Երէկ` հինգշաբթի, 3 փետրուար 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը աւելի քան ժամ մը հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի հետ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Հանդիպումին ներկայ էր դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատու Էթան Լինչը:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքին վրայ: Այս շրջագիծին մէջ տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին միջեւ: Անոնք շեշտեցին յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման, ինչպէս նաեւ ընկերային-տնտեսական կեանքը բարելաւումի առաջնորդող հոլովոյթներու կարեւորութիւնը: