Սումկայիթի Ջարդերուն Զոհուած Հայորդիներու Հոգիներու Հոգեհանգիստ
27 փետրուար 1988-ին Ազրպէյճանի իշխանութեան կողմէ ծրագրուած Սումկայիթի ջարդերուն 34-րդ տարելիցն է այս տարի: Հայ ազգի ազատատենչ ոգին սանձելու եւ արցախեան շարժումը կասեցնելու տրամադրութեամբ, Ազրպէյճանի իշխանութիւնը զանգուածային տեղահանութիւն եւ անմարդկային ջարդ գործեց հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ: Ծրագրուած սպանդը տեւեց երեք օր: Արդարեւ, կիրակի, 27 փետրուար 2022-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, բարձր...



















