Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարգանքի Երեկոյ` Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի Յիշատակին

Յունուար 28, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

10 դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7.00-ին, Լիբանանանահայ գրական շրջանակի կազմակերպութեամբ, Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 21 օգոստոս 2021-ին յանձնառու հրապարակագիր եւ իրաւաբան մեթր Գասպար Տէրտէրեանի յիշատակին նուիրուած յարգանքի երեկոյ:

Հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով բացման խօսքը արտասանեց Լիբանանահայ գրական շրջանակի նախկին ատենադպիր Անի Քեստենեան-Պասեթ, որ ըսաւ, թէ շապինգարահիսարցի մեթր Տէրտէրեան գիտակից պահանջատէրի հանգամանքով իր կեանքը նուիրեց տարագիր արեւմտահայութեան անժամանցելի արդար դատի միջազգայնացումին, անիրաւուած ժողովուրդներու եւ խոնարհ մարդոց դատերու պաշտպանութեան: Ըստ անոր, Գ. Տէրտէրեան հաւատարիմ ուղեւորը եղաւ իր միջազգայնական գաղափարականին, ծառայեց համաշխարհային խաղաղութեան, արդարութեան` ընդդէմ շահագործումի եւ գերեվարումի, ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքին, այր մարդու եւ կնոջ իրաւահաւասարութեան, հայ եւ արաբ ժողովուրդներու համարկումին` յանուն իրենց արդար դատերու լուծման:

Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ անդրադարձաւ Գ. Տէրտէրեանի բարձր գնահատանքին` Հայկազեանի առաքելութեան, ուր ան «հպարտօրէն ունեցաւ ելոյթներ եւ կազմակերպեց հանդէսներ», յատկապէս` 2003 թուականէն ետք, երբ Լիբանանահայ գրական շրջանակը կորսնցուց Սփիրզ փողոցի իր կեդրոնը: Վեր. Հայտոսթեան ըսաւ. «Փնտռուած են` մաքուր գրիչ շարժողները, համոզումի տէր կանգնողները, անձի շահէն աւելին ցանկացողները, սերտուած խօսք արտասանողները, անցեալով զինուած ապագայ երազողները, իրաւազրկուած ժողովուրդներու արդար դատերը անշահախնդրօրէն պաշտպանողները, ընդհանրութիւններու այս դարուն մասնագիտականը մշակողները: Երբեմն սահմանները անցնող, անկեղծ զգացումով բռնկող, երբեմն կտրուկ դատող, բայց մի՛շտ անսպառ միտքեր արտայայտելով եւ իր նիւթերուն անկեղծօրէն մօտեցող մեթրի` արեւմտահայութեան ու հայ ինքնութեան այս զինուորին յիշատակին կը մօտենամ բարձր յարգանքով: Պատի՛ւ անոր քաղցր յիշատակին»:

Դեմոկրատ իրաւաբաններու համաշխարհային լիկայի գործադիր մարմինին անունով խօսք առաւ Լիբանանեան համալսարանի միջազգային օրէնքի դասախօս դոկտ. Հասան Ժունի, որ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց «Դեմոկրատ իրաւաբաններու առաջին սերունդին պատկանող» համեստութեան եւ պարկեշտութեան տիպար մեթր Գ. Տէրտէրեանը` Արաբ-հայ միջազգային Խորհուրդին հիմնադիրներէն մէկը: Դոկտ. Ժունի ըսաւ. «Իր ժողովուրդին եւ հայրենիքներուն հոգը կրած` մեկնեցաւ մարտնչող ընկերը: Առաջնակարգ մտաւորականը, Լիբանանահայ գրական շրջանակի նախագահը չթողուց գրիչը, ոչ ալ գրիչը` զինք: Հայ, պաղեստինցի եւ միջազգայնական մարտիկ էր ան հաւասարապէս: Անոր միջազգայնականութիւնը կը բխէր հայրենասիրութենէն: Ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքին համար մարտնչող զինուորը իր կեանքը նուիրեց հայ ժողովուրդի դատին, զոր չէր անջատեր պաղեստինեան դատէն: Միջազգային օրէնքի եւ ազատ ինքնորոշման իրաւունքի լոյսին տակ, իրաւագիտական ուսումնասիրութիւններով բացատրեց Հայ դատը, Սեւրի եւ Լոզանի դաշնագրերն ու Արեւմուտքի պատասխանատուութիւնը` Մեծ եղեռնին: Դրամատիրութեան, գաղութարարութեան, կայսերապաշտութեան եւ մարդուն կողմէ մարդու շահագործումին դէմ յեղափոխականն էր ան, որ հետեւեցաւ պայքարի ոլորապտոյտի ընկերներուն` Յովհաննէս Աղպաշեանի եւ Միշէլ Լայեունի ուղիին: Փաստաբանութեան ասպարէզը իր զէնքն էր` ընդդէմ անիրաւներուն եւ շահագործողներուն: Փաստաբաններ Էտմոն Աունի եւ Նախլէ Մութրանի հետ բացած իր գրասենեակը ապաստանն էր անիրաւուածներուն…»: Դեմոկրատ իրաւաբաններու անունով դոկտ. Ժունի ուխտեց շարունակել պայքարի երթը:

Հրապարակագիր եւ կրթական մշակ Պարոյր Աղպաշեան իր խօսքով անդրադարձաւ մեթրին անհատականութեան` նշելով, որ ան իր հայրենասիրութեամբ եւ ազգապաշտութեամբ, քաղաքական ու գաղափարական հայեացքներով, համոզմունքներով ու հաւատամքով, տեսիլքներով ու գործարարութեամբ դարձած էր աչքառու ներկայութիւն մը: «Անդրդուելի եւ անզիջող, անտեղիտալի եւ աննահանջ վճռակամութիւններով համակուած Գասպարը միշտ ալ գտնուած էր յառաջադէմ դիրքերու վրայ, անհատական թէ հաւաքական պահանջատիրութեանց պարագային, ատոնք ըլլան փաստաբանական թէ իրաւագիտական գետնի, ազգային թէ քաղաքական մակարդակներու վրայ: Իսկ Հայ դատի հետապնդումը անոր համար այնպիսի հաստկեկ փաթեթ մըն էր, որուն նկատմամբ ԱՄԲՈՂՋ ԹՂԹԱԾՐԱՐ մը պատրաստած էր ու կը շարունակէր զայն համադրել, ձեւաւորել ու համակարգել` խորապէս հաւատալով իր թեզին այժմէականութեան եւ լիիրաւութեան»:

Պ. Աղպաշեան նշեց, որ Գ. Տէրտէրեանին համար հայ մարդը, Հայ դատը, հայրենիքն ու գաղափարաբանութիւնը սրբագոյն հասկացողութիւններ էին: Իւրայատուկ պայծառատեսութեամբ օժտուած տիպարը խրոխտօրէն մնաց ազգային ծառայութեան նուիրուած գործիչը: Հայ դատի հետապնդումը եղաւ իր գերագոյն սեւեռակէտը, որուն մասին արտայայտուեցաւ իրեն ծանօթ լեզուներով:

ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր եւ բանաստեղծ Համբիկ Մարտիրոսեան դիտել տուաւ, որ խիզախ ու մարտնչող նկարագրի տէր ազգային-քաղաքական գործիչ մեթր Գ. Տէրտէրեանը աշխարհը տեսաւ իր իւրայատուկ պատուհանէն եւ լայն կարկինով ընդգրկեց հայը, հայրենիքը, Հայ դատն ու անմիջական շրջապատը: Ան հանդիսացաւ յետեղեռնեան սերունդի վաւերական հրապարակագիրը, որ մօտէն ապրեցաւ իր ժողովուրդին կոտտացող ցաւը, տառապանքը եւ տարագիր հայրենազուրկի հոգեվիճակը: «Մոլի ընթերցող եւ յամառ ինքնաշխատող ըլլալով` ան ծանօթացած է պատմութեան ծալքերուն ու նաւարկած` քաղաքական ասպարէզի ոսկիանոսին մէջ, հարստացնելով հայ մամուլի էջերը… Տէրտէրեանի բոլոր յօդուածներուն, խոհափիլիսոփայական ակնարկներուն մեծամասնութիւնը կրած է ազգային-հայրենասիրական մաքուր խորք ու համամարդկային գաղափարախօսութիւն»: Ըստ Մարտիրոսեանի, Գ. Տէրտէրեան ծնած էր խմբագիր, հրապարակագիր, հրապարակախօս եւ ազգային-հասարակական գործիչ: մեթր Տէրտէրեան մամուլի մէջ քննարկած է ժողովուրդներու ընկերային-քաղաքական ազատութեան հարցերը, հայ-արաբ բարեկամութեան զարգացման հնարաւորութիւնները, ժողովուրդներու եղբայրութիւնը` իրաւունքի եւ հաւասարութեան հիմքի վրայ: Ան շեշտեց, որ Մեթր Տէրտէրեան յարգուեցաւ նոյնիսկ իր գաղափարի հակառակորդներէն` շնորհիւ իր լայն զարգացումին ու խոհականութեան, խիզախ կեցուածքին եւ աննկուն նկարագրին: Ան թուարկեց վերջին տասնամեակներուն մեթրին լոյս ընծայած գիրքերը:

Մեթր Տէրտէրեանի հարազատներէն` Գառնիկ Վ. Սարգիսեանի ակամայ բացակայութեան պատճառով ընտանիքին խօսքը կարդաց Աւետիս Տիպան` յայտնելով երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան անկեղծ զգացումները, յատկապէս` Լիբանանահայ գրական շրջանակի վարչութեան եւ Հայկազեան համալսարանի տնօրէնութեան:

Բանախօսութիւններուն միջեւ ներկայացուեցան մեթր Գ. Տէրտէրեանի նախասիրած կտորներէն նմուշներ` համադրութեամբ մայեսթրօ Վիգէն Չալեանի եւ կատարողութեամբ Նանոր եւ Նայիրի Առնէլեաններու (Կոմիտաս` «Քելէ, քելէ», «Գարուն ա», դաշնամուր եւ սրինգ), Ծաւի եւ Սալբի Թորիկեաններու (Կոմիտաս` «Կռունկ», ջութակ եւ դաշնամուր), Մանէ Պասմաճեանի (Կոմիտաս-Անդրէասեան` «Ծիրանի ծառ», դաշնամուր) եւ Ահմատ Հաժի (Բաբաջանեան` «Իմ սիրտը լեռներում Է», շեփոր):

Երեկոն փակուեցաւ Մեթր Գ. Տէրտէրեանի քրոջ որդի` բեմադրիչ Պետրոս Գ. Թեմիզեանի  պատրաստած տեսանիւթով:

* * *

Այս առիթով հրատարակուեցաւ մեթր Գ. Տէրտէրեանի յիշատակին նուիրուած հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով 56 էջերէ բաղկացած գրքոյկ մը (պատրաստութիւն` Անի Քեստենեան-Պասեթի, էջադրում` Հուրի Քեստենեանի), որ կ’ընդգրկէ անոր ինքնակենսագրութեան համադրումը, գործերուն մատենագիտական ցանկը (պատրաստութիւն` Կարօ Աբրահամեանի), Լիբանանահայ գրական շրջանակի երախտիքի խօսքը եւ հանրածանօթ մտաւորականներու, խմբագիրներու եւ հարազատներու վկայութիւնները:

Նախորդը

Հայ Գրականութիւնը Ժամանակակից Ձեւաչափով

Յաջորդը

Ռոպինսոն Քրուզոն Այլեւս Մերժելի՞

RelatedPosts

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին
Գաղութային

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին

Մայիս 10, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 8, 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական  Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?