Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերային Ծառայողներու Կորիզի Կազմութիւն Եւ Քննարկում Հաւաքական Աշխատելաձեւի

Փետրուար 1, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ծառայութիւնը քրիստոնէական կեանքի իմաստն է ու ճիշդ ճամբան: Նոր կտակարանին մէջ Աստուածորդին սպասաւորութիւն ընդունելու չեկաւ, այլ գործնականօրէն ցոյց տուաւ ծառայութիւնը եւ Աստուծոյ մօտենալու ճշգրիտ ճանապարհը: Որքան դիպուկ է մարդուն կողմէ իր նմանին կատարուած ծառայութեան մասին Քրիստոսի խօսքը, ուր կ՛ըսէ, թէ` «Որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք» (Մատթէոս 25:40): Արդ, ծառայութեան կանչին հաւատարիմ Լիբանանի Հայ համայնքի   ընկերային ծառայողներու միութեան վարչութիւնը շարունակելով իր քառասուն տարիներու ծառայութեան իր առաքելութիւնը` նեցուկ կանգնելու անկարին, կարօտեալին եւ ներկայիս լիբանանահայ գաղութի դիմագրաւած ճգնաժամին ընդառաջ, հինգշաբթի, 27 յունուար 2022-ի կէսօրին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ նախաձեռնեց հանդիպումի մը` համայնքային ծառայողական աշխատանքները համախմբելու, ընկերային ծառայողներու կորիզ կազմելու եւ հաւաքական աշխատելաձեւի դրութիւն հաստատելու միտումով:

Սոյն հանդիպման իրենց մասնակցութիւնը բերին`  Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան, Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի, ԱՖՀԻԼ ապահովագրական գրասենեակի, «Ալեքքօ եւ Անի Պեզիքեան ֆոնտ»-ի, Հայ աւետարանական համայնքի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի, Հայ կաթողիկէ «Նարեկ» դարմանատան, «Էջմիածին» կրօնասէր տիկնանց համախմբումի, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան, Երեսփոխանական գրասենեակի օժանդակութիւններու բաժինի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի բարգաւաճման բաժինի, «Զուարթնոց» կեդրոնի եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի ներկայացուցիչներ, տնօրէններ, տնօրէնուհիներ, պատասխանատուներ եւ ընկերային ծառայողներ:

Հանդիպման բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի Հայ համանքի   ընկերային ծառայողներու միութեան վարչութեան ատենապետուհի Քրիսթին Դանիէլեան – Սարգիսեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն եւ կ՛օժանդակեն հայ ժողովուրդի անհրաժեշտ ու ծով կարիքներուն: Ան բացատրեց հանդիպման նպատակը, որն է` համախմբել  հայ համայնքին մէջ ծաւալած ծառայութիւնները  եւ վերածել կեդրոնացեալ աշխատանքի, որպէսզի կարելի ըլլայ հասանելի դառնալ նաեւ այլ կարիքաւորներու, մանաւանդ` հիւանդանոցային պարագաներու:

Այնուհետեւ միութիւններու տնօրէններն ու ներկայացուցիչները ամփոփ ձեւով ներկայացուցին իրենց ծառայութիւնները եւ անդրադարձան, որ հայ համայնքին մէջ գործող կառոյցներուն մեծամասնութիւնը կ՛օժանդակէ նոյնանման ծառայութիւններով: Ուստի պատշաճ նկատուեցաւ նոր ձեւ մը որդեգրելու` զանց առնելու համար պատահականութիւնները: Ապա քննուեցաւ Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան կողմէ պատրաստուած ուղղելու թղթածրարը, որուն հիման վրայ կատարուեցան առաջարկներ ներկաներուն կողմէ: Հանդիպումը կարեւոր նկատեց նաեւ նորաձեւ աշխատանքի եւ արագ միջոցառումներու կարելիութիւնը` նպաստելու համար համայնքի ծառայութեան աշխատանքներուն:

Հուսկ, վարչութեան ատենապետուհի Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեան իր փակման խօսքին մէջ նշեց, որ հաւաքաբար գործակցելով` կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ հայ ժողովուրդի ծով կարիքներուն: Ան յայտնեց, որ վարչութիւնը պիտի ուսումնասիրէ ներկայացուած հարցերն ու առաջարկները` կորիզներ կազմելու համար իւրաքանչիւր աշխատանքի եւ ծառայութեան ծիրերուն մէջ:

Նախորդը

Մահ Կամ Ազատութիւն

Յաջորդը

Նկարիչ Արամ Յովհաննէսեանի Կորուստը

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում
Գաղութային

Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում

Հոկտեմբեր 28, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?