Ուրբաթ, 21 յունուար 2022-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շուրջ երկու ժամ առցանց հանդիպում ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներուն հետ:
Վեհափառ հայրապետը թեմակալ առաջնորդները տեղեակ պահեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ անոր թեմերուն առնչուած ընդհանրական ծրագիրներուն ու կատարուելիք աշխատանքներուն մասին: Ան յատկապէս շեշտեց «Սփիւռքի տարուան» առիթով գործնական նախաձեռնութիւններու դիմելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ 1 յուլիսին Միւռոնօրհնէքին եւ 7-9 դեկտեմբերին Ազգային ընդհանուր ժողովին գծով կատարուելիք նախապատրաստական աշխատանքներուն անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ կատարեց շարք մը յիշեցումներ կաթողիկոսարան-թեմ յարաբերութեանց ու գործակցութեանց գծով:




