Գաղութային

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  Արուեստի Ֆոնտին  Կազմակերպած Աշակերտական  Նկարչական Մրցանակաբաշխութիւն

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Արուեստի Ֆոնտին Կազմակերպած Աշակերտական Նկարչական Մրցանակաբաշխութիւն

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» արուեստի ֆոնտին, հինգշաբթի 3 փետրուար 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ֆոնտին կազմակերպած միջդպրոցական նկարչական մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Թիւթիւնճեան ընտանիքին, ֆոնտի եւ դատական կազմի անդամներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, աշակերտներու եւ ծնողներու: Ձեռնարկի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան յայտնեց, որ այս ձեռնարկը անդրանիկ նախաձեռնութիւնն է «Լիւսի Թիւթիւնճեան» արուեստի...

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Հանդիպում Ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Հանդիպում Ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ

Երէկ` հինգշաբթի, 3 փետրուար 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը աւելի քան ժամ մը հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի հետ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Հանդիպումին ներկայ էր դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատու Էթան Լինչը: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքին վրայ: Այս շրջագիծին մէջ տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին միջեւ: Անոնք շեշտեցին յառաջիկայ...

ՀՄԸՄ-ի 103-Ամեակի Լուսանկարչական Մրցանքի  Արդիւնքներուն Հրապարակումը  «Հայ Սկաուտի Օր»-ը` 24 Փետրուարին

ՀՄԸՄ-ի 103-Ամեակի Լուսանկարչական Մրցանքի Արդիւնքներուն Հրապարակումը «Հայ Սկաուտի Օր»-ը` 24 Փետրուարին

ՀՄԸՄ-ի 103-ամեակի լուսանկարչական մրցանքը, որ յայտարարուած էր 16 նոյեմբեր 2021-ին` միութեան հիմնադրութեան տարեդարձին օրը, իր աւարտին կը հասնի շուտով: Մրցանքին մասնակցելու վերջին պայմանաժամն է 20 փետրուար 2022-ը, որովհետեւ արդիւնքներուն հրապարակումը ընկերային ցանցերով պիտի կատարուի «Հայ սկաուտի օր»-ը` 24 փետրուարին: Յայտնենք, որ այս առիթով ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կողմէ ստեղծուած է դատական յատուկ կազմ մը, որուն մաս կը կազմեն լուսանկարիչ...

Միջկուսակցական Հանդիպում

Միջկուսակցական Հանդիպում

Երէկ` չորեքշաբթի, 2 փետրուար 2022-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններու հերթական հանդիպումը: Ժողովը նախ եւ առաջ անդրադարձաւ Լիբանանի ներքաղաքական կացութեան եւ անոր ապրած վերջին զարգացումներուն: Միջազգային եւ շրջանային ուժերու Լիբանանի հանդէպ ցուցաբերած հետաքրքրութեան ոլորտին մէջ շեշտը դրուեցաւ Թուրքիոյ ծաւալած վտանգաւոր գործունէութեան վրայ: Շարունակուող...

«Անհրաժեշտ Է, Որ Լիբանանի Քրիստոնեայ  Հոգեւոր Պետերուն Ունեցած Հանդիպումը  Ամբողջանայ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հոգեւոր Պետերու  Հանդիպումով Վատիկանի Մէջ»  Նշեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Անհրաժեշտ Է, Որ Լիբանանի Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերուն Ունեցած Հանդիպումը Ամբողջանայ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հոգեւոր Պետերու Հանդիպումով Վատիկանի Մէջ» Նշեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Չորեքշաբթի, 2 փետրուար 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Պքերքէի մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Ռիչըրտ Փոլ Կալակեր արքեպիսկոպոսին հետ: Վեհափառ հայրապետն ու նախարարը ընդհանուր արժեւորում մը կատարեցին 1 յուլիս 2021-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովին ու անոր անդրադարձին Լիբանանի մէջ: Վատիկանի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձաւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին եւ...

Ընկերային Ծառայողներու Կորիզի Կազմութիւն Եւ Քննարկում Հաւաքական Աշխատելաձեւի

Ընկերային Ծառայողներու Կորիզի Կազմութիւն Եւ Քննարկում Հաւաքական Աշխատելաձեւի

Ծառայութիւնը քրիստոնէական կեանքի իմաստն է ու ճիշդ ճամբան: Նոր կտակարանին մէջ Աստուածորդին սպասաւորութիւն ընդունելու չեկաւ, այլ գործնականօրէն ցոյց տուաւ ծառայութիւնը եւ Աստուծոյ մօտենալու ճշգրիտ ճանապարհը: Որքան դիպուկ է մարդուն կողմէ իր նմանին կատարուած ծառայութեան մասին Քրիստոսի խօսքը, ուր կ՛ըսէ, թէ` «Որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք» (Մատթէոս 25:40): Արդ, ծառայութեան կանչին հաւատարիմ Լիբանանի Հայ համայնքի   ընկերային...

Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Շաբաթ, 29 յունուար 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազեն: Դեսպանը վեհափառ հայրապետին պարզեց Վատիկանի կատարած աշխատանքները Լիբանանի գծով, յատկապէս 1 յուլիս 2021-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումէն ետք: Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած շարք մը հարցեր: Յայտնենք, որ յառաջիկայ օրերուն Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար կարտինալ...

«Ազդակ»-ի 43-րդ Լսարան.   «Մենք` Իբրեւ Պետութիւն Եւ Ազգ Հայկական Լեռնաշխարհի Հոգեւոր Սեփականատէրը Պէտք Է Նկատենք Մենք Մեզ Եւ Աշխատինք Այդ Գաղափարը Փոխանցել Յառաջիկայ Սերունդներուն», Դոկտ. Ռոպերթ Ղազարեան

«Ազդակ»-ի 43-րդ Լսարան. «Մենք` Իբրեւ Պետութիւն Եւ Ազգ Հայկական Լեռնաշխարհի Հոգեւոր Սեփականատէրը Պէտք Է Նկատենք Մենք Մեզ Եւ Աշխատինք Այդ Գաղափարը Փոխանցել Յառաջիկայ Սերունդներուն», Դոկտ. Ռոպերթ Ղազարեան

«Ազդակ»-ի 43-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 27 յունուար 2022-ին, դասախօսն էր Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Ռոպերթ Ղազարեան, նիւթ` «Հայոց պետականութիւնը` անցեալ, ներկայ եւ ապագայ»:  Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը ներկայացուց պետականութեան եւ նոյնիսկ պետութեան բացակայութեան պետականակիր համակարգի հոլովոյթը` մեր թուականներէն առաջ հազարամեակները բաժնելով տարբեր փուլերու, կանգ առնելով միասնական պետութեան ձեւաւորման...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հինգշաբթի, 27 յունուար 2022-ի առաւօտուն, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը, ընկերակցութեամբ Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեանին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնուհիին,  այցելութիւն մը տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, հայցելու իր օրհնութիւնը: Շրջանային վարչութիւնը ներկայացուց իր ծրագիրները, անդրադարձաւ հայ կարիքաւոր մանուկներու եւ ընտանիքներու օգնութեան եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի գործունէութեան: Արծարծուեցան լիբանանահայ գաղութի ընկերային...

Հաղորդագրութիւն   ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Հաղորդագրութիւն ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հինգշաբթի, 27 յունուար 2022-ի յետմիջօրէին այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հանդիպումը առիթ դարձաւ խօսելու ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մարզական եւ սկաուտական զանազան աշխատանքներուն, լիբանանահայ երիտասարդութեան դիմագրաւած հարցերուն եւ ընդհանրապէս գաղութի ազգային կեանքին մասին: Ընդհանուր անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ միութեան ունեցած ծրագիրներուն եւ ընթացիկ աշխատանքներուն: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց ընդհանրապէս միութեան աշխատանքը,...

Յարգանքի Երեկոյ` Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի Յիշատակին

Յարգանքի Երեկոյ` Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի Յիշատակին

10 դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7.00-ին, Լիբանանանահայ գրական շրջանակի կազմակերպութեամբ, Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 21 օգոստոս 2021-ին յանձնառու հրապարակագիր եւ իրաւաբան մեթր Գասպար Տէրտէրեանի յիշատակին նուիրուած յարգանքի երեկոյ: Հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով բացման խօսքը արտասանեց Լիբանանահայ գրական շրջանակի նախկին ատենադպիր Անի Քեստենեան-Պասեթ, որ ըսաւ, թէ շապինգարահիսարցի մեթր Տէրտէրեան գիտակից պահանջատէրի հանգամանքով իր կեանքը նուիրեց տարագիր արեւմտահայութեան անժամանցելի արդար...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Ներկայացուցիչը` Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Մօտ

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Ներկայացուցիչը` Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Մօտ

Չորեքշաբթի, 26 յունուար 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան: ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը վեհափառ հայրապետին նամակ մը յանձնեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կողմէ: Նամակին մէջ ընդհանուր քարտուղարը իր գնահատանքը կը յայտնէր վեհափառ հայրապետին ընդհանրապէս Լիբանանի տագնապը դիմագրաւելու գծով իր կատարած ճիգերուն, միջհամայնքային երկխօսութեան բերած իր կարեւոր ներդրումին, ինչպէս նաեւ 20...

Դոկտ․ Աբել Մանուկեան Այցելեց «Ազդակ»

Դոկտ․ Աբել Մանուկեան Այցելեց «Ազդակ»

«Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցաւ  կրօններու զուիցերիական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ․ Աբել Մանուկեան։ Դոկտ․ Մանուկեան , որ հեղինակ է գիտական աշխատասիրութիւններու, դասախօսած էր «Ազդակ»-ի առցանց լսարանին  «Պազէլի միսիոնարները եւ մշակութային զարթօնքը Շուշիի մէջ, 1823-1835 թուականներուն» նիւթին մասին։ Իր հեղինակած «Հայ եւ հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցիներու միութեան վերջին փորձը Փլորենտիոյ մէջ եւ «Տէքրէթում փրօ Արմենիս» կամ «Հրահանգ առ հայս կոնդակը»,...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ալիեւի Յայտարարութեան Վերաբերեալ Նամակ Մը Յղեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահող Երկիրներու Եւ ԵԱՀԿ-ի Նախագահող Երկրի Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ նամակ մը յղեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի եւ ԵԱՀԿ-ի նախագահող երկրի` Լեհաստանի դեսպաններուն` անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութեան, որուն մէջ ան մասնաւորաբար նշած էր, որ համանախագահները «պէտք է գիտնան, որ իրենք այլեւս պիտի չզբաղին Ղարաբաղի հարցով, որովհետեւ մենք ատիկա պիտի չարտօնենք»: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը...

Հաղորդագրութիւն.  Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հայոց Ցեղասպանութեան 107-Ամեակի Ոգեկոչման Մարմինի Հանդիպումը Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Հաղորդագրութիւն. Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հայոց Ցեղասպանութեան 107-Ամեակի Ոգեկոչման Մարմինի Հանդիպումը Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Շաբաթ, 22 յունուար 2022-ին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման մարմինը այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Հանդիպման ընթացքին մարմինը վեհափառ հայրապետին ներկայացուց 2022-ի ապրիլեան ձեռնարկներու ծրագիր-նախագիծը` խնդրելով վեհափառ հօր հովանաւորութիւնը: Հաւատարիմ մնալով Համազգայինի տասնամեակներու տեսլականին եւ առաքելութեան` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը այս տարի կը ձգտի Հայոց ցեղասպանութեան անդրադառնալ քննական-վերլուծական բնոյթ կրող ձեռնարկով մը: Ձեռնարկ-սեմինարին նիւթն է` «Յետցեղասպանութեան ստեղծարարութիւնը`...

Պուրճ Համուտի Վերականգնման Ծրագիրի Ծիրին Մէջ.  Հանրային Կանաչապատ Տարածքի Ստեղծում` Մարաշի Մէջ

Պուրճ Համուտի Վերականգնման Ծրագիրի Ծիրին Մէջ. Հանրային Կանաչապատ Տարածքի Ստեղծում` Մարաշի Մէջ

Պուրճ Համուտի վերականգնման ծրագիրի ծիրին մէջ, ուրբաթ, 21 յունուար 2022-ի առաւօտեան, տեղի ունեցաւ Մարաշի շրջանի հանրային տարածքի բացման արարողութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ էր Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, «Արդարութիւն եւ հաւասարութիւն» միութեան նախագահ ճարտարագէտ Մոհամետ Քատահ, «Եու.Էն.Հապիթաթ»-ի ներկայացուցիչներ Օմար  Ռաէյտի եւ Սամար Ֆարհաթ, Կաթողիկէ խնամքի ծառայութեան կազմակերպութենէն` Ալեքսանտրա Ամերիքանոս եւ Մայա Ապու Տիպ, ինչպէս նաեւ` աշխատաւորներու եւ ընտանեկան...

Մաղրիպիի Գրադարանին Մասին Յ. Բագրատունիի Գրառումը

Մաղրիպիի Գրադարանին Մասին Յ. Բագրատունիի Գրառումը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը. «Ան հարուստ էր իր գիրքերով... սակայն ըստ երեւոյթին այս օրերուն արգիլուած է նման հարստութիւն մը ունենալ: Մաղրիպիի գրադարանին հրկիզումը ամօթանք է իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար, եւ մեզ կը վերադարձնէ խաւարամտութեան ու Ճենկիզ Խանի դարաշրջանը: Նոյնիսկ ընթերցումի եւ զարգացումի հաճոյքը արգիլուա՞ծ է աղքատին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Առցանց Հանդիպում Ունեցաւ Թեմակալ Առաջնորդներուն Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Առցանց Հանդիպում Ունեցաւ Թեմակալ Առաջնորդներուն Հետ

Ուրբաթ, 21 յունուար 2022-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շուրջ երկու ժամ առցանց հանդիպում ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներուն հետ: Վեհափառ հայրապետը թեմակալ առաջնորդները տեղեակ պահեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ անոր թեմերուն առնչուած ընդհանրական ծրագիրներուն ու կատարուելիք աշխատանքներուն մասին: Ան յատկապէս շեշտեց «Սփիւռքի տարուան» առիթով գործնական նախաձեռնութիւններու դիմելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ 1 յուլիսին Միւռոնօրհնէքին եւ...

Լիբանանի Կրթութեան Նախարարը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Լիբանանի Կրթութեան Նախարարը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Հինգշաբթի, 20 յունուար 2022-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի կրթութեան նախարար Ապպաս Հալապի: Հանդիպումի ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան առաւելաբար կրթութեան նախարարութեան աշխատանքներուն առնչուած ծրագիրները: Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան պարզած ներկայ կացութեան` նկատի ունենալով, որ վեհափառ հայրապետը միջկրօնական ծիրին մէջ մօտէն ճանչցած է նախարար Հալապին:

Միութիւններու Եւ Քաղաքապետութիւններու Մէջ Արհեստագիտական Գրասենեակներու Հաստատութենականացման Միջոցները

Միութիւններու Եւ Քաղաքապետութիւններու Մէջ Արհեստագիտական Գրասենեակներու Հաստատութենականացման Միջոցները

Երեքշաբթի, 18 յունուար 2022-ի առաւօտուն,  Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան»-Եռագոյն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան գործունէութեան մասին քննարկում մը «Միութիւններու եւ քաղաքապետութիւններու մէջ արհեստագիտական գրասենեակներու հաստատութենականացման միջոցները» խորագիրով` ներկայութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ ՄԱԿ-ի պատկան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն: Ձեռնարկի կազմակերպման կոչ ուղղած էին Եւրոպական Միութեան եւ ՄԱԿ-ի Մարդկային պաշարներու միաւորը (Եու. Էն. Հապիթաթ): Նաեւ ներկայ էին Սուրի եւ...

Page 122 of 365 1 … 121 122 123 … 365

Արխիւներ