օգտակար դառնալ, ձեռք երկարել եւ ծառայել է: Տէմիրճեան մաղթեց, որ սոյն համեստ եւ ընտանեկան հաւաքը առաւել եւս մղէ զիրենք, որ յաջորդ փուլին աւելի մեծ թափով եւ նուիրումով աշխատին:

Իր խօսքի աւարտին Տէմիրճեան անդրադարձաւ նաեւ յաջորդ փուլին կատարուելիք աշխատանքներուն:

Ս. Երրորդութիւն մատրան հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տէմիրճեան իր սրտի խօսքին մէջ փառք տուաւ Աստուծոյ բոլորին ունեցած ծառայութեան ոգիին համար` բոլորին մաղթելով առողջութիւն: Ան նկատել տուաւ, որ վերջին չորս ամիսներու աշխատանքով, նաեւ միշտ մատուցուած ծառայութիւններով բոլորը արտայայտած են իրենց սէրն ու հաւատքը գործով, որովհետեւ առանց գործի սէրն ու հաւատքը կը մեռնին: «Դուք ցոյց տուիք, որ իրապէս կը հաւատաք մեր ազգային նկարագիրին եւ սկզբունքներուն», հաստատեց քահանայ հայրը` շեշտելով, որ իրենց ծառայութեամբ շատ բան տուած են Աստուծոյ, որ զիրենք պիտի լեցնէ բարիքներով, եւ մաղթեց, որ նոյն հաւատքով շարունակեն իրենց ծառայութիւնը:

Աւարտին, ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէն գնահատանքի համեստ նուէրներ բաժնեց բոլոր կամաւորներուն:

 

 

Նախորդը

Հասարակ Ժողովուրդը` Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Թակարդին Մէջ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?