Հինգշաբթի, 20 յունուար 2022-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի կրթութեան նախարար Ապպաս Հալապի:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան առաւելաբար կրթութեան նախարարութեան աշխատանքներուն առնչուած ծրագիրները: Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան պարզած ներկայ կացութեան` նկատի ունենալով, որ վեհափառ հայրապետը միջկրօնական ծիրին մէջ մօտէն ճանչցած է նախարար Հալապին:



