Շաբաթ, 29 յունուար 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազեն: Դեսպանը վեհափառ հայրապետին պարզեց Վատիկանի կատարած աշխատանքները Լիբանանի գծով, յատկապէս 1 յուլիս 2021-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումէն ետք:
Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած շարք մը հարցեր:
Յայտնենք, որ յառաջիկայ օրերուն Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար կարտինալ Քալակար պիտի այցելէ Լիբանան: